Վաղը յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտել Նուր» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Շապապ Պըրժի դէմ, Դ. դասակարգի ախոյեանի տիտղոսին համար:
Մրցումը խորհրդանշական է եւ պարզապէս ախոյեանի տիտղոսը յանձնելու համար է արժանի խումբին:
Ֆութպոլի մէջ իրականութիւնը այլ բան է, քան «արժանի»-ն: Դաշտին վրայ ով որ աւելի կը պայքարի, խմբային խաղ կը կիրարկէ եւ առիթներէ կ՛օգտուի, այդ խումբը կ՛ըլլայ ախոյեանը:
Կը սպասուի, որ մեր տղաքը անգամ մը եւս իրենց առաւելագոյնը տան` տարեշրջանը աւարտելով տիտղոսով մը եւս, շահելէ ետք Պէյրութի շրջանի ախոյեանի տիտղոսը:
Շապապ Պըրժ, որ Լեռնալիբանանի ախոյեանն էր, իր կարգին պիտի փորձէ իր լաւագոյնը տալ եւ պէտք է կարելի եղածին չափ սխալներ չգործէ զօրաւոր մրցակիցին դիմաց:
Համակիրներուն համար մասնաւոր հանրակառքեր պիտի սպասեն ՀՄԸՄ-ի ակադեմիայի դաշտին մօտ (նախկին «Զաւարեան» դաշտ)` զանոնք ձրիաբար փոխադրելու Պհամտուն ժամը 14:00-ին:
Անշուշտ համակիրներուն ներկայութիւնը եւ քաջալերանքը շատ կարեւոր է այս եւ բոլոր մրցումերուն, անոնք իրապէս 12-րդ մարզիկը կրնան ըլլալ իրենց քաջալերանքի կանչերով:


