Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» Թատերախումբի «Դող` Սիրտը Գող» Կատակերգութեան Ներկայացումներու Փորձերը Ընթացքի Մէջ Են

October 6, 2026
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը 9, 10 եւ 11 հոկտեմբեր 2026-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացնէ «Դող` սիրտը գող» կատակերգութիւնը: Հեղինակ` Տարիօ Ֆօ: Ներկայացումին նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են եւ աւարտական փուլին հասած են:

Ներկայացումին եւ աշխատանքներուն մօտէն ծանօթանալու համար «Ազդակ» հանդիպում մը ունեցաւ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեանի հետ, որ ըսաւ, թէ այս օրերուն գաղութը ընդհանրապէս մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի եւ դժուար օրերու մէջ է, եւ հակառակ այս կացութեան` կազմակերպութիւններն ու կառոյցները իրենց կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ, երբեմն գոհացուցիչ եւ երբեմն ալ` ոչ, կը փորձեն իրենց առաքելութիւնը իրականացնել, եւ նշեալ միութիւններուն շարքին են թատերախումբերը: Ան աւելցուց, որ այսօրուան կացութեան մէջ պէտք է հարց տալ, թէ ժողովուրդը որքանո՞վ թատերական ներկայացումներէն գոհ կը մնայ եւ որքանո՞վ ներկայացուած նիւթերուն վերաբերեալ քաջալերական տրամադրութեան մէջ է:

Տեմիրճեան յայտնեց, որ թատերական գործը բազմաթիւ այլ մարզերէ առաւել եւս դժուար է, որովհետեւ եթէ ժողովուրդին բազկերակը ճիշդ չշօշափուի, ապա ներկայացումը չ՛ունենար համապատասխան ընկալումը, նկատի առնելով, որ այսօրուան պայմաններուն մէջ հանդիսատեսը բարդ ներկայացումի փնտռտուքի մէջ չէ, որովհետեւ ինքնին կեանքի պայմանները օրէ օր կը բարդանան: Ան աւելցուց, որ այս տրամադրութիւններէն մեկնած` «Գ. Իփէկեան»-ի վարչութիւնը որոշեց այս անգամ ընկերային նիւթով կատակերգութիւն ներկայացնել, որպէսզի աւելի դիւրին ընկալուի, եւ այս մէկը պէտք չէ դիտել սկզբունքներէ հրաժարում, որովհետեւ նախ եւ առաջ կատակերգութիւնը թատրոնին մաս կը կազմէ, եւ ապա եթէ այս քայլը պիտի նպաստէ, որ աւելի մեծ թիւով մարդիկ թատրոն ներկայանան, ապա այս մէկը կապ ստեղծելու լաւագոյն միջոցն է:

Խօսելով թատերական կեանքի ծրագիրներուն մասին` Մարտիկ Տեմիրճեան ըսաւ, որ անցող շրջանին կարելի չեղաւ Լիբանան հրաւիրել Հայաստանէն Համազգայինի թատրոնը, ինչ որ նաեւ անցեալին մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէր, ինչպէս նաեւ ծրագիր գոյութիւն ունէր այս ներկայացումը նաեւ խաղալ քանատահայ հանդիսատեսներուն դիմաց, Քանատայի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, ինչ որ կամքէ անկախ պատճառներով չիրականացաւ: Իր խօսքի աւարտին Տեմիրճեան յայտնեց, որ ուրախութիւն է գաղութի թատերական տարեշրջանը սկսիլ «Գ. Իփէկեան»-ի «Դող` սիրտը գող» կատակերգութեան ներկայացումով` յուսալով, որ լիբանանահայ թատերախումբերը կը շարունակեն եւ ի հարկին կը ծաւալեն իրենց աշխատանքները:

Իսկ թատերախումբի բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան «Ազդակ»-ին ըսաւ, թէ այս ներկայացումով կ՛ուզեն, որ հանդիսատեսները խնդան, ուրախ մթնոլորտի մէջ ըլլան, որպէսզի Լիբանանի ճնշիչ մթնոլորտէն պահ մը դուրս ելլեն: Ան ըսաւ, որ թատրերգութեան ընտրութենէն ետք մեծ խանդավառութեամբ սկիզբ առին փորձերը, կարճ ժամանակ ետք իւրաքանչիւրը իր անձնական աշխատանքներով զբաղեցաւ, դանդաղեցաւ ընթացքը, ապա երբ Քանատայի Համազգայինի Շրջանային վարչութենէն հրաւէր ստացանք անցեալ տարի ներկայացուած Վաչէ Ատրունիի «Աթլանթիս» ներկայացումը եւ այս ներկայացումը խաղալու Քանատայի մէջ, այս մէկը նոր շունչ տուաւ: Ան աւելցուց. «Քանատայէն ալ ունէինք երկու ներկայացումներէն մէկը կատակերգութիւն բեմականացնելու առաջարկը, պատրաստեցինք, սակայն դժբախտաբար Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպանատունը յայտնեց, որ վիզա պիտի չստանանք երկրի ծանօթ պայմաններուն պատճառով: Նորէն խաղալ-չխաղալու վիճակ մը ստեղծուեցաւ, բայց որոշեցինք հո՛ս խաղալ` յուսալով, որ այս ներկայացումներէն ետք առիթ կ՛ունենանք այլ երկիր ներկայացում կատարելու, եւ արդէն մեծ թափով փորձերը ընթացք առած են եւ իրենց վերջին փուլին հասած են:

Աւարտին Տէր Ղուկասեան յոյս յատնեց, որ խնդուքով կ՛ընկալուի «Դող` սիրտը գող» ներկայացումը, որուն նիւթը կը ներկայացնէ ամուսնացած երկու զոյգեր, որոնք սիրականներ ունին, յանկարծ մէջտեղ կ՛ելլէ, որ մէկը միւսին ամուսինն ու կինն է, եւ այստեղ գողի մը ներկայութիւնը կ՛օգտագործուի կացութիւնը փրկելու, մինչ գողին կնոջ ներկայութիւնը հարցը աւելի կը բարդացնէ…

Յայտնենք, որ այս ներկայացումին դերասաններն են` Ժան Պէքէրէճեան, Սարին Պագգալեան, Վարդան Ազնաւուրեան, Անի Պարիկեան, Դալար Արսլանեան, Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան եւ Մելիք Պետրոսեան:

Նախորդը

Սփիւռք. Քննարկումէն Եւ Ախտաճանաչումէն` Դէպի Նոր Մեկնարկ

Յաջորդը

Ապրուած Օրեր. Զ. Երկու Ապրիլ 24

RelatedPosts

«Այս Ժապաւէնին Մէջ Դրել Եմ Իմ Ամբողջ  Զգացական Աշխարհս, Ապրումներս, Ցաւս Եւ Յոյսս», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան
Հարցազրոյց

«Այս Ժապաւէնին Մէջ Դրել Եմ Իմ Ամբողջ Զգացական Աշխարհս, Ապրումներս, Ցաւս Եւ Յոյսս», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան

September 26, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
«Գաղափարական Պայքարի Դրօշը Դեռ Պէտք Է Երկար Փողփողայ Իր Բարձունքին Վրայ»
Հարցազրոյց

«Գաղափարական Պայքարի Դրօշը Դեռ Պէտք Է Երկար Փողփողայ Իր Բարձունքին Վրայ»

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.