Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը 21-30 սեպտեմբերին հիւրախաղերով ելոյթ ունեցաւ Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջ` ներկայացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-րդ տարեդարձին նուիրուած համերգային ծրագիր: Խմբավար Սիփան Օլահի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ տեղի ունեցած այս համերգներուն իբրեւ մենակատար ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան, որուն հետ «Ազդակ» ունեցաւ հետեւեալ հարցազրոյցը:

«ԱԶԴԱԿ».- 21-30 սեպտեմբերին  Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբին հետ, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ խմբավար Սիփան Օլահի (Մեծն Բրիտանիա), ելոյթներու մասնակցեցաք` իբրեւ մեներգչուհի, Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջ:

Հետաքրքրական է կամրջումը` սփիւռքահայ մեներգչուհի մը կը միանայ Հայաստանի խումբին եւ կը մեկնին արտերկիր: Ինչպէ՞ս եղաւ այս գործակցութիւնը, ձեր ընտրութիւնը` իրենց միանալու:

ՇՈՂԻԿ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբին հետ գործակցութիւնը ինծի համար թէ՛ մեծ պատիւ է եւ թէ՛ մեծ մասնագիտական կարեւոր առիթ մը: Մայսթրօ Սիփան Օլահի եւ նուագախումբին կողմէ հրաւիրուիլը` մասնակցելու Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջ տեղի ունենալիք այս շրջագայութեան, ինծի համար անշուշտ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունէր: Իբրեւ լիբանանահայ երգչուհի` տարիներ շարունակ փորձած եմ իմ արուեստովս կամուրջներ ստեղծել Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ` հայ երաժշտութիւնը ներկայացնելով տարբեր երկիրներու մէջ: Հետեւաբար այս նախաձեռնութիւնը ինծի համար բնական շարունակութիւն էր այդ ուղիին, այդ որոշումին, որ ընդհանրապէս կ՛ուզէի իրականացնել, բայց միաժամանակ նոր հորիզոններ բանալու առիթ մըն էր: Այս շրջագայութիւնը նուիրուած էր Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակին, ինչ որ կու տար առանձնայատուկ խորհուրդ մը: Ինծի համար մեծ պատասխանատուութիւն եւ հպարտութիւն էր նաեւ մասնակցիլ այս նախաձեռնութեան, որուն միջոցով Հայաստանի երաժշտական մշակոյթը պիտի հնչէր Ասիոյ բեմերուն վրայ: Կը կարծեմ, թէ այսպիսի համագործակցութիւն մը կը փաստէ, որ երաժշտութիւնը կրնայ միացնել Հայաստանի եւ սփիւռքի արուեստագէտները` անկախ իրենց բնակած երկրէն: Անշուշտ երբ նպատակը նոյնն է` բարձր մակարդակով ներկայացնել մեր մշակոյթը, աշխարհագրական որեւէ հեռաւորութիւն արգելք չի կրնար ըլլալ, եւ այս մէկը կ՛իրականանայ:

«Ա».- Ծրագիրը զուտ հայկակա՞ն էր, թէ՞ նաեւ օտար:

Շ. Թ.- Շրջագայութեան երգացանկը կը ներառէր թէ՛ հայկական եւ թէ՛ միջազգային ստեղծագործութիւններ: Կարեւոր էր, որ ծրագիրը ներկայացնէր հայ երաժշտութեան հարստութիւնը` միաժամանակ ստեղծելով երկխօսութիւն մը անշուշտ, համաշխարհային երաժշտութեան տարբեր ժանրերու միջեւ: Հայ երաժշտութիւնը մեր ինքնութեան անբաժանելի մասն է, եւ այդ մէկը միջազգային բեմերու վրայ ներկայացնելը միշտ նկատած եմ արուեստագէտի իմ պարտականութիւններէս մէկը: Միաժամանակ միջազգային երգացանկը հնարաւորութիւն կու տայ ցոյց տալու երգչուհիին ձայնային եւ գեղարուեստական տարբեր կարողութիւնները եւ անշուշտ ունկնդիրին ծանօթացնելու երաժշտական տարբեր ոճեր: Այս ծրագիրին առանձնայատկութիւններէն մէկն էր նաեւ, որ մայսթրօ Սիփան Օլահ մեծ աշխատանք տարած էր երաժշտական նիւթերու ընտրութեան, պատրաստութեան եւ դասաւորումներու ուղղութեամբ: Ան ստեղծած էր ծրագիր մը, որուն մէջ հայկական եւ միջազգային երաժշտութիւնը կ՛ամբողջացնէին զիրար` ապահովելով բազմազան եւ գեղարուեստականօրէն ամբողջական ներկայացում մը: Անձնապէս կարեւոր էր ինծի համար, որովհետեւ այս ստեղծագործութիւններէն շատեր առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուէին բեմերու վրայ` հետեւաբար երաժշտական նորութիւններ ներկայացնելու արժէքաւոր առիթ մըն էր, եւ այս բոլոր մշակումները պատրաստած էր:Մայսթրօ Սիփան Օլահ: Յայտնեմ, որ դաշնակահարուհին էր Կատարինէ Յովսէփեանը, իսկ մենակատար ջութակահարուհին` Աստղիկ Վարդանեանը:

«Ա.».- Քանի՞ համերգ տեղի ունեցաւ, խօսինք իւրաքանչիւրին մասին մանրամասն: Նոյն ծրագիրնե՞րը ներկայացուեցան:

Շ. Թ.- Շրջագայութեան ընթացքին տեղի ունեցան վեց համերգներ: Երեքը Հնդկաստանի եւ երեքը` Չինաստանի մէջ: Հնդկաստանի մէջ ելոյթ ունեցանք Կալկաթայի, Նիւ Տելհիի եւ Չենայի մէջ, իսկ Չինաստանի մէջ` Զոքշանի, Փեքինի եւ Շանկհայի: Իւրաքանչիւր քաղաք իր մշակութային միջավայրը եւ առանձնայատուկ մթնոլորտը ունէր: Այս վեց համերգներէն իւրաքանչիւրը հնարաւորութիւն տուին, որ հայ եւ միջազգային երաժշտութիւնը ներկայացնենք տարբեր ունկնդիրներու եւ մշակութային շրջանակներու: Հնդկաստանի մէջ համերգները կազմակերպուած էին Հայաստանի դեսպանատան նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, որ մեծ հանգամանք մըն էր, որովհետեւ ծրագիրը կը զուգադիպէր Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակին եւ կը ծառայէր նաեւ այդ յոբելեանը մշակութային նախաձեռնութիւններով նշելու նպատակին: Հնդկաստանի մէջ առաջին բացման համերգը տեղի ունեցաւ Կալկաթայի «Վիքթորիա մեմորիըլ հոլ» պատմական վայրին մէջ, ուր շատ քիչ են առիթները նախաձեռնութիւններ կազմակերպելու, հետեւաբար բացառիկ հնարաւորութիւն մըն էր այս մէկը: Ներկայ էին մշակութային եւ քաղաքական դէմքեր: Երկրորդ համերգը տեղի ունեցաւ Նիւ Տելհիի «Լոթիւս թեմփըլ» սրահին մէջ, որ կախարդական վայր մըն էր, եւ համերգը շատ մեծ արձագանգ ձգեց, իսկ երրորդը Չենայի «Միուզիքըլ աքատեմի»-ի մէջն էր, ուր դարձեալ ներկայ էին բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, եւ հոծ բազմութիւն մը եկած էր այս համերգներուն ունկնդրելու հայ երգն ու երաժշտութիւնը, եւ հայերու կողմէ ներկայացուելիք օտար երաժշտութիւնը: Չինաստանի մէջ ելոյթները յատուկ փորձառութիւն ունէին, մասնաւորապէս` Զոքշանի համերգը, որ բացառիկ էր եւ տեղի ունեցաւ «Զոքշան քալչըր էնտ արթ աքատեմի»-ի շքեղ սրահին մէջ, որ 1800 հոգինոց սրահ էր: Երկրորդ համերգը տեղի ունեցաւ Փեքինի համալսարանին մէջ, որ դարձեալ առանձնայատուկ յիշատակ մը ձգեց, որովհետեւ համալսարանական միջավայրին մէջ երաժշտութեան միջոցով հաղորդակցիլը եւ հայ մշակոյթը ներկայացնելը իսկապէս մեծ նշանակութիւն ունէր: Իսկ մեր վերջին համերգը տեղի ունեցաւ Շանկհայի մէջ, ուր մասնակցեցանք փառատօնի մը, որ մեր շրջագայութեան փակումը եղաւ: Ինչ կը վերաբերի ծրագիրներուն, մեր շրջագայութեան գեղարուեստական առանցքը կը պահպանուէր հայկական եւ միջազգային երգացանկի համադրութեամբ, եւ իւրաքանչիւր համերգի տարբեր երգացանկով ելոյթ ունեցանք: Մայսթրօ Սիփան Օլահի կատարած երաժշտական աշխատանքը եւ պատրաստութիւնները շատ մեծ դերակատարութիւն ունեցան ծրագիրին ամբողջականութեան եւ իւրաքանչիւր ելոյթի գեղարուեստական որակին մէջ:

«Ա.».- Ասիկա առաջին անգամ չէ, որ հայաստանեան խումբի մը հետ ելոյթ կ՛ունենաք, յիշենք ձեր առաջին գործակցութիւնը, նշենք հիմնականները, նաեւ` առանձնացնենք այս վերջինը:

Շ. Թ.- Հայաստանի երաժշտական կեանքին հետ իմ կապս տարիներու պատմութիւն ունի: Կապը սկսաւ 2016-ին, երբ ելոյթ ունեցայ Երեւանի Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ, Հայաստանի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբին հետ: 2018-ին նոյնպէս պատիւը ունեցայ մեծ ելոյթ մը ունենալու Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին հետ` Սերգէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ:

24 փետրուար 2026-ին առիթը ներկայացաւ, որ մենք գործակցինք Հայաստանի ազգային սենեկային նուագախումբին հետ եւ մայսթրօ Սիփան Օլահի ղեկավարութեամբ Երեւանի մէջ ունեցանք ելոյթ մը, որուն յաջորդեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ Ալեքքօ Պէզիկեանի հովանաւորութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի սրահին մէջ ունեցած մեր մեծ համերգը` ղեկավարութեամբ մայսթրօ Սիփան Օլահի, որ նուիրուած էր Ալեքօ Պէզիկեանի կնոջ` Անի Պէզիկեանի յիշատակին: Այս համագործակցութիւնները կարեւոր փուլեր են իմ արուեստի ուղիիս մէջ, սակայն այս վերջին շրջագայութիւնը տարբեր էր իր աշխարհագրական ընդգրկումով եւ խորհրդանշական իմաստով: Արդարեւ, Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակի առիթով կազմակերպուած էր, եւ մեզի առիթ հանդիսացաւ, որ մեր մշակոյթը ներկայացնենք եւ նոր կապեր ստեղծենք: Ինծի համար հպարտութիւն էր մաս կազմել այս ծրագիրին ոչ միայն իբրեւ մեներգչուհի, այլ` իբրեւ լիբանանահայ արուեստագէտ, որ իր մասնակցութեամբ կը ներկայացնէր թէ՛ հայ մշակոյթը եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ կազմաւորուած իր արուեստագէտի ինքնութիւնը:

«Ա.».- Թերեւս հաւանական է, որ շրջակայ երկիրներու մէջ ելոյթներ կազմակերպուին, նաեւ` Հայաստան, սակայն Հնդկաստան եւ Չինաստան` նուազ: Ի՞նչ աւելցուցին այս համերգները ձեր արուեստի ուղիին վրայ:

Շ. Թ.- Իւրաքանչիւր նոր բեմ իր փորձառութիւնը կը բերէ, սակայն Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջ ելոյթ ունենալը ինծի համար տարբեր նշանակութիւն ունէր: Այս երկիրները ունին հարուստ եւ ինքնուրոյն մշակոյթ, աւանդութիւններ, եւ անոնց մէջ հայ երաժշտութիւն ներկայացնելը թէ՛ մարտահրաւէր եւ թէ՛ մեծ պատասխանատուութիւն է: Իբրեւ լիբանանահայ երգչուհի` ես միշտ կը գիտակցիմ եւ կը մտածեմ, որ իմ արուեստովս կը ներկայացնեմ ոչ միայն իմ անձս, այլ` իմ ժողովուրդս, իմ արմատներս եւ այն երկիրը,  ուր ապրած եւ կազմաւորուած եմ: Այս շրջագայութեան ընթացքին կը հպարտանայի, որ առիթը ունէի Լիբանանը ներկայացնելու միջազգային բեմերու վրայ` միաժամանակ իմ մասնակցութիւնս բերելով Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակին նուիրուած այս նախաձեռնութեան: Այս հանգամանքը անշուշտ կրկնակի նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ ես կը պատկանիմ հայ ժողովուրդին, իմ մշակութային ինքնութեամբս կապուած եմ միեւնոյն ժամանակ Լիբանանի, որ իմ հայրենի միջավայրս է եւ իմ արուեստիս ուղիին կարեւոր մէկ մասը: Երբ այս երկու իրականութիւնները իրարու կը միանան միջազգային բեմի վրայ, կը զգամ, որ արուեստս կը դառնայ կամուրջ Հայաստանի, Լիբանանի եւ աշխարհի տարբեր ժողովուրդներու միջեւ:

«Ա.».- Եթէ խնդրենք, որ առանձնացնէք այս համերգներէն մէկը, ո՞ր մէկը կ՛ըլլայ եւ ինչո՞ւ:

Շ. Թ.- Թէեւ վեց համերգներն ալ իրենց յիշատակը եւ նշանակութիւնը ունին, սակայն եթէ ստիպուած ըլլամ առանձնացնելու մէկը, պիտի ընտրեմ «Զոքշան քալչըր էնտ արթ աքատեմի»-ի սրահին մէջ ունեցած մեր ելոյթը: Ինչպէս նախապէս ըսած էի, որ կան վայրեր, որոնք  հեռաւորութեան, դժուարութեան կամ իրենց խորհրդանշական իմաստով անհասանելի կը թուին մեզի, բայց երբ արուեստի շնորհիւ կը յայտնուիս այդ վայրերու մէջ, կը հասկնաս, որ տարիներու աշխատանքը, նուիրումը եւ հաւատքը կրնան անհնար թուացող երազանքներդ իրականութիւն դարձնել: Նոյնպէս ալ կրնամ ըսել, որ Փեքինի համալսարանին մէջ ալ երգելը ինծի համար մեծ ուրախութիւն էր, ուր տեսայ հայ ունկնդիրներ, որը շատ ազդեցիկ էր: Մանաւանդ Չինաստանի վերջին համերգին, երբ կը տեսնէի դիմացս հայեր, անշուշտ` թիւով շատ քիչ, որոնք արցունքոտ աչքերով հետս կ՛երգէին, այս մէկը ինծի համար մեծ յեղաշրջում մը եղաւ եւ կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով երգած ժամանակս ես ալ յուզուեցայ եւ սկսայ լալ եւ ստիպուեցայ քանի մը երկվայրկեան կանգ առնել, ապա ուժերս հաւաքել եւ շարունակել երգը: Կը կարծեմ, թէ արուեստագէտի մը համար ամէնէն գեղեցիկ զգացումներէն մէկն է` գտնուիլ նման վայրերու մէջ եւ զգալ, որ արուեստը զինք հասցուցած է այնպիսի վայրեր, որոնց մասին տարիներ առաջ միայն կրնար երազել:

«Ա.».- Այս նախաձեռնութեամբ համագործակցութեան նոր ուղիներ կը բացուի՞ն ձեզի համար` իբրեւ մեներգչուհի:

Շ. Թ.- Կը հաւատամ, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններ նոր դռներ կը բանան եւ համագործակցութեան նոր հեռանկարներ կը ստեղծեն: Երբ միջազգային բեմի վրայ կը ներկայանաս, կը ծանօթանաս նոր մշակութային միջավայրերու, նոր երաժիշտներու եւ նոր ունկնդիրներու, եւ այդ հանդիպումները անշուշտ կրնան ապագայ ծրագիրներու հիմքը դառնալ: Այս շրջագայութիւնը կարեւոր էր, որովհետեւ կը կարծեմ, թէ այս յաջող համերգներու շարքը շարունակական համագործակցութիւններու սկիզբ պիտի դառնայ: Կ՛ուզեմ ըսել, որ ապագային պիտի ըլլան նոր առիթներ` Հայաստանի, Լիբանանի եւ այլ երկիրներու երաժիշտներու հետ համատեղ ծրագիրներ իրականացնելու եւ հայ երաժշտութիւնը նոր բեմերու վրայ ներկայացնելու: Իմ արուեստի այս ուղիիս ընթացքին միշտ փորձած եմ բեմական գործունէութիւնս միացնել իմ կրթական եւ  մշակութային աշխատանքիս: Իբրեւ երգչուհի եւ երգեցողութեան ուսուցչուհի` երաժշտութիւնը ինծի համար միայն կատարում չէ, այլեւ գիտելիք փոխանցելու, նոր սերունդներու մէջ արուեստի հանդէպ սէր արթնցնելու եւ մեր մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու միջոց մըն է: Եթէ այս շրջագայութիւնը նոր համագործակցութիւններու սկիզբ դառնայ, պիտի ուզեմ, որ անոնք ունենան ոչ միայն գեղարուեստական, այլ մշակութային եւ կրթական շարունակականութիւն: Վերջապէս, կ՛ուզեմ ընդգծել, որ ինծի համար մեծ հպարտութիւն էր միջազգային բեմերու վրայ հանդէս գալ` իբրեւ լիբանանահայ երգչուհի, ներկայացնել մեր մշակոյթը եւ Լիբանանի անունը: Կը փափաքիմ շարունակել այս ուղին` համոզուած ըլլալով, որ երաժշտութիւնը սահմաններ չի ճանչնար, իսկ հայ արուեստագէտին ձայնը կրնայ հասնիլ աշխարհի ամէնէն հեռաւոր անկիւնները:

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (19 Հոկտեմբեր 2026)

Յաջորդը

Ապրուած Օրեր. Թ. Մայրս Եւ ԼՕԽ-ի Իր Ընկերուհիները

RelatedPosts

Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.