23-էն 29 նոյեմբեր Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ պիտի կայանան Միացեալ ըմբշամարտի աշխարհի ֆետերասիոնի հովանիի տակ տեղի ունենալիք կրեփլինկի, «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի եւ Փանքրաթիոնի (յունական ձեւի ըմբշամարտ) 2026-ի աշխարհի ախոյեանութիւնները: Հայաստանի հաւաքականը չի մասնակցիր այս մրցումներուն, բայց հայազգի ութ մարզիկներ պիտի մասնակցին Ռուսիոյ եւ Լեհաստանի դրօշներուն ներքեւ:
Մրցաշարքին պիտի մասնակցին տարիքային տարբեր խումբերու մաս կազմող մարզիկներ: Կրեփլինկի աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ 23-էն 25 նոյեմբերին, իսկ ոչ արհեստավարժ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի եւ փանքրաթիոնի մրցումները` 26-էն 29 նոյեմբերին:
Հայաստանի հաւաքականի բացակայութեան, հայազգի մարզիկները պիտի ներկայանան բոլոր երեք մարզաձեւերուն մէջ: 7 մասնակիցներ մաս պիտի կազմեն Ռուսիոյ հաւաքականին, իսկ մէկ մարզիկ` Լեհաստանի:
ՌՈՒՍԻԱ
ԿՐԵՓԼԻՆԿ
Մարատ Սաֆարեան – 50 քկ, 17 տարեկանէն վար
Աշոտ Մարգարեան – 53 քկ, 15 տարեկանէն վար
Կոնստանտին Աղասեան – 59 քկ, 15 տարեկանէն վար
«ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.»
Զոհրապ Յովհաննիսեան – 70 քկ, մեծեր:
ՓԱՆՔՐԱԹԻՈՆ
Արմէն Յովհաննիսեան – 93 քկ, 17 տարեկանէն վար
Աշոտ Մարգարեան – 53 քկ, 15 տարեկանէն վար
Նարեկ Սողոմոնեան – 66 քկ, 15 տարեկանէն վար
ԼԵՀԱՍՏԱՆ
«ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.»
Արսէն Նասլեան – 66 քկ, մեծեր
Յիշեցնենք, որ այս տարի աւելի կանուխ Երեւան հիւրընկալած էր Եւրոպայի Փանքրաթիոնի, Կրեփլինկի եւ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի Եւրոպայի ախոյեանութիւնները (մայիսին):


