Խրուաթիոյ Փորեչ քաղաքին մէջ սկսաւ բռնցքամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու (23 տարեկանէն վար) ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի հաւաքականը մրցաշարքին կը մասնակցի 9 բռնցքամարտիկներով, որոնք մետալներու համար պիտի պայքարին 9 տարբեր կշիռներու մրցումներուն:
Մրցաշարքին կը մասնակցին 39 տարբեր երկիրներէ 276 մարզիկներ:
Հայաստանի հաւաքականը կը ներկայացնեն հետեւեալ մարզիկները.
50 քկ – Յովհաննէս Յարութիւնեան
55 քկ – Վաղարշակ Քէյեան
60 քկ – Էրիք Արստամեան
65 քկ – Արգիշտի Յակոբեան
70 քկ – Եուրա Բաբլումեան
75 քկ – Արշակ Բաբլումեան
80 քկ – Ալիք Յովհաննիսեան’
90 քկ – Դաւիթ Սիմոնեան
90 քիլոկրամէն վեր – Իշխան Յովսէփեան
Այլ հայ բռնցքամարտիկ մըն ալ` Գոռ Սահակեան, իր մասնակցութիւնը կը բերէ այս մրցաշարքին` հանդէս գալով Վրաստանի հաւաքականին հետ եւ պիտի մասնակցի 60 քկ կշիռի մրցումներուն:


