Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերամո՛ւտ` Լաւատեսական Եւ Հարցադրական Եզրերով

Հայ Դպրոցը` Գոյութենական Պատնէշ

October 6, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Ահաւասիկ կրթական նոր տարեշրջան մը եւս կը դիմաւորենք` հրաժեշտ տալով նախորդ տարուան բարւոք, յաջող ու պատուաբեր անցումներուն, նոր յոյսերով, ակնկալութիւններով ու ծրագիրներով, «Բարի վերադարձ»-ի ու «Բեղուն տարեշրջան»-ի բարեմաղթութիւններով:

Հայ դպրոցը եւ կրթական օճախը հայ ժողովուրդին համար միշտ եղած են (ու կը մնան) այն անփոխարինելի եւ աննկուն կառոյցները, որոնք մեր նոր սերունդներուն կու տան ապրելու ու գոյատեւելու լիցք եւ սնունդ, կրթութիւն ու դաստիարակութիւն, ուսումնառութիւն եւ ազգայնականութիւն, նկարագրակերտում եւ ազնուութիւն, հայրենասիրութիւն ու մշակութասիրութիւն, լեզուասիրութիւն ու պատուասիրութիւն, միանգամա՛յն:

Ի զուր տեղ չէ Մեծն ուսուցչապետ Մեսրոպ Մաշտոցին ոգեղէն գիւտարարութիւնը, գիրի ու գրականութեան ծնունդով, ուսումնարարութեան տարածումով եւ ըմբոշխնումով, հայ ժողովուրդին համար դարձան լուսաւոր փարոսներ ու հարուստ ժառանգներ, որպէսզի հետագայ սերունդները միշտ փայլատակուին ու փայլատակեն, պայծառացուին ու պայծառացնեն, ճառագայթեն ու ճառագայթեցնեն զանոնք:

Իսկ ատոնք կենդանի իրականութիւն դարձնելու համար ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ու ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ հանդիսացան այն ամրակուռ խարիսխները, գօտեպնդող կռուանները, որոնք կրնային հայութիւնը պահել կանգուն` կապուած իր օրրանին ու հաւատամքին, իր հողին ու հայրենիքին, իր էութեան ու պատկանելիութեան:

Այս բոլոր տուեալներով ու բարեմասնութիւններով, կոթողներով ու հիմնաքարերով է, որ հայութիւնը` յոյսի ու հաւատքի, լոյսի ու կամքի լուսարձակներով օժտուած, կրցած է դիմագրաւել այն դժուարութիւնները` ներքին թէ արտաքին, որոնք ցցուած են իր առջեւ, այլեւ, աւելի՛ն, յաղթահարած է այն մարտահրաւէրները, որոնք սպառնացած են իր յարատեւման:

Անշուշտ որոշ անկումներն ու կաղացումները իրեն արժած են բաւականին սուղ, կեանքի ու հայրենիքի նկատմամբ դաժան մագլցումներով, բայց հայութիւնը «Ի ՍԿԶԲԱՆԷ» համոզուած ու գիտակցած էր, թէ ինք պէտք է մնայ ու մարտնչի, տոկայ ու դիմանայ այն հողմերուն ու փոթորիկներուն դէմ, որոնք կը փչեն աջէն ու ձախէն, հարաւէն ու հիւսիսէն:

Այդ ուժը, վճռակամութիւնը երբեք ալ պատահական չէին` ո՛չ անցողիկ, ո՛չ ալ երեւակայական, այլ` հիմնովին ամրագրուած հայութեան հոգիին ու սրտին մէջ, ինչ որ կը փաստեն` Հայոց պատմութեան դրուագները, հայ ժողովուրդին սխրագործութիւնները, հայրենիքին կառչածութիւնները եւ, ընդհանրապէս, այն երաշխիքներն ու լծակները, որոնք իրեն համար անվիճելի եւ անզիջելի գրաւականներ եղած են:

Իսկ այդ «յաջողութիւններուն» յենակէտները հանդիսացած են ԵԿԵՂԵՑԻՆ ու ԴՊՐՈՑԸ, որովհետեւ կար հաւատքն ու տեսիլքը, որ անոնցմով միայն կրնայ հայութիւնը ինքնաբաւարարուիլ` յանուն իր ուժականութեան, անձեռնմխելիութեան ու գործնականութեան: Հետագայ պատմաշարերը տուին ատոնց ճշմարտութիւնները` իրենց արժանի օրինակներով եւ ընթացքներով, որոնց պերճախօս պատկերները մինչեւ օրս կը մնան մեր չորսդին, անշուշտ` իրենց տարբեր արժանիքներով եւ յատկանիշներով:

Այո՛, եթէ հայութիւնը իր դիմագիծը, լեզուն, մշակոյթը չկորսնցուց, ատոնք գերազանցապէս կը պարտի իր կրթարաններու եւ աղօթատեղիներու կենարարութեան ու դաստիարակութեան ուսանելի ու փոխանցելի ոլորտներուն, որոնցմով ան կրցաւ ոչ միայն մնալ «պատնէշ»-ի վրայ, այլեւ դարձաւ առաջամարտիկ` առինքնող ժողովուրդի մը հարազատ զաւակն է ու զայն կրող բարենիշներու յաւակնորդը:

Նոյնիսկ աննախընթաց Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ պատճառ դարձաւ բիւրաւոր նահատակներու կորուստին, հազարաւոր տարագիրներու տեղահանութեան ու զանգուածային գաղթերուն, երբեք չընկճեց, ոչ ալ յուսահատեցուց հայութեան բեկորները, որոնք ուր որ ակամայ կայք հաստատեցին կամ մնայուն բնակութիւն, միշտ ալ կառչած մնացին իրենց գոյակեցութեան արմատներուն, ատոնք ըլլան` լեզու ու մշակոյթ, ինքնութիւն ու հաւատամք, ազգութիւն ու հայապատկանելիութիւն, հող ու հայրենիք, առանց որոնց` անկարելի պիտի ըլլար բացատրել անոնց ճակատագիրներուն ապագան:

Եւ, ինչպէս որ պատմութիւնը թելադրած, ուղղորդած ու շեշտադրած էր, այլընտրանք չկար, կա՛մ անէացում, կա՛մ առճակատում` յանուն կենդանութեան, ուստի հայութիւնը չէր կրնար շեղիլ իր ակունքներէն, ընդհակառակը, ամէն գնով պէտք էր մնար հաւատարիմ անոնց` ընտրելով այն ուղիները, որոնք իրեն համար այլ փոփոխակ կամ երանգ չունէին` բացի կողմնակից մնալու այն ազգային սկզբունքներուն, որոնցմով ան կրնար պահել իր երթը դէպի անսահմանութիւն եւ յաւերժութիւն:

Այլապէս, ամէն ինչ կրնար շրջուիլ ու թաղուիլ, եթէ հայութիւնը իր «սրբազանագոյն ուխտ»-երէն հեռանար կամ ապակողմնորոշուէր, իսկ ատոնք կրնային դառնալ ի սպառ աղէտութեան, կորնչութեան եւ անորոշութեան մահացու անդունդներ:

Այս արագ եւ անցողիկ հպումներու լոյսին տակ կ՛արժէ ակնարկ մը նետել նաեւ մեր այսօրուան կրթական գոյավիճակին վրայ, որովհետեւ ամէն ժամանակէ աւելի, երբ պայմանները փոխուած են, պարագաները բաղադրուած, կացութիւնները անճիտուած, իրավիճակները տարբերուած, ի՞նչ սկզբունքներու ու հարթակներու վրայ կը գտնուի կրթական կարգավիճակը, եւ ո՞ւր պէտք է փնտռել անոր գնահատականի արժանի եզրերը:

Բնական է, երբ այս թղթածրարին կ՛անդրադառնանք կամ զայն հրապարակ կը նետենք, մեր գլխաւոր «դաշտ»-ը կը նկատենք անոր շուրջ ծաւալող մտորումները` հիմք ընդունելով լիբանանահայ գաղութի կամ համայնքի կեանքը իր կրթական ցանցով եւ յարակից բազմաթիւ երեսներով (աշակերտութիւն, կրթաթոշակային բեւեռներ, ծրագրային յայտագիր, ուսուցչական վիճակ եւ այլն), որոնք ներկայիս կը գրաւեն առաջնահերթ մտահոգութիւններ, առաջադրանքներ ու տնօրինումներ:

Անկասկած, ինչպէս այլոց պարագային, հայ վարժարանները եւս կը գտնուին  իրենց ամէնէն սուր ու տագնապալի հիմնախնդիրներուն առջեւ, ոչ անպայման` իրենց ներքին հարցերով լոկ, այլ նաեւ` իրենց վարկային պատասխանատուութիւններով, աշակերտական կարգուսարքերով, կրթաթոշակային վճարումներով եւ, առհասարակ, այն սեղմումներով, որոնք թէ՛ դպրոցին, թէ՛ ուսուցիչին, թէ՛ ծնողներուն համար ե՛ն մղձաւանջային ՀՈԳեր:

Ասոնք տակաւին կը նկատուին այն երեւոյթները կամ իրողութիւնները, որոնք «կը վխտան» դպրոցական-ընտանեկան կեանքին շուրջ, ամէն վերամուտի նախօրէին եւ յետօրէին, որոնք կը տագնապեցնեն իւրաքանչիւր կողմ, իրաւացիօրէ՛ն, սակայն ատոնց առաջքը առնելու կամ բառնալու միջոցները միշտ ալ կա՛մ համեստ են, կա՛մ ալ սահմանափակ:

***

Վստահաբար այս փուլին բոլորը կը հետաքրքրէ (չըսելու համար` կը տանջէ) լիբանանահայ վարժարաններու կացութաձեւը, կարգավիճակը, տագնապները, բացթողումները, պահանջները, կրթաթոշակները եւ յարակից բազմաթիւ հարցերը:

Անշուշտ այս հարցերը, իրենց զանազան ու բազմաթիւ «հարցական»-ներով կամ «բաժին»-ներով ինչ-որ տեղ ու ձեւ, հասարակաց են բոլոր անոնց համար, որոնք դպրոցական ունին, աւելի ճիշդ` դպրոցի հետ առնչութիւն ունին (սկսած ծնողներէն), նաեւ` ուսուցիչներուն հետ, որոնք, իրենց կարգին, նախկին թէ նոր հարցադրումներ կամ խնդրագիրներ ունին պատկան պատասխանատուներուն հետ (որոնք կազմակերպչական, վարչական կամ ուսումնական պարտաւորութիւններ ունին), իսկ այս բոլորին հանրագումարը, առաւել` անմիջական կամ արտակարգ հարցերը, միթէ չե՞ն նշանակեր, որ հայկական դպրոցները իրենց այլազան մակարդակներով եւ աստիճաններով ունին իրենց համար հրատապ կամ կարեւոր արժեչափեր, որոնց կողքով կարելի չէ անցնիլ անտարբերութեամբ կամ անզօրութեամբ:

Այս մատնանշումները ի՞նչ կը յուշեն, եթէ ոչ` ա՛յն, որ ներկայ «բիրտ» պայմաններուն մէջ հայ դպրոցը կ՛անցնի, մեղմ ըսած, թէժ արարներէ, որովհետեւ մէկ կողմէն երկրին ու տարածքին մէջ տիրող ու շարունակուող ապակայունութիւններէն, միւս կողմէն` այդ բոլորը իրենց ծանր ու գիշատիչ հետքերը ձգելէն ժողովուրդին վրայ, իսկ այդ զարգացումները առկա՛յ են, մանաւանդ` վերջին քանի մը տարիներուն, հուսկ, գոյ են եւ, անհանդուրժելիօրէն, անոնց ներկայութիւնը ցոյց կու տան ո՛չ միայն թուլութեան ու տկարութեան նշաններ, այլեւ` պարտուողականութիւններ ու դասալքութիւններ, որոնք երբեք կացութեան համար չեն կրնար ըլլալ հանրօգուտ կամ հանրանպաստ:

Գաղտնիք չէ, որ հայկական վարժարանները, հակառակ իրենց տարած գնահատելի ճիգերուն, դպրոցանպաստ նախաձեռնութիւններուն, բազմաբնոյթ զոհողութիւններուն ու տարատեսակ ներդրումներուն, կը տառապին նորանոր ու շարունակուող մակընթացութիւններէ, տատանումներէ ու ցաւերէ, որոնք հազիւ թէ կապ ունենան անոնց մակարդակներու անկումներուն կամ յետադիմութիւններուն, այլ որոշապէս, այն հանգամանքներուն, որոնք քիչ մը ամէն տեղ կան եւ ամէն հորիզոնականի վրայ են, ինչպէս`

– Արտագաղթի հոսքը, որ տարուէ տարի նորանոր աճ կ՛արձանագրէ հասկնալի, շօշափելի ու տեսանելի պատճառներով:

– Քաղաքական սուր ու կրծող պայմանները, որոնք շարունակական թափով, թէկուզ եւ` մերթ ընդ մերթ, կը կլանեն ու կը խանգարեն կայունութեան հաւանական անդորրութիւնը:

– Դէպքերու շարունակուող բեւեռացումը, անակնկալ ու միշտ բռնկող ելեւէջներով, ամէնուրեք ստեղծելով փորձանաւոր ու վտանգաւոր խուճապներ:

– Կրթաթոշակներու ու կրթանպաստներու սղաճը (հասկնալի կողմերով), բայց յաճախ ալ անհաստատ… թռիչքներով:

– Երկրի տնտեսական կազմալուծութեան եւ ահռելի սղութեան առկայութիւնը, կեանքի եւ ապրուստի պայմանները արգելակելու ու սեղմելու սաստկութեամբ:

– Հայ աշակերտութեան, որոշ խաւերու զաւակներուն օտար վարժարաններ յաճախելու կամ նախընտրելու ալիքը հետզհետէ մտահոգութենէ աւելի կը տագնապեցնէ (թէ` ինչո՞ւ, այդ ալ ուրիշ… հիւանդկախութիւն մըն է):

– Շրջանաւարտ սերունդներու մեծ մասը չի փափաքիր մնալ Լիբանան, այլ կը նախընտրէ մեկնիլ այլուր, թէկուզ` դժուար ու խիստ պայմաններ դիմագրաւելու գնով:

– Լիբանանահայ վարժարաններէն աւարտականներ, չըսենք` մեծամասնութիւնը, բայց զգալի թիւ մը կը մեկնի այլուր, հոս համալսարանական կրթաթոշակի անբաւարարութիւն ունենալով կամ անկարելիութիւն, հետեւաբար` գոյատեւելու անհնարութիւն:

– Յետհամալսարանական իրավիճակը շատ աւելիով տագնապեցուցիչ է, երբ խնդրոյ առարկայ անձերը աշխատանք գտնելու հնարաւորութիւններ չեն ունենար (կամ ճղճիմ եկամուտներու առջեւ կը գտնուին):

– Համալսարաններուն կրթաթոշակները որքանո՞վ ընդունելի կը նկատուին եւ որքանո՞վ կը նպաստեն ուսումնառութեան ամբողջացումին:

– Նման իրավիճակներու մէջ գտնուող մեր նոր սերունդներուն որո՞նք կը զօրակցին, կ՛օգնեն կամ կը հովանաւորեն տրամաբանական, գործնական կամ գովաբանական ներդրումներով:

Ասոնք, ահաւասի՛կ, փոքր, բայց «վիթխարի» հարցեր են, որոնք կ՛առնչուին (ու առնչուած են) դպրոցական կեանքի ու համալսարանականութեան հետ, որոնց նկատմամբ, եթէ կը պակսին «վերաբերմունքներ» կամ անմիջական «սրսկումներ», անխուսափելիօրէն կը յայտնուին «վէրքեր ու սպիներ», որոնք կը վնասեն մեր նոր սերունդներուն համակեցութեան, կը խափանեն անոնց տեղայնական կեցութեան, կը խաթարեն անոնց ազգային արտայայտչականութեան երթին:

Պատճառները եթէ բազմաբնոյթ ու բազմակողմ են, անտարակուսօրէ՛ն, զանոնք ինչպէ՞ս պէտք է դիտել, ինչպէ՞ս սրբագրել, ինչպէ՞ս բնութագրել կամ ինչպէ՞ս հիմնաւորել, այնքան ատեն որ պէտք է արագօրէն, հմտօրէն, կազմակերպչականօրէն եւ ծրագրուած որոնել լուծում կամ ելք գտնելու ձեւեր, որոնք չկան չըսուի, բայց ԿԱՆ անոնք, միայն անհրաժեշտօրէն պէտք է լծուիլ այդ բարեկարգումներուն:

***

Սակայն այս լայնածիր, պատասխանատու ու բարդ հարցապնդումներուն մէջ ներկայիս լիբանանահայութեան համար ամէնէն էական ու հիմնական գործօնն է.

Լիբանանահայ Վարժարաններու Անսայթաք
Գոյերթը, Ճակատագիրը Եւ Ապահովագրութիւնը

Ասիկա հրամայական մըն է անվիճելիօրէն եւ անառարկելիօրէն, որոնցմէ կը բխի մեր վարժարաններու կենսունակութեան, առաքելութեան, հաւատարմագրութեան եւ անփոխարինելիութեան հզօրագոյն «փրկարար»-ութիւնը:

Լիբանանահայ վարժարանները, ճիշդ է, չեն այն, ինչ որ էին անցնող տարիներուն, բայց ատիկա ոչինչ կը խանգարէ, որ ան մնայ իր դաստիարակչական եւ ազգային տուչութեան գերագոյն կայմին վրայ:

Չմոռնա՛լ բոլոր անոնք, որոնք երէկ այս գաղութին բոլոր ԲԱՐԻՔՆԵՐԷՆ օգտուեցան, վայելեցին զանոնք` կառուցելով, զարգացնելով եւ ծաղկեցնելով զայն` որպէս ոչ միայն դպրոց, այլ` ԿՐԹԱՐԱՆ, ՄԿՐՏԱՐԱՆ, ՀՈԳԵՏՈՒՆ եւ մանաւանդ` ՄԵՍՐՈՊԱՏՈՒՆ ու ՄԵՍՐՈՊԱՇՈՒՆՉ օճախ, զանոնք ոգեկոչելով որպէս ՀԱՅԱՀՈՒՆՉ ու ՀԱՅԱԴՐՈՇՄ ոսկետուն:

Այսօր, երբ լիբանանահայութիւնը իր դպրոցական դռները լայն կը բանայ իր զաւակներուն առջեւ` ամենայն հոգետարութեամբ, հովանաւորութեամբ ու խնամատարութեամբ, նոյնիսկ` որոշ համեստութեամբ, սակայն` այն վճռակամութեամբ, որ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ կանգուն է, կը մնայ այդ յառաջադէմ սլացքին առջեւ, որովհետեւ, անիկա է իր գոյութեան ու կենդանութեան խորհրդանիշը, քանի`

ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ ՏՈՒՆՆ ՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔՆ Է ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ:

 

 

 

 

Նախորդը

Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին՝ Զօհրապ Եւ Յասմիկ Թէճիրեաններ Ու Յարութիւն Եւ Լենա Սողոմոնեաններ 500,000 Տոլար Նուիրեցին Համազգայինին

RelatedPosts

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)
Անդրադարձ

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)

October 5, 2026
Անթերի Գեղեցկութեան Թակարդը
Անդրադարձ

Անթերի Գեղեցկութեան Թակարդը

October 5, 2026
Լիւսի Թիւթիւնճեան.    Ինչո՞ւ Տիկին, Եւ Ո՛չ` Լիւսի
Անդրադարձ

Լիւսի Թիւթիւնճեան. Ինչո՞ւ Տիկին, Եւ Ո՛չ` Լիւսի

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.