Ազգերու լիկայի Եւրոպական Ա. կարգի մրցումներու ծիրին մէջ, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Խրուաթիան: Լամին Եամալ(2), Մարք Փուպիլ, եւ Նիքօ Ուիլիամս նշանակեցին Սպանիոյ կոլերը, մինչ Տիոն Պելիօ նշանակած էր Խրուաթիոյ հաւասարութեան կոլը:
Նոյն խմբակին մէջ Անգլիա, Փրակայի մէջ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չեխիան:
Լիոնի միջնապահ Փաւել Սուլչ կոշտ ֆաուլի ենթարկելէ ետք մրցակից մը դեղին քարտ ստացած էր 23-րդ վայրկեանին: Մօտ 2 վայրկեան ետք ՎԱՐ-ի իրաւարարները դաշտի իրաւարարներէն պահանջեցին վերատեսութեան ենթարկել որոշումը` անգամ մը եւս դիտելով այդ ֆաուլը: Թուրք իրաւարարը դեղին քարտը փոխեց կարմիրով, եւ Չեխիոյ գործը աւելի դժուարացաւ: Անգլիոյ մարզիկները նախապէս 15-րդ վայրկեանին վտանգած էին Չեխիոյ բերդը, երբ Մորկըն Ռոճըրզի հարուածը զսպած էր… Չեխիոյ բերդին աջ սիւնը: Կիսախաղէն առաջ Հերի Քէն քիչ մնաց բանար մրցումին հաշիւը, սակայն բերդապահ Քովար փրկեց կացութիւնը:
Բ. կիսախաղի սկիզբէն Անթոնի Կորտըն նշանակեց Անգլիոյ առաջին կոլը, եւ 69-րդ վայրկեանին Քէյն նշանակեց երկրորդ կոլը:
Չեխիա 10 մարզիկներով փորձեց կոլ նշանակել, բայց Ատամ Հլոզեքի հարուածը զսպեց անգլիացի բերդապահ Ճէյմս Թրաֆորտը:
Մրցումի վերջին վայրկեաններուն Ճուտ Պելինկհամ առիթ ունէր 3-ի բարձրացնելու հաշիւը, բայց Քովար զսպեց անոր հարուածը:
Այսօր Դանիա պիտի հիւրընկալէ Փորթուգալը, Գերմանիա` Սերպիան, Յունաստան` Նետերլանտները, իսկ Կալես` Նորվեկիան:


