Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

November 4, 2026
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Պատմական Յիշողութեան Ոչնչացումը Չի Կրնար Դառնալ Միջազգային Անտարբերութեան Հերթական Լուռ Էջ Մը. Դիմում`  ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի Պատասխանատուներուն

Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կեդրոնի տնօրէն Լազարիա Էլունտու Ասոմոյին եւ նոյն կեդրոնի փոխտնօրէն Ճեոտի Հոսակրահարին ուղարկուած են մանրամասն տեղեկատուութիւն եւ փաստացի նիւթեր` 2020-ի պատերազմէն ի վեր Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ կատարուած մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, քանդումին, իւրացման եւ պատմական ինքնութեան խեղաթիւրման արձանագրուած դէպքերուն վերաբերեալ: Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանի գրասենեակէն կը յայտնեն, որ ներկայացուած նիւթերուն մէջ փաստագրուած եւ համակարգուած են Արցախի պատմական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան վերաբերող հիմնահարցերը` առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնելով հայկական եկեղեցիներու, վանքերու, խաչքարերու, գերեզմանոցներու, յուշահամալիրներու եւ պատմական յիշողութեան այլ կարեւոր վկայութիւններու նկատմամբ իրականացուած գործողութիւններուն:

Ստորեւ` այս գծով յայտարարութիւնը.

«Նիւթերի ներկայացման նպատակն է` միջազգային մասնագիտական եւ իրաւասու կառոյցների ուշադրութիւնը հրաւիրել Արցախի մշակութային ժառանգութեան առջեւ ծառացած շարունակական վտանգների վրայ, նպաստել արձանագրուած դէպքերի պատշաճ ուսումնասիրութեանը եւ հասնել մշակութային արժէքների պահպանութեանն ուղղուած  յստակ ու արդիւնաւէտ միջոցների ձեռնարկմանը:

«Միջազգային հանրութեան լռութիւնը չի կարող արդարացնել մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը

«Արցախի մշակութային ժառանգութեան դէմ իրականացուող գործողութիւնների շարունակականութիւնը լուրջ հարցեր է առաջացնում միջազգային կազմակերպութիւնների` իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները կատարելու պատրաստակամութեան, հետեւողականութեան եւ արդիւնաւէտութեան վերաբերեալ:

«Չնայած մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան կարեւորութեան մասին բազմիցս հնչեցուած յայտարարութիւններին` միջազգային կառոյցների արձագանգը յաճախ չի ուղեկցւում այնպիսի հրատապ, գործնական եւ արդիւնաւէտ միջոցներով, որոնք կարող են կանխել պատմամշակութային արժէքների անդառնալի կորուստը:

«Միջազգային կազմակերպութիւնների առաքելութիւնը չի կարող սահմանափակուել` մտահոգութիւն արտայայտելով, յայտարարութիւններ տարածելով կամ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան համընդհանուր սկզբունքները վերահաստատելով: Այդ սկզբունքները գործնական նշանակութիւն են ձեռք բերում միայն այն ժամանակ, երբ դրանց յետեւում կանգնած են` հետեւողական վերահսկողութիւն, անկախ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններ, կանխարգելիչ գործողութիւններ եւ իրաւական պատասխանատուութեան ապահովմանն ուղղուած միջոցներ:

«Յայտարարութիւններն առանց գործողութիւնների` չեն կարող փոխարինել պատասխանատուութեանը

«Երբ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, վնասման կամ պատմական ինքնութեան խեղաթիւրման վերաբերեալ ահազանգերը չեն յանգեցնում` համարժէք վերահսկողութեան, անկախ փաստահաւաք առաքելութիւնների, շարունակական մշտադիտարկման եւ կանխարգելիչ միջոցառումների, հիմնաւոր հարցեր են առաջանում միջազգային պաշտպանութեան գործիքակազմերու արդիւնաւէտութեան վերաբերեալ:

«Միջազգային անգործութիւնը եւ անպատժելիութեան վտանգը

«Միջազգային կազմակերպութիւնների արձագանգի անբաւարարութիւնը, ուշացած միջամտութիւնը եւ գործնական քայլերի պակասը կարող են ծանր ու անդառնալի հետեւանքներ ունենալ Արցախի մշակութային ժառանգութեան համար: Երբ վտանգուած յուշարձանների պահպանութեան ուղղութեամբ անհրաժեշտ միջոցները ժամանակին չեն ձեռնարկւում, իւրաքանչիւր ուշացում մեծացնում է պատմական վկայութիւնների վերջնական կորստի հաւանականութիւնը:

«Աւելի՛ն. միջազգային կառոյցների շարունակական անգործութիւնը  կարող է նպաստել անպատժելիութեան մթնոլորտի ամրապնդմանը` ստեղծելով այնպիսի պայմաններ, որոնցում մշակութային արժէքների ոչնչացումը, դրանց պատմական պատկանելութեան ժխտումը կամ ինքնութեան խեղաթիւրումը կարող են շարունակուել առանց բաւարար կանխարգելման եւ պատշաճ իրաւական գնահատականի:

«Այն իրավիճակում, երբ վտանգի մասին տեղեկութիւնները հասանելի են, իսկ մշակութային արժէքների կորուստը կարող է անդառնալի լինել, անգործութիւնն այլեւս չի կարող դիտարկուել որպէս պարզապէս չէզոք դիրքորոշում:

«Միջազգային կառոյցների պատասխանատուութեան հարցը պէտք է դիտարկուի ոչ միայն նրանց հրապարակային յայտարարութիւնների, այլեւ իրենց իրաւասութիւնների եւ ստանձնած պարտաւորութիւնների շրջանակում ձեռնարկուած կամ չձեռնարկուած յստակ քայլերի համածիրում:

«Հանրային յայտարարութիւններն ու ընդհանուր բնոյթի կոչերը չեն կարող համարուել բաւարար արձագանգ, երբ վտանգուած են յուշարձաններ, որոնք հազարամեակների պատմութեան, ժողովրդի ինքնութեան, հոգեւոր ժառանգութեան եւ պատմական յիշողութեան անփոխարինելի վկայութիւններն են:

«Ի՞նչ արժէք ունեն մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին միջազգային հռչակուած սկզբունքները, եթէ դրանց գործնական կիրառումը չի ապահովում վտանգուած արժէքների արդիւնաւէտ պաշտպանութիւնը:

«Այս հարցը պահանջում է յստակ պատասխան, ոչ թէ` հերթական ընդհանուր յայտարարութեան, այլ փաստերի ուսումնասիրութեան, պատասխանատու կառոյցների հաշուետուողականութեան եւ իրական արդիւնքների միջոցով:

«Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը համամարդկային արժէք է

«Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը միայն հայկական պատմական յիշողութեան պահպանութեան խնդիր չէ: Այն համամարդկային մշակութային արժէքների, ժողովուրդների պատմական ինքնութեան, կրօնական եւ մշակութային բազմազանութեան ու համաշխարհային ժառանգութեան պաշտպանութեան հրամայական է:

«Պատմամշակութային յուշարձանների ոչնչացումը կամ դրանց պատմական ինքնութեան խեղաթիւրումը վնաս է հասցնում ոչ միայն տուեալ ժողովրդի ժառանգութեանը, այլեւ` մարդկութեան ընդհանուր պատմական յիշողութեանը:

«Հետեւաբար միջազգային հանրութեան պատասխանատուութիւնը չի կարող սահմանափակուել մտահոգութիւն յայտնելով կամ մշակութային արժէքների պահպանութեան կարեւորութիւնը վերահաստատելով: Այն ենթադրում է` հետեւողական վերահսկողութիւն, անկախ փաստահաւաք աշխատանք, մասնագիտական գնահատականներ, իրաւական գործիքակազմների կիրառում եւ անհրաժեշտ միջոցների ձեռնարկում:

«ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի եւ միջազգային այլ իրաւասու կառոյցների գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը պէտք է գնահատուի նաեւ այն հարցով, թէ որքանո՛վ են նրանց գործողութիւններն իրականում նպաստում վտանգուած մշակութային արժէքների պահպանութեանը եւ կանխում դրանց անդառնալի կորուստը:

«Անհրաժեշտ է անյապաղ անցնել յայտարարութիւններից դէպի յստակ գործողութիւնների

«Արցախի մշակութային ժառանգութեան  մարդու իրաւունքների պաշտպանի գրասենեակը կոչ է անում ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին եւ միջազգային այլ իրաւասու կառոյցներին`

«Իրականացնել անկախ եւ շարունակական մշտադիտարկում` Ազրպէյճանի կողմից ժամանակաւորապէս բռնազաւթուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքում գտնուող մշակութային ժառանգութեան կառոյցների ներկայիս վիճակը գնահատելու եւ փոփոխութիւնները փաստագրելու նպատակով:

«Ապահովել անկախ մասնագիտական առաքելութիւնների մուտքը համապատասխան տարածքներ` յուշարձանների փաստացի վիճակն ուսումնասիրելու, վնասներն արձանագրելու եւ դրանց պահպանութեան համար անհրաժեշտ միջոցները գնահատելու նպատակով:

«Հրապարակել մասնագիտական գնահատականներ եւ փաստագրուած տուեալներ` արձանագրուած ոչնչացման, վնասման, իւրացման եւ պատմական ինքնութեան խեղաթիւրման դէպքերի վերաբերեալ:

«Ձեռնարկել անհրաժեշտ կանխարգելիչ եւ պաշտպանական միջոցներ` միջազգային իրաւունքի եւ համապատասխան կառոյցների իրաւասութիւնների շրջանակում` մշակութային ժառանգութեան հետագայ կորուստները բացառելու համար:

«Ապահովել իրաւական գնահատականների եւ պատասխանատուութեան հարցի պատշաճ քննութիւնը` մշակութային ժառանգութեան դէմ կատարուած գործողութիւնների վերաբերեալ` կիրառելի միջազգային իրաւունքի չափանիշներին համապատասխան:

«Հրապարակայնօրէն ներկայացնել ձեռնարկուած քայլերի եւ դրանց արդիւնքների վերաբերեալ տեղեկատուութիւն` ապահովելով միջազգային կառոյցների գործունէութեան թափանցիկութիւնն ու հաշուետուողականութիւնը:

«Միջազգային կառոյցների հեղինակութիւնը պէտք է չափուի ոչ թէ յայտարարութիւնների քանակով, այլ` կանխուած վանտալիզմի դէպքերով, պահպանուած յուշարձաններով եւ ապահովուած պատասխանատուութեամբ:

«Արցախի մշակութային ժառանգութեան  գրասենեակը շարունակելու է հետեւողականօրէն փաստագրել Արցախի մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ իրականացուող գործողութիւնները` այդ նպատակով օգտուելով նաեւ ոլորտային մասնագիտացուած կառոյցների եւ փորձագէտների հրապարակումներից, գիտական ու ակադեմական հետազօտութիւններից, ինչպէս նաեւ` առկայ փաստագրական եւ վերլուծական նիւթերից: Հաւաքագրուած եւ ուսումնասիրուած տուեալները կը ներկայացուեն միջազգային կառոյցներին` պահանջելով դրանց պատշաճ ուսումնասիրութիւն, համարժէք եւ հետեւողական արձագանգ, ինչպէս նաեւ` մշակութային ժառանգութեան պահպանութեանն ուղղուած յստակ, արդիւնաւէտ եւ գործնական քայլերի իրականացում:

«Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ոլորտում միջազգային պարտաւորութիւնների իրական նշանակութիւնը դրսեւորւում է ոչ թէ միայն դրանց հրապարակային վերահաստատմամբ, այլեւ` դրանց հետեւողական կատարմամբ:

«Հետեւաբար անհրաժեշտ է ոչ միայն արձանագրել ստեղծուած իրավիճակը, այլեւ` յստակ գնահատել ձեռնարկուած միջոցների արդիւնաւէտութիւնը եւ բացայայտել այն բացերը, որոնք թոյլ են տալիս շարունակուել մշակութային արժէքների նկատմամբ իրականացուող վնասաբեր գործողութիւններին:

«Պատմական յիշողութեան ոչնչացումը չի կարող դառնալ միջազգային անտարբերութեան հերթական լուռ էջը:

«Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը պահանջում է ոչ միայն խոստումներ, այլեւ` գործողութիւններ, ոչ միայն մտահոգութիւն, այլեւ` պատասխանատուութիւն: Լռութիւնը չի փրկում յուշարձանները, իսկ ուշացած արձագանգը չի կարող վերադարձնել անդառնալիօրէն կորցրած պատմական արժէքները:

«Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը միջազգային հանրութեան պարտաւորութիւնն է, իսկ դրա պահպանութիւնը` պատմութեան, արդարութեան եւ ապագայ սերունդների առջեւ պատասխանատուութիւն»:

ՔՈՓ17-ի Գումարման Վայրին Առջեւ Արցախցիները Բարձրացուցին Գերիներուն Եւ Բռնի Տեղահանուած Արցախցիներուն Հարցերը

Հոկտեմբեր 28-ին արցախցիները բողոքի ցոյց կատարեցին Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մօտ, ուր տեղի կ՛ունենան ՔՈՓ17-ի ժողովները` բարձրաձայնելով Արցախի բնակչութեան իրաւունքներու, Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հայրենիքի, հայ գերիներու եւ բռնի տեղահանուած արցախահայերուն հարցերը:

Ցոյցին մասնակիցները նշեցին, որ ՔՈՓ17 համաժողովի ծիրին մէջ կ՛անտեսուին Արցախի ժողովուրդին խնդիրներն ու մշակութային ժառանգութիւնը: Անոնք նաեւ սեփական ցուցադրութիւն կազմակերպած էին` ներկայացնելով Արցախի պատմութիւնը, մշակոյթը, երաժշտութիւնն ու խոհանոցը:

Հաղորդենք, որ ՔՈՓ17-ի մէջ արցախցիներուն մերժեցին տաղաւար տրամադրել, «Արցախ միութեան» դիմումը մերժուած է` առանց որեւէ պատճառաբանութեան: Առցանց ընթացակարգով լրացուած դիմումի պատասխանին մէջ նշուած է միայն, որ տաղաւար չի տրամադրուիր:

Մայր Աթոռի Մէջ Քննարկուեցան Արցախահայութեան Հասարակական Հարցերն Ու Իրաւունքներու Պաշտպանութիւնը

Հոկտեմբեր 29-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Օքսֆորտի համալսարանի Պլեքֆրայըրս Հոլի Լաս Քասասի հասարակական արդարութեան ուսումնարանի տնօրէն, աւագ գիտաշխատող դոկտոր Հիւկօ Սլիմը:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց եկեղեցւոյ հոգեխնամ եւ ազգապահպան առաքելութեան, բռնի տեղահանուած արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հասարակական հարցերուն, ինչպէս նաեւ` Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ուղղուած քայլերուն: Կարեւոր նկատուեցաւ քրիստոնէական եկեղեցիներու, գիտական շրջանակներու եւ մարդասիրական կառոյցներու գործակցութիւնը` ի նպաստ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հասարակական արդարութեան հաստատման:

Յայտնենք, որ զրոյցին ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան` Պլեքֆրայըրս Հոլի ու Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի հայոց թեմի միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման, արցախահայութեան իրաւունքներու եւ հայկական ժառանգութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ ակադեմական հետազօտութիւններու կազմակերպման եւ Օքսֆորտի մէջ գիտաժողովներու իրականացման շուրջ: Քննարկուեցան նաեւ Պլեքֆրայըրս Հոլի մէջ հոգեւորականներու ուսումնառութեան եւ հետազօտական աշխատանքի կարելիութիւնները:

Հրաչեայ Աճառեանի Ծննդեան 150-Ամեակին Նուիրուած Գիտաժողով ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի Մէջ

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակի տօնական ձեռնարկներու ծիրին մէջ Փարիզի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կենդրոնակայանին մէջ կայացաւ անուանի հայագէտ, լեզուաբան եւ ակադեմիկոս Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած գիտաժողով` «Կեանքը գիտութիւն. Հրաչեայ Աճառեան» խորագրով: Գիտաժողովին ներկայ գտնուեցան` կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Տիգրան Վիրաբեանը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, հայագիտութեան ոլորտին մէջ մասնագիտացող գիտնականներ եւ ուսանողներ:

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հաղորդումով, գիտաժողովը նուիրուած էր Աճառեանի գիտական ժառանգութեան արժեւորման եւ հայ լեզուաբանութեան զարգացման գործին նշանակալի աւանդին: Աճառեանի ուսումնասիրութիւնները հայոց լեզուի ծագման, պատմութեան, բարբառներու եւ այլ լեզուներու հետ առնչութեան կարեւոր ներդրում ունեցած են ո՛չ միայն հայագիտութեան, այլեւ` լեզուաբանական համաշխարհային գիտութեան մէջ:

Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի նախաձեռնութեամբ:

Նախօրէին տեղի ունեցաւ նաեւ Հանրապետութեան հրապարակի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած «Հրապարակը եւ ժամանակը. անցեալից ապագայ» խորագրով ցուցահանդէսին բացումը:

Ձեռնարկներու շարքը եզրափակուեցաւ «Հովեր» պետական սենեկային երգչախումբի եւ Վահագն Հայրապետեան թրիոյի միացեալ համերգով:

Յիշեցնենք, որ նախորդ տարի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր խորհրդաժողովի 43-րդ նստաշրջանին որոշուած էր հայ ականաւոր լեզուաբան, ակադեմիկոս Հրաչեայ Աճառեանի (1876-1953 թ.) ծննդեան 150-ամեակը, ինչպէս նաեւ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի շինարարութեան մեկնարկի (1927 թ.) 100-ամեակը ընդգրկել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2026-2027 թուականներու օրացոյցին մէջ:

 

 

Նախորդը

Սանճագի Հանրաքուէ Ընտրութիւնները Եւ Դէպի Թրքացում Գործնական Ընթացքը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 28, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 21, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.