ՖԻՖԱ-ն սեպտեմբերին տեղի ունեցած հաւաքականներուն մրցումներէն ետք հրապարակած է ազգային խումբերու ընդհանուր դասաւորումը:
Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ երկու մրցումներ կատարած էր Լաթվիոյ եւ Մոնթենեկրոյի դէմ, մնաց 107-րդ դիրքին վրայ, 1189,74 կէտերով:
Լաթվիոյ յաղթելէ ետք 2-0 արդիւնքով, Հայաստան 6,02 կէտ շահած էր, բայց Մոնթենեկրոյէն պարտուելէ (2-3) Հայաստան կորսնցուցած էր 5,92 կէտ:
Ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ մնաց աշխարհի ախոյեան Սպանիան: Առաջին 5 դիրքերուն մէջ միայն մէկ փոփոխութիւն տեղի ունեցած է, ուր Մարոք գրաւած է Պրազիլի գրաւած նախկին 5-րդ դիրքը:
Խրուաթիա Չեխիոյ յաղթելէ ետք գրաւած է 12-րդ դիրքը, մինչ Գերմանիա Յունաստանի դէմ պարտութենէն ետք նահանջած է 13-րդ դիրք:
Այս դասաւորումը կրնայ վերստին փոփոխութիւններ կրել 7 հոկտեմբերին: Հայաստանի հաւաքականը վաղը պիտի մրցի Կիպրոսի դէմ, իսկ երկուշաբթի` Մոնթենեկրոյի դէմ:
Հայաստանի վերջին մրցումին` Մոնթենեկրոյին դէմ, խմբապետ Էդուարտ Սպերցեան ստացած էր առաւելագոյն նիշերը (8,6) մանաւանդ իր բարձր մակարդակի ելոյթին եւ շատ գեղեցիկ կոլէն ետք:
Միւս կողմէ, Երեւանի բանակայիններու խմբապետ Արգիշտի Պետրոսեան, որ երկու շաբաթ ետք իր 34-րդ տարեդարձը պիտի նշէ, արձանագրած էր Հայաստանի հաւաքականի ամէնէն արագ մարզիկի ժամանակը` 33,4 քմ ժամական արագութեամբ:


