Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռք. Քննարկումէն Եւ Ախտաճանաչումէն` Դէպի Նոր Մեկնարկ

October 6, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Սփիւռքի մասին խօսիլ` այսօր կը նշանակէ առերեսուիլ ներկայի բարդ իրականութեան եւ վաղուան անորոշ հորիզոններուն: Տարիներ շարունակ մենք սորված ենք սփիւռքի մասին խօսիլ կազմակերպութիւններու, դպրոցներու, եկեղեցիներու, միութիւններու եւ համայնքային կեանքի աշխուժութեան ընդմէջէն: Սակայն ժամանակը աւելի խոր դիտարկում մը կը պահանջէ ներկայիս: Գոյութիւն ունեցող կառոյցներուն թիւը չի կրնար չափանիշ դառնալ հաւաքական կեանքի առողջութեան:

Այսօր սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ կը զգացուի մտահոգիչ տեղաշարժ մը: Կազմակերպչական կեանքը շատ տեղեր կը շարունակուի, աւանդական կառոյցները տակաւին կը գործեն, ձեռնարկներ կը կազմակերպուին, հանդիսութիւններ կը կատարուին, ժողովներ կը գումարուին: Բայց այդ ամբողջ շարժումին ետին երբեմն կը զգացուի ներքին թուլացում մը` երիտասարդութեան հեռացում, ազգային կեանքի հանդէպ հետաքրքրութեան նահանջ, մտաւորական ներուժի ինքնամեկուսացում,  նոր գաղափարներու  բացակայութիւն, գործելաձեւերու կրկնութիւն եւ ապագայի տեսլականի անյստակութիւն, լեզուի եւ  ինքնութեան ճգնաժամ…

Այս իրականութիւնը մեզմէ կը պահանջէ անկեղծ ախտաճանաչում:

Սփիւռքը այսօր պէտք ունի հայելիի մը, որուն մէջ կարենայ տեսնել ինքզինք` առանց զարդարանքի եւ առանց ինքնախաբէութեան: Պէտք ունի բաց քննարկումի, ուր հարցերը կրնան հնչել իրենց ամբողջ սրութեամբ, իսկ տարբեր տեսակէտներ իրարու հանդիպիլ` առանց նախապէս ճշդուած պատասխաններու:

Հոս է, որ ի յայտ կու գայ քննարկումի հարթակներու անհրաժեշտութիւնը, եւ անոնց գաղափարը կը ստանայ իր իսկական արժէքն ու նշանակութիւնը:

Քննարկումը կը  գերազանցէ պարզ խօսակցութեան սահմանները: Անիկա հաւաքական մտածողութեան բեմն է: Երբ տարբեր գաղութներէ, կազմակերպութիւններէ եւ մտաւորական շրջանակներէ եկող մարդիկ զիրար կը լսեն, փորձառութիւնները կը համադրեն եւ նոյն հարցերուն տարբեր դիտանկիւններէ կը մօտենան, կը ստեղծուի այն միջավայրը, ուր մտահոգութիւնը կրնայ վերածուիլ ախտաճանաչման, ախտաճանաչումը` գաղափարի, իսկ գաղափարը` գործնական քայլի, եթէ ոչ` քայլերու:

Այս առումով, ուրախալի է, որ սփիւռքի մեր իրականութեան մէջ արդէն իսկ գոյութիւն ունին նման նախաձեռնութիւններ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի  հովանաւորութեամբ գործող «Կիլիկիա» վերլուծական հարթակը  կարեւոր փորձառութիւն մը կը ներկայացնէ: Անիկա քննարկումի եւ վերլուծութեան տարածք կը բանայ ազգային, քաղաքական, հասարակական եւ սփիւռքի կեանքին առնչուող հարցերու շուրջ: Այսպիսի հարթակներու արժէքը անոնց կարողութեան մէջ է` հարստացնելու օրակարգը եւ միտքը առաջնորդելու  ընթացիկ իրադարձութիւններէն անդին` դէպի պատճառներու, հետեւանքներու եւ հեռանկարներու որոնում:

Նոյնքան կարեւոր դերակատարութիւն ունի «Ազդակ» օրաթերթի լսարանային հարթակը, որ տարիներէ ի վեր կը ստեղծէ կենդանի հանդիպումի եւ կարծիքներու փոխանակման միջավայր:

Վերոնշեալ երկու հարթակներուն գոյութիւնը կարեւոր է նաեւ մէկ այլ պատճառով: Անոնք կը փաստեն, որ  սփիւռքի  մէջ քննարկումի մշակոյթի ձեւաւորումը տեսական առաջարկի սահմաններէն անդին անցած` գործնական կարելիութիւն մըն է:  Արդէն առկայ են անոնց առաջին փորձերը: Այժմ անհրաժեշտ է զանոնք խորացնել, ընդարձակել եւ իրարու հետ կամրջել:

Սակայն այստեղ անհրաժեշտ է կարեւոր տարբերակում մը կատարել: Քննարկումի հարթակները պէտք է առաջնորդեն դէպի համադրում: Համադրումը` առաջնահերթութիւններու ճշդում: Իսկ առաջնահերթութիւնները` դէպի գործնական ծրագիր:

Հակառակ պարագային, կրնանք ստեղծել բազմաթիւ լսարաններ, գրել հարիւրաւոր յօդուածներ, կազմակերպել տասնեակ համագումարներ, այսուհանդերձ, առանց յառաջընթացի  մնալ նոյն կէտին վրայ:  Քննարկումի  հարթակ ունենալը ինքնին արժէք մը չի ստեղծեր: Հարթակին վրայ կեցող անհատը ըսածին հանդէպ համոզում եւ հաւատք պարտի  ունենալ: Այլապէս հարթակը կը վերածուի ինքնանպատակ ներկայութեան` խօսքի, ելոյթի եւ հրապարակային երեւոյթի մը, որ կը ստեղծէ շարժումի տպաւորութիւն, բայց իրականութեան մէջ` ո՛չ  համոզում, ո՛չ աշխատանք եւ ո՛չ ալ շարժում: Հարթակը միջոց է, ոչ թէ` նպատակ: Ան իր իմաստը կը ստանայ միայն այն ժամանակ, երբ անոր վրայ հնչող խօսքին ետին կայ համոզում, իսկ համոզումին ետին` հաւատք ու գործելու  պատրաստակամութիւն: Հարթակը պահ մը փայլելու կամ ժամանակաւոր նորաձեւութեան մը հետեւելու միջոց չէ: Ան համոզում, հաւատք եւ պատասխանատուութիւն կը պահանջէ, այլապէս կը կորսնցնէ  իմաստը:

Այսօր սփիւռքին անհրաժեշտ է հաւաքական մտքի նոր տարածք մը` կազմակերպական մէկ կառոյցի, մէկ մարմինի կամ մէկ ղեկավարութեան սահմաններէն անդին: Անհրաժեշտ է այնպիսի մտաւոր դաշտ մը, ուր տարբեր կազմակերպութիւններու, գաղութներու եւ սերունդներու փորձառութիւններն ու մտածումները կրնան իրարու հանդիպիլ, փոխազդել եւ զիրար հարստացնել:

Սփիւռքի գաղութները նոյն պայմաններուն մէջ չեն ապրիր: Լիբանանի, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Աւստրալիոյ կամ Հարաւային Ամերիկայի հայկական համայնքները ունին իրենց իւրայատկութիւնները, մարտահրաւէրները եւ կարելիութիւնները: Սակայն այդ տարբերութիւններուն տակ կը գտնուին ընդհանուր հարցեր` հայերէնի պահպանում, երիտասարդութեան ներգրաւում, կրթական համակարգի վերանայում, եկեղեցական կեանքի վերակենդանացում, կազմակերպութիւններու արդիականացում, մտաւորական ներուժի համախմբում եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու նոր իմաստաւորում:

Ուրեմն պէտք է սկսիլ ոչ այնքան «Ո՞վ իրաւունք ունի առաջնորդելու» հարցումէն, որքան`«Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի սփիւռքը վաղուան օրը թեւակոխէ աւելի պատրաստուած, աւելի համախմբուած եւ աւելի ինքնավստահ» հարցումէն:

Այս հարցումը մեզ կը տանի նաեւ երիտասարդութեան խնդրին: Երիտասարդութեան հեռացումը կարելի է վերագրել բազմաթիւ արտաքին պատճառներու, սակայն էական հարցը կը մնայ` ստեղծա՞ծ ենք արդեօք այնպիսի միջավայր, ուր  լսելի  դառնայ երիտասարդին ձայնը, արժեւորուին անոր  գաղափարն ու   մասնակցութիւնը:  Երիտասարդութիւնը պէտք է դառնայ սփիւռքի ապագայի մասին մտածող եւ որոշումներու կայացման մասնակից ուժ:

Նոյնը կը վերաբերի մտաւորական ներուժին: Սփիւռքի մէջ կան` մեծ թիւով մասնագէտներ, գիտնականներ, գրողներ, ուսուցիչներ, համալսարանականներ, գործարարներ եւ ազգային մտածողութեան տէր անհատներ: Սակայն այդ ներուժը յաճախ կը մնայ մասնատուած, երբեմն` ինքնամեկուսացած, իսկ որոշ պարագաներու` միտումնաւոր կերպով լուսանցք մղուած կամ ընդհանուր աշխատանքէն հեռու պահուած: Քննարկումի հարթակները կրնան դառնալ այն կամուրջը, որուն միջոցով անհատական կարողութիւնները կը միաւորուին եւ կը վերածուին հաւաքական ներուժի:

Այս ամբողջ գործընթացին մէջ անհրաժեշտ է նաեւ քաղաքականութիւնը իր բնական սահմաններուն  մէջ պահել: Սփիւռքի որեւէ հարց անմիջապէս քաղաքական ճամբարներու բաժնելու սովորութիւնը կը նեղցնէ քննարկման տարածքը եւ կը խոչընդոտէ անկեղծ ախտաճանաչումը: Սփիւռքի գոյատեւման, կրթութեան, լեզուի, մշակոյթի եւ կազմակերպական վերակազմակերպման հարցերը շատ աւելի լայն են, քան` կուսակցական օրակարգերը:

Մեզի անհրաժեշտ է քաղաքական գիտակցութիւն` առանց քաղաքականացման մոլուցքին:

Մեզի անհրաժեշտ է քննադատութիւն` առանց քանդելու ցանկութեան:

Մեզի անհրաժեշտ իրատես մտածողութիւն` ամուր կապուած  իրականութեան  հետ:

Իսկ ամէնէն աւելի` մեզի անհրաժեշտ է անկեղծութիւն:

Սփիւռքը այսօր դէմ յանդիման կը գտնուի ճակատագրական փուլի մը, որ կրնայ վերածուիլ  երկարատեւ նահանջի, բայց կրնայ  նաեւ դառնալ նոր սկիզբի  մեկնակէտ: Ընտրութիւնը մեծ մասամբ մեր ձեռքերուն մէջ է:

Ուստի պէտք է  ողջունել քննարկումի հարթակներ  ստեղծելու առաջարկը: Սակայն անոնցմէ պէտք է նաեւ աւելին ակնկալել` սփիւռքի մասին խօսելէ անդին, մտածել անոր վաղուան ուղիներուն մասին:

«Կիլիկիա» վերլուծական հարթակը եւ «Ազդակ»-ի լսարանային նախաձեռնութիւնները այս ճանապարհի կարեւոր փորձառութիւններէն են: Անոնց կողքին անհրաժեշտ են նոր հարթակներ, նոր ձայներ եւ նոր ձեւաչափեր:

Պէտք է ստեղծել այնպիսի միջավայր մը, ուր տարակարծութիւնը խորացնէ մտածողութիւնը, իսկ  քննադատութիւնը ամրապնդէ  վստահութիւնն ու գործակցութիւնը: Տարբեր գաղութներ իրարու փորձառութենէն սորվին, զիրար  հարստացնեն եւ իրարու ուժ հաղորդեն:

Սփիւռքը տակաւին ունի ուժ, ներուժ եւ վերականգնելու կարողութիւն:

Ուշ չէ:

Եթէ այսօր սկսինք` աւելի անկեղծ խօսիլ, աւելի ուշադիր լսել, աւելի հեռատես  մտածել եւ աւելի համադրուած  գործել, քննարկումի հարթակները կրնան դառնալ այն տարածքը, ուր կը  ձեւաւորուին սփիւռքի նոր ինքնագիտակցութիւնն ու նոր մեկնարկը:

Սփիւռքի ապագան  կը պահանջէ  նոր մտածողութիւն եւ վերաիմաստաւորում:

Եւ այդ վերաիմաստաւորումը կրնայ սկսիլ պարզ, բայց էական քայլէ  մը` իրարու հետ լրջօրէն խօսելէ:

 

 

 

Նախորդը

Վերամո՛ւտ` Լաւատեսական Եւ Հարցադրական Եզրերով

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Վերամո՛ւտ` Լաւատեսական Եւ Հարցադրական Եզրերով

October 6, 2026
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)
Անդրադարձ

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)

October 5, 2026
Անթերի Գեղեցկութեան Թակարդը
Անդրադարձ

Անթերի Գեղեցկութեան Թակարդը

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.