Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյց «Մեղու» Առցանց Ձեռնարկի Հիմնադիր Վահան Կ. Մանճիկեանի Հետ

«Ճանապարհը Քալելով Կը Հարթուի»

Զրուցեց` ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնած հարցազրոյցներու «Դիմապատկեր» շարքով Հերմինէ Աւագեանը  հետեւեալ զրոյցը կատարած է «Մեղու» ձեռնարկի հիմնադիր, «Ազդակ»-ի երիտասարդ յօդուածագիրներէն Վահան Կ. Մանճիկեանին հետ, որ խօսած է իր անձնական նախաձեռնութեամբ ծնունդ առած եւ նոյն ձեւով ալ գոյատեւող եւ զարգացող, հայկական բարբառներու պահպանման նպատակ հետապնդող «Մեղու»-ին մասին:

Կը հրապարակենք հարցազրոյցը` «Մեղու» ձեռնարկին կարեւորութեան, զայն աւելի ընդարձակ լսարանի հասանելի դարձնելու եւ նման կարեւոր նախաձեռնութեան մը քաջալեր հանդիսանալու նպատակով:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչո՞ւ հէնց «Մեղու»: Անուան մէջ կարծես քանի մը խորհրդանիշ կայ` աշխատասիրութիւն, հաւաքել, պահել, մէկ տեղէն միւսը տեղափոխել: Ի՞նչ իմաստ դրած էք այդ անուան մէջ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ճիշդ գուշակեցիք, որ «Մեղու»-ն ինծի համար նախ եւ առաջ ժրաջան աշխատողի խորհրդանիշ է: Սակայն կարեւորագոյն խորհրդանիշը մեկուսի մեղուն չէ, այլ մեղուներու փեթակը, մեղուներու խումբը` պարսը: Մեղուափեթակը ինծի համար հաւաքական աշխատանքի կաղապար է:

Հայերէնը (իր բոլոր դրսեւորումներով) պահպանելու, կենսունակ եւ կենդանի պահելու համար, կարծեմ, անհրաժեշտ է այդպիսի համագործակցութիւն` բոլոր հայերուն միջեւ, ո՛ւր ալ ըլլան: Մէկը կրնայ պրպտել, ուրիշ մը առաջարկել, այլ անձ մը ձայնագրել, խօսիլ բարբառով, չորրորդը` վերծանել, ուսումնասիրել, տարածել եւն…

Մեղուն նաեւ ծաղիկ չի ստեղծեր: Ան կ՛երթայ ծաղիկէ ծաղիկ, կը հաւաքէ այն, ինչ արդէն գոյութիւն ունի, կը բերէ մէկտեղ, մեղրի կը վերածէ եւ կը պահպանէ, կը վաւերագրէ` կարծէք:

Հ.- «Մեղու»-ն աւելի շատ սէրէ՞ն, անհանգստութենէ՞ն, թէ՞ կորուստի վախէն ծնունդ առած է:

Պ.- Երեքէն: Բայց ամէնէն առաջ` սէրէն: Եթէ չըլլար սէրը հայերէնին եւ անոր տարբեր դրսեւորումներուն նկատմամբ, երեւի չէր յառաջանար նաեւ անհանգստութիւնն ու կորուստի վախը, եւ հետեւաբար` «Մեղու»-ն ստեղծելու գաղափարը:

Երբ քեզի համար որեւէ բան արժէք ունի, բնական է, որ անոր ապագան քեզ կը մտահոգէ: Այդպէս ալ անհանգստութիւնը սէրէն ծնած է: Իսկ կորուստի վախը այդ անհանգստութեան մէկ այլ դրսեւորումն է. երբ կը գիտակցիս, որ լեզուի մը կամ անոր մէկ դրսեւորման գոյութիւնը այլեւս ինքնաբերաբար ապահովուած չէ, կը սկսիս մտածել, թէ ի՛նչ պիտի մնայ, եթէ այսօր չարձանագրենք, չուսումնասիրենք եւ չփոխանցենք զայն:

Բայց «Մեղու»-ն չեմ ուզեր պատկերացնել որպէս վախի կամ կորուստի արձագանգ միայն: Աւելի կարեւոր է այն միտքը, թէ մենք ունինք բան մը, որ կ՛արժէ պահպանել:

Ուստի, եթէ անպայման այս երեքէն մէկը պէտք է առաջնահերթ համարել, ուրեմն «Մեղու»-ն ծնած է սէրէն:

Հ.- Ինչպէ՞ս ընտրեցիք այն բարբառները, զորս պիտի ներկայացուէին հարթակին վրայ: Քեսապը, Արցախը եւ միւս բարբառները ի՞նչ ընդհանուր բան ունին` բացի անկէ, որ հայկական են:

Պ.- Անկեղծ ըսած, ես չընտրեցի բարբառները, կարծես անոնք ընտրեցին վաւերագրուիլ:

Երբ որ տեսայ, թէ Քեսապի բնակչութիւնը կամաց-կամաց կը նօսրանայ, ըլլայ այժմ` արտագաղթի իբրեւ հետեւանք, կամ տասնեակ տարիներ շարունակ զանազան պատճառներով (ջարդերը` Ատանայի ջարդերը, Հայոց ցեղասպանութիւն, Մեծ հայրենադարձութիւն եւ այլն…), ու բարբառը այլեւս սերունդէ սերունդ բնական ընթացքով չի փոխանցուիր ինչպէս առաջ, եւ այդտեղ մնացած բնակչութիւնն ալ գրական արեւմտահայերէնի ձեւաւորուելէն ի վեր Քեսապի բարբառը այդքան ալ չ՛օգտագործեր, եւ այս բարբառը մէկ կողմ մղուեցաւ ու սկսաւ ժամանակի ընթացքին նահանջել, մտածեցի, որ կարիք կայ զայն վաւերագրելու, պահպանելու:

Միջսերնդային փոխանցումին պէտք էր օժանդակէր արհեստագիտութիւնը` նոր սերունդին, կամ ոեւէ սորվիլ փափաքողի փոխանցելով բարբառը:

Իսկ Արցախի բարբառը «Մեղու»-ի մէջ մտաւ յատկապէս 2020 թուականէն ետք: Երբ Երեւանի մէջ կը հանդիպէի արցախցիներու, յատկապէս` մանուկներու, որոնք, հակառակ անոր որ կառչած են իրենց բարբառին, սակայն մնացածին հետ կը խօսին արդէն արարատեան դաշտի բարբառով: Այն ատեն հասկցայ, որ Արցախի բարբառը արդէն իր բնական միջավայրէն վտարուած, վտանգի տակ է, ու պէտք էր բան մը ընել:

Հաճնոյ բարբառը քիչ մը այլ կերպ յայտնուեցաւ: Հաճընցիներն իրենք կապուեցան ինծի` հաճընցի կին մը (մեղու մը) առաջարկեց, որ Հաճնոյ բարբառը եւս վաւերագրենք:

Այստեղ դժուարութիւնն այն է, որ բարբառին լաւ տիրապետողներուն թիւը շատ փոքր է, բարբառը այնքան նահանջած է, որ հասած է շիջումի եզրին, մանաւանդ որ իր դիրքերը կը զիջի ո՛չ միայն գրական հայերէնին (արեւմտահայերէնին), այլեւ` աշխարհի խոշորագոյն լեզուներուն եւս:

Եթէ հնարաւորութիւն ըլլայ, ես կ՛ուզեմ ու պատրաստ եմ վաւերագրել հայերէնի որեւէ բարբառ:

Հ.- Տեսանիւթերուն մէջ բարբառային խօսքը կը թարգմանուի նաեւ: Որո՞ւ համար է այդ թարգմանութիւնը` անո՞ր, որ չի հասկնար բարբառը, թէ՞ ապագայ սերունդի, որ գուցէ այլեւս չկարողանայ խօսիլ այդ բարբառով:

Պ.- Բարբառային խօսքի կողքին, անպայման կը տեղադրեմ գրական հայերէնի փոխարկուած (այս պարագային թարգմանութիւն բառը չեմ գործածեր) տարբեր պատճառներով. մէկ կողմէն, ճիշդ գուշակեցիք, թէ փոխարկումը նախատեսուած է առաջին հերթին անոր համար, որ հետաքրքրուած է տուեալ բարբառով, բայց չի կրնար անմիջապէս հասկնալ զայն, ըլլայ ապագայ սերունդներէն, որոնք բարբառակիրներու շառաւիղներ են, բայց` հեռացած բարբառէն: Նաեւ նախատեսուած է հետազօտողներու համար, որոնք բարբառին կը մօտենան գիտութեան տեսանկիւնէն միայն:

Քանի որ ամէն մէկ բարբառ ունի իւրայատուկ հնչերանգ, արտասանութիւն եւ կշռոյթ, կ՛ուզեմ, որ «Մեղու»-ն դառնայ ձայնային շտեմարան մը` ի լրացում գիտական գրաւոր աշխատանքներուն:

Ես կ՛ուզեմ, որ մարդը կարենայ լսել բարբառը, տեսնել գրական հայերէնի անոր գրաւոր փոխանցումը եւ աստիճանաբար մօտենալ հնչող արտասանութեան:

Միւս կողմէն ալ կը տեսնէք, թէ փոխարկումը կը կատարուի միայն գրական արեւմտահայերէնի եւ անպայմա՛ն աւանդական ուղղագրութեամբ, որպէսզի գրական արեւմտահայերէնը ըլլայ ուսումնասիրութեան գործիք, եւ ոչ միայն պարզապէս ուսումնասիրութեան առարկայ: Այո՛, սահմանափակուած բարբառագիտութեան մէջ, սակայն լրագրութեան, խօսակցութեան, թատրոնի եւ գրականութեան սահմանէն դուրս կիրարկելու համար եւս…

Հ.- Կարո՞ղ է ժամանակակից արհեստագիտութիւնը փրկել բան մը, զոր մարդիկ առօրեայ կեանքի մէջ այլեւս չեն օգտագործեր:

Պ.-  Չեմ կրնար ըսել, որ ժամանակակից արհեստագիտութիւնը վստահօրէն կրնայ փրկել այն, ինչ այլեւս չի գործածուիր ու կիրարկուիր:

Բայց քանի որ բարբառը այլեւս իր բնական միջավայրին մէջ չի գործածուիր կամ աւելի նուազ կը գործածուի, գոնէ կարելի է զայն արձանագրել, շտեմարան մը ստեղծել: Ձայնագրութիւնը կրնայ պահպանել` մարդու ձայնը, արտասանութիւնը, առոգանութիւնը, հնչերանգը: Բայց այս մէկը դեռ չի նշանակեր, որ բարբառը կը շարունակէ ապրիլ նոյն ձեւով: Լեզուն իսկապէս կենդանի է, երբ ան կը գործածուի մարդոց առօրեայ կեանքին մէջ:

Այնուամենայնիւ, եթէ արհեստագիտութիւնը կարելիութիւն կու տայ որոշ չափով լեզուն պահպանել, կարծեմ` այդ կարելիութիւնը պէտք է գործածել:

Այստեղ ինծի համար հետաքրքրական է հին քաղաքակրթութիւններուն օրինակը: Օրինակ` հին Ասորեստանի լեզուի բազմաթիւ վկայութիւններ մեզի հասած են կաւէ սալիկներուն վրայ պահպանուած սեպագիրներու միջոցով: Կաւը դարձած է այն նիւթը, որուն շնորհիւ հազարաւոր տարիներ անց մենք կրնանք շօշափել անցեալի լեզուներու հետքերը:

Այսօր մենք ունինք թուային արուեստագիտութիւնը, բայց չենք գիտեր, թէ որքա՛ն երկար պիտի ապրի: Այն, ինչ այսօր նորագոյն արհեստագիտութիւնն է, ապագային կրնայ հին եւ անպիտան դառնալ, ինչպէս` շատ մը Եգիպտոսի պարտաթուղթերը (պապիրիւս), կամ թուղթէ ձեռագիրներն ու նոյնիսկ արդի գիրքերը,  հակառակ անոր որ կաւէ սալիկներէն աւելի նոր գիւտեր են, սակայն վերջիններս ցոյց տուին, որ աւելի տոկուն ու դիմացկուն են:

Մենք ժամանակաւոր ենք, բայց այն յիշողութիւնը, զոր կը ստեղծենք, թերեւս մեզմէ երկար ապրի:

Ես կ՛ուզեմ հաւատալ, որ նոր արհեստագիտութեանց շնորհիւ` հնարաւոր պիտի ըլլայ այդ յիշողութիւնը ցմիշտ փոխանցել ապագային:

 Հ.- Քեսապի բարբառն ու Արցախի բարբառը տարբեր պատմութիւններ ունին: Բայց երկուքին պարագային ալ կայ հայրենիքի, համայնքի եւ յիշողութեան շատ ուժեղ շերտ: Ի՞նչ ընդհանրութիւն կը տեսնէք այդ երկու աշխարհներուն միջեւ:

Պ.- Հակառակ անոր որ Քեսապն ու Արցախը աշխարհագրական առումով հեռու են իրարմէ եւ կը պատկանին տարբեր բարբառային ճիւղերու, ունին տարբեր պատմութիւններ, սակայն ունին մէկ շատ կարեւոր ընդհանրութիւն` տոկունութիւնը, դիմացկունութիւնը:

Այստեղ կ՛ուզեմ Սիլվա Կապուտիկեանէն մէջբերել, իր խօսքը Արցախի բարբառի մասին էր, բայց նոյնը կը վերաբերի Քեսապի բարբառին եւս.

«Ժայռի նման է այս հին բարբառը,
Ժայռի պէս կոշտ է, չյղկուած:
Ու ժայռի պէս էլ կարծր է, յամառ է,
Չի պոկի նրան ոչ մի հարուած:
Շուրթերի վրայ այնպէս է բառը,
Ինչպէս որ ժայռն է հողում խրուած»:

Քեսապի ու Արցախի բոլորտիքը գտնուող հայկական զանազան հաւաքականութիւններ հասկնալի պատճառներով ու ծանր պայմաններու բերումով, ժամանակի ընթացքին անցան թրքախօսութեան կամ ռուսախօսութեան եւ այլ լեզուներու, հրաժարեցան իրենց բարբառներէն:

Մինչդեռ լեռնորդի քեսապցիք ու արցախցիք (մեծ յոյս ունիմ, որ վերջիններս աւելի կանուխ եւ ո՛չ ուշ պիտի վերադառնան մեր լեռնաշխարհը) չարքաշօրէն կառչած մնացին իրենց բարբառներուն: Ճիշդ է, պատմութիւնը իր հետքն ու սպիները ձգած է անոնց վրայ` օտարածին բառեր որդեգրած են, որոշ պարագաներու ազդուած են այլ բարբառներէ,  մանաւա՛նդ գրական հայերէններէն, սակայն մինչ օրս կը շարունակեն պահպանել իրենց ուրոյնութիւնը, նոյնիսկ պահած են հայերէնի այնպիսի գոհարներ, զորս հայերէնի գրական երկու ճիւղերը կորսնցուցած են:

Երկու բարբառները նոյն արմատներէն կը սերին. թերեւս մեզի կը թուի, թէ տարբեր ճանապարհներ բռնած են, սակայն իրականութեան մէջ նոյն ուղղութեամբ կ՛ընթանան: Որքան ալ լեզուական կամ աշխարհագրական առումով հեռու ըլլան իրարմէ, անոնց երակներուն մէջ կը հոսի ու զանոնք կենդանի կը պահէ նոյն աւիշը, եւ իրականութեան մէջ անոնք ՄԷԿ են:

***

Դիմատետրի (FaceBook) ընդհանուր էջը
https://www.facebook.com/share/19ae5tvqyf/

Ինսթակրամի (Instagram) ընդհանուր էջը
https://www.instagram.com/meghu_armen?stkn=OGJiMXJuaG40ZDEy

Եութիւպեան (YouTube) գլխաւոր կայանը
https://youtube.com/@meghou-project?si=H85hdaZL2P3hirLF

Քեսապի բարբառի եութիւպեան կայանը
https://youtube.com/@kessabean101?si=SYi_1mA8njKNuZj0

Արցախի բարբառի Եութիւպեան կայանը
https://www.youtube.com/@dialect_of_artsakh_meghou

Հաճնոյ բարբառի Եութիւպեան կայանը
https://youtube.com/@dialectofhadjin?si=xlExvtwVuVHRoVW7

Գրաբարի Եութիւպեան կայանը
https://www.youtube.com/@meghou_classical_armenian

Սպաներէն կայանը
https://youtube.com/@meghu-armenio?si=fSmqx3Xn5yWanrpl

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (15 Հոկտեմբեր 2026)

Յաջորդը

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

RelatedPosts

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 12, 2026
Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» Թատերախումբի «Դող` Սիրտը Գող» Կատակերգութեան Ներկայացումներու Փորձերը Ընթացքի Մէջ Են
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» Թատերախումբի «Դող` Սիրտը Գող» Կատակերգութեան Ներկայացումներու Փորձերը Ընթացքի Մէջ Են

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.