Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Արցախի Մէջ Վառելանիւթի Պահեստանոցի Պայթումէն Երեք Տարիներ Ետք Տակաւին Կան Անյայտ Ճակատագիրներ
25 սեպտեմբերին` երեք տարի առաջ, Արցախի վառելանիւթի պահեստանոցին մէջ ողբերգական պայթում տեղի ունեցաւ` պատճառելով 219 զոհեր, 22 անյայտ ճակատագիրներ, բազմաթիւ վիրաւորներ:
Արդարեւ, 25 սեպտեմբեր 2023-ին Ստեփանակերտ-Ասկերան մայրուղիի յարակից տարածքին մէջ գտնուող վառելանիւթի պահեստի պայթում տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի ռազմական յարձակման եւ Արցախի հայաթափման` ցեղային զտման օրերուն:
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեան այս սարսափելի ողբերգութեան մասին գրած է.
«3 տարի առաջ Արցախի Հանրապետութեան Իվանեան համայնքի մօտ տեղակայուած վառելիքի պահեստում հուժկու պայթիւնի զոհ դարձաւ 219 մարդ` քաղաքացիական անձինք, զինուորականներ, աշխարհազօրայիններ, ուժային կառոյցների ծառայողներ: Եւս 22 անձ անհետ կորել է, աւելի քան 300-ը ստացել են ծանր վնասուածքներ:
«Պայթիւնը տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի կողմից Արցախի դէմ սանձազերծած պատերազմի օրերին, երբ տասնապատիկ անգամ ռազմական առաւելութիւն ունեցող ոսոխը, յամառ մարտերից յետոյ, արդէն ճեղքել էր Պաշտպանութեան բանակի պաշտպանած բնագծերը եւ մօտենում էր Ստեփանակերտին ու 2020 թուականից յետոյ դեռեւս Արցախի վերահսկողութեան տակ մնացած բնակավայրերին:
«Պայթիւնը պատերազմական իրավիճակի ուղիղ հետեւանք էր, չլինէր պատերազմը, չէր լինի պայթիւնը: Ուստի պայթիւնի զոհերը պէտք է հաւասարեցուեն պատերազմական զոհերին, նրանց ընտանիքների անդամներին պէտք է տրուի համարժէք կարգավիճակ:
«Ցաւօք, պայթիւնից երեք տարի անց, պայթիւնի զոհերի հարազատները որեւէ կարգավիճակ չունեն, ՀՀ կառավարութիւնից որեւէ աջակցութիւն չեն ստացել, ապրում են ծայրայեղ կարիքի մէջ:
«Վառելիքի պահեստի պայթիւնի պատճառով զոհուած եւ տուժած մեր հայրենակիցների խնդիրը միշտ եղել է իմ ուշադրութեան կենտրոնում ու կը շարունակի լինել, քանի դեռ նրանց օրինական պահանջները չեն բաւարարուել»:
ՀՕՄ-ի Արցախի Մասնաճիւղի Վարչութենէն Անդամներ Այցելեցին Եռաբլուր` Յարգանքի Տուրք Մատուցելու Արցախի 44-Օրեայ Պատերազմին Նահատակուած Հերոսներու Յիշատակին
Սեպտեմբեր 27-ին ՀՕՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ այցելեցին Եռաբլուր զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու 44-օրեայ պատերազմին Արցախի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոս հայորդիներու յիշատակին:
Աւերիչ պատերազմը եւ Արցախի կորուստը իրենց ցաւոտ հետքը ձգեցին իւրաքանչիւրիս սրտին մէջ, կանգնեցուցին նոր մարտահրաւէրներու առջեւ, սակայն ոչինչ ի զօրու է մեր յիշողութենէն ջնջել նահատակ հերոսները եւ անոնց կատարած սխրանքները:
Ոչ ոք եւ ոչինչ չի մոռցուիր: Խոնարհում եւ յաւերժ փառք` յանուն հայրենիքի իրենց կեանքը զոհած քաջերուն:
Վերապրումէ Վերածնունդ
Սեպտեմբեր 12-ին «Վերապրում եւ վերածնունդ. Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու շառաւիղները` «Յիշողութեան պահապաններէ», բանախօսութիւններու շարքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ (Երեւան) տեղի ունեցաւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ, աստուածաբան, վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեանի հանդիպում-բանազրոյցը:
Բանախօսութեան ընթացքին վեր. Փոլ Հայտոսթեան ներկայացուց հայ աւետարանական կրթական առաքելութեան յետեղեռնեան վերածնունդի վերաբերեալ ազդեցիկ, բազմաշերտ եւ խիստ կարեւոր քննական ակնարկ:
Հայտոսթեան անդրադարձաւ նաեւ մերօրեայ համայնքային հարցերուն, իսկ հարց-պատասխանի ճամբով ուրուագծուեցաւ բովանդակային զրոյց: Հանդիպումի աւարտին վեր. Փոլ Հայտոսթեանին յանձնուեցաւ յուշանուէր:
Արցախի ՀՄԸՄ-ականները Այցելեցին Եռաբլուր Եւ Իրենց Յարգանքի Տուրքը Մատուցեցին Նահատակներու Յիշատակին
19 սեպտեմբեր 2023-ին շրջուեցաւ Հայոց պատմութեան վերջին էջը: 9 ամիս շրջափակման մէջ գտնուող, տկարացած Արցախը ենթարկուեցաւ յաջորդ կատաղի յարձակումին, որուն պատճառով արցախահայութիւնը բռնի տեղահանուեցաւ: Այս առիթով Արցախի ՀՄԸՄ-ականները այցելեցին Եռաբլուր եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին նահատակներու յիշատակին:
Այս առիթով անոնք իրենց ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ գրեցին.
«Ամենացաւալին այն է, որ բռնի տեղահանութիւնը միայն ու միայն հող կորցնել չէ: Դա նշանակում է մի ամբողջ կեանքի պատմութիւն թողնել դրան յետեւում: Բայց Արցախը միայն քարտէսի վրայ նշուած տարածք չէ: Արցախը ապրում է մարդկանց յիշողութիւններում, պատմութիւններում, երգերում ու անուններում: Եւ քանի դեռ յիշում ենք, խօսում ենք ու փոխանցում մեր պատմութիւնը յաջորդ սերունդներին, այդ յիշողութիւնը չի լռելու»:
Սուրիահայ Գործարարը Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարանին Նուիրած Է 1491 Թուականին Ընդօրինակուած Շարակնոց Մը
Սուրիահայ գործարար եւ բարերար Գաբրիէլ Չեմպէրճեան, ի յիշատակ իր կնոջ` Անժէլ Չեմպէրճեանի, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին նուիրած է 1491 թուականին ընդօրինակուած շարակնոց մը:
Մատենադարանին տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ վերոնշեալ ձեռագիրը բացայայտուած էր Վիեննա` Մատենադարանի տնօրէնին գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութեան շրջագիծէն ներս:
Նոր ձեռագրական միաւորը խազագրեալ շարակնոց մըն է, որ ընդօրինակուած է Բաղէշի Ամ գիւղին մէջ (գրիչ` Յովհաննէս քահանայ): Մինչեւ օրս ձեռագրական աղբիւրներու մէջ Ամ գիւղը յիշատակուած է ընդամէնը մէկ անգամ` առանց յստակ տեղորոշման: Հոն, 1497 թուականին, դարձեալ Յովհաննէս գրիչը ընդօրինակած է Աւետարան մը, որ նոյնպէս կը պահուի Մատենադարանին մէջ:
«Մատենադարանին նուիրուած այս նոր մատեանը, փաստօրէն, ո՛չ միայն նոյն գիւղին մէջ միեւնոյն գրիչին ստեղծած` մեզի ծանօթ ամենավաղ նմուշն է, այլեւ` միակը, որուն գլխաւոր յիշատակարանին մէջ Յովհաննէս գրիչը ճշգրիտ կերպով կը տեղորոշէ Ամ գիւղը` Բաղէշ գաւառին մէջ»:
«Մատենադարանը երախտագիտութիւն կը յայտնէ Գաբրիէլ Չեմպէրճեանին` արժէքաւոր նուիրատուութեան եւ ձեռագրական ժառանգութեան համալրման մէջ ունեցած ներդրումին համար», նշուած է հաստատութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Վերջերս, նաեւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ բացումը կատարուած է «Հաւատի խաչուող գոյները» խորագրով ցուցահանդէսին` նուիրուած Մատենադարանի նուիրատու, Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Ռոպերթ Էլիբեկեանի ծննդեան 85 եւ ստեղծագործական գործունէութեան 60-ամեակներուն:
Ցուցահանդէսը ներառած է նկարիչին ընտանեկան հաւաքածոյէն ընտրուած` 1972-2017 թուականներուն ստեղծուած գեղանկարչական, կրաֆիքական եւ դեկորատիվ արուեստի գործեր:
«Հաւատի խաչուող գոյները» ցուցադրութիւնը առաջին փորձը եղած է` արդի արուեստի ստեղծագործութիւնները երկխօսութեան մէջ դնելու Մատենադարանի հնագոյն ձեռագիրներու նկարազարդումներուն հետ: Այս համադրութիւնը բացայայտած է հայկական հոգեւոր-գեղարուեստական մշակոյթի ժառանգական կապերը` հաստատելով միջնադարուն եւ արդիականութեան, ձեռագրին ու կտաւին, հաւատքին եւ ժամանակակից գեղարուեստական մտածողութեան կենդանի փոխառնչութիւնը:
Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան խօսքեր արտասանած են` Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանը, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախագահ Սուրէն Սաֆարեանը, ցուցադրութեան համադրողներ` արուեստաբան Լիլիթ Սարգսեանը եւ Մատենադարանի թանգարանի ղեկավար, արուեստաբան Իվեթ Թաջարեանը, ինչպէս նաեւ` նկարիչ, Ռոպերթ Էլիբեկեանի որդին` Արեգ Էլիբեկեանը:
Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան Պարգեւատրուեցաւ Փարամազի Անուան Շքանշանով
Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան Երեւանի մէջ կայացած 23-րդ Համագումարի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանի պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ընթացքին անոր շնորհուեցաւ ՍԴՀԿ-ի բարձրագոյն պարգեւը` Փարամազի անուան շքանշանը՝ առ ի գնահատանք կուսակցական, ազգային-հասարակական եւ պատմագիտական իր երկարամեայ գործունէութեան:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի անդամ Տիգրան Միհրանեան: Այնուհետեւ Կեդրոնական վարչութեան անունով, Ալեքսան Քէօշկէրեան ներկայացուց տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանի անցած ուղին` անդրադառնալով անոր կուսակցական եւ քաղաքական երկարամեայ ծառայութեան, Լիբանանի խորհրդարանին մէջ ունեցած գործունէութեան, Արցախի ազատագրական պայքարին բերած մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ` պատմագիտական եւ հրատարակչական հարուստ վաստակին:
Փարամազի անուան շքանշանի յանձնումը կատարեց ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան, որ այս առիթով արտասանեց նաեւ իր սրտի հակիրճ խօսքը: Իսկ այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով տոքթ. Ճէրէճեան երախտագիտութիւն յայտնեց ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Լիբանանի շրջանի ընկերներուն, ինչպէս նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք տարիներու ընթացքին զօրակցած եւ նեցուկ կանգնած են իր գործունէութեան:
Կոմիտասի Անուան Ազգային Լարային Քառեակի Տնօրէն Սամուէլ Մեսրոպեանը Ոչ Եւս Է
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը խոր ցաւով տեղեկացուց, որ 68 տարեկանին կեանքէ հեռացած է վաստակաւոր խմբավար, Կոմիտասի անուան ազգային լարային քառեակի տնօրէն, մշակութային գործիչ Սամուէլ Մեսրոպեանը:
Սամուէլ Մեսրոպեան ծնած է 16 սեպտեմբեր 1958-ին:
1998-2005 թուականներուն եղած է Հայաստանի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան Մշակոյթի զարգացման բարեգործական հիմնադրամի համահիմնադիրն ու տնօրէնը:
2013-2021 թուականներուն ղեկավարած է Կոմիտասի անուան ազգային լարային քառեակը: 2021-2026 թուականներուն եղած է Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի Կոմիտասի անուան ազգային քառեակ մասնաճիւղի ղեկավարը, իսկ 2023-2026 թուականներուն` Առնօ Բաբաջանեանի անուան մշակութային հիմնադրամի համահիմնադիր եւ տնօրէն:
Սամուէլ Մեսրոպեանի բազմամեայ գործունէութիւնը ընդգրկած է բազմաթիւ համերգային, փառատօնային, ցուցահանդէսային եւ բարեգործական ծրագիրներու կազմակերպում` Հայաստանի, Արցախի եւ արտերկրի մէջ:
Մեսրոպեան մասնակցած է` «Սայաթ Նովա» համահայկական երգի մրցանակաբաշխութեան, «Վահագն» արուեստի եւ գրականութեան համահայկական մրցանակաբաշխութեան, «Նազենիկ» մնջախաղի միջազգային փառատօնին եւ «Հայֆեստ» միջազգային թատերական փառատօնին կազմակերպման` տարբեր տարիներու հանդէս գալով իբրեւ տնօրէն կամ գործադիր տնօրէն: 2006-2010 թուականներուն եղած է «Ոսկէ կիթառ» հեղինակային երգի հանրապետական փառատօնի համահեղինակ եւ տնօրէն, իսկ 2008 թուականին` «Առնօ Բաբաջանեան» երգի միջազգային առաջին փառատօնի նախագիծի հեղինակ եւ տնօրէն:
Աշխուժ կերպով մասնակցած է նաեւ բարեսիրական նախաձեռնութիւններու իրականացման` կազմակերպելով շարք մը ձեռնարկներ եւ մշակութային նախաձեռնութիւններ:
2019 թուականին Հայաստանի նախագահին կողմէ պարգեւատրուած է Երախտագիտութեան մետալով:
Սամուէլ Մեսրոպեանի մասնագիտական գործունէութիւնը տասնամեակներ շարունակ կապուած էր Հայաստանի մշակութային կեանքին հետ: Իր կազմակերպչական աշխատանքով ան ներդրում ունեցած է մշակութային ծրագիրներու իրականացման, հայ արուեստի հանրահռչակման եւ միջազգային մշակութային համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ:


