ՊԵՏՐՈՍ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Հայրենադարձ
Աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրին մէջ մթնոլորտը փոթորկալից զգացումներով լեցուն է:
Պիտի չմտնեմ այս կացութեան թեքնիք մանրամասնութիւններուն մէջ. կարճ ըսած, քաղաքապետութիւնը որոշած է տեղադրել պատնէշներ, որոնք, կրթահամալիրին կարծիքով, վտանգաւոր կացութիւն կը ստեղծեն, որովհետեւ աշակերտները կը ստիպեն ոչ ամբողջովին ապահով գօտիի մէջ քալելու, եւ կրթահամալիրին ներկայացուցիչները կոչ կ՛ուղղեն քաղաքապետութեան յետս կոչելու այս ծրագիրը:
Բայց անցեալ ուրբաթ օր ուշադրութիւնս գրաւեց երեւոյթ մը, երբ կրթահամալիրի հիմնադիր տնօրէնը հանրային քննարկում մը ունեցաւ համայնքի ներկայացուցիչի մը հետ, որ, եթէ ոչ թեքնիք մակարդակի վրայ, ապա գործնականին մէջ իշխող կուսակցութեան մաս կը սեպուի:
Այս վէճի ամբողջ ընթացքին կրթահամալիրի ներկայացուցիչները կոչ ուղղեցին անկեղծ ու կառուցողական երկխօսութեան` յուսալով հասնիլ համաձայնութեան մը` հարցը առանց բախումի լուծելու համար:
Բայց այս վէճի ընթացքին համայնքի ներկայացուցիչը վրաս ձգեց «վերէն նայող»-ի կամ «հովանաւորող»-ի տպաւորութիւնը, որ ինծի յիշեցուց նոյն այն մարտավարութիւններն ու հնարքները, խօսելաոճն ու արհեստական կարգապահութիւնը, որոնք կը գործադրուին արդէն 8 տարիէ ի վեր` Քաղաքացիական պայմանագիրի իշխանութեան գալէն ի վեր:
Նոյն լաւ մարզուած վերաբերմունքը` կրկնելու համար նոյն արտայայտութիւնները. «Չկայ նման բան», «Պատնէշները գեղեցիկ, սիրուն գոյներով ներկելու ենք», «Մտահոգուելու ոչինչ չկայ», «Յարգանքով ձեզ կը վստահեցնենք», «Ձեր մտահոգութիւններն ու մտավախութիւնները տեղին չեն», «Ես ձեզ վստահեցնում եմ»:
Բայց տպաւորութիւնս այն էր, որ այս «վստահեցումները» եւ «ինքնավստահ հանդարտեցնող արտայայտութիւնները» հակառակ ազդեցութիւնը ունեցան եւ ընդունուեցան կասկածամտութեամբ ու անվստահութեամբ «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի հիմնադիր պարոն Աշոտ Բլէեանի կողմէ:
Եւ եթէ պարագան այս է, կրնա՞նք զինք մեղադրել:
Այսպէս կոչուած, «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ի վեր, երբ փայլուն խոստումներ տրուեցան գրեթէ ամէն մարզի մէջ` ընկերային, տնտեսական, աշխատանքի ճգնաժամին վերջ տալու, «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», «Յաղթելու ենք», «Հայաստանը սիրոյ եւ համերաշխութեան դարաշրջան պիտի ապրի», ի՞նչ պատահեցաւ: Վստահ եմ` իմաստ չունի յիշեցնել, թէ ինչպէ՛ս գրեթէ ամէն բնագաւառի մէջ ճիշդ հակառակը պատահեցաւ:
Ամէն անգամ, այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան բանակցութիւններու» մասին խօսելու ընթացքին, ո՛վ որ քաղաքագիտութեան հիմնական դրոյթները կը հասկնայ կամ պատմութեան նուազագոյն իմացութիւնը ունի, գիտէ, թէ ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ, փոխադարձ զիջումներով խաղաղութեան բանակցութիւն չէ, այլ` ազրպէյճանական պահանջներու անվերջանալի ցանկ մը, եւ այս ծիրին մէջ ամէն անգամ կը լսենք. «Ո՛չ, ո՛չ, ատիկա ձեր ցնորքն է, մտահոգուելիք ոչինչ կայ»:
Եւ ամէն անգամ ի վերջոյ կ՛անդրադառնանք, որ մեր վախերը ցաւօք սրտի տեղին էին, բայց կը լսենք նոյն գաղափարը. «Ոչինչ, անցանք առաջ»:
Չեմ ուզեր դատել: Քրիստոս ըսաւ, թէ միայն երկնաւոր Տէրը գիտէ մտադրութիւնները. թերեւս համայնքի ներկայացուցիչը անկեղծ է:
Բայց իրողութիւնը այն է, որ նոյնիսկ եթէ որեւէ մարզի մէջ ոեւէ ղեկավար, որ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան խումբին մաս կը սեպուի` ըլլայ քաղաքականութեան, թէ ծառայութիւններու մատուցման ոլորտներուն մէջ, դէմ յանդիման պիտի գտնուի նոյն ճգնաժամին. կայ ճգնաժամ մը, ուր ամբողջ համակարգը, ոչ միայն քաղաքական մակարդակի վրայ, կորսնցուցած է կապն ու հաղորդակցութիւնը Հայաստանի քաղաքացիներուն հետ, ա՛լ չենք խօսիր հայկական սփիւռքի մասին, եւ այս պատճառով ալ ՔՊ-ի ներկայացուցիչներուն համար շատ դժուար պիտի ըլլայ վայելել կամ ներշնչել որոշակի ապահովութիւն ու վստահութիւն, եւ ԱՀԱ ԱՅՍՏԵՂ Է ԲՈՒՆ ՃԳՆԱԺԱՄԸ:


