ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

«Առաւօտ լուսոյ, յոյս լուսոյ, արեգակն արդար…»
Կան կեանքեր, որոնք իրենց ժամանակով չեն սահմանափակուիր։ Կան ծառայողներ, որոնց ֆիզիքական ներկայութիւնը թէեւ կը դադրի, սակայն անոնց տեսիլքը, գործը, հաւատքը եւ թողած ժառանգութիւնը կը շարունակեն խօսիլ յաջորդ սերունդներուն։
Այսօր՝ 25 Սեպտեմբեր 2026-ին, կը լրանայ իմ սիրելի եղբօրս՝ Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի վախճանման 26-րդ տարելիցը։
Քսանվեց տարիներ անցած են այն օրէն, երբ անոր երկրային առաքելութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Սակայն տարիներու հեռաւորութիւնը չկրցաւ մարել անոր յիշատակը, ոչ ալ նսեմացնել անոր ծառայութեան արժէքը։ Ընդհակառակը՝ ժամանակի ընթացքին աւելի յստակ կը տեսնենք այն մեծ ճանապարհը, զոր ան անցաւ՝ հաւատքով, տեսիլքով, պատասխանատուութեամբ եւ անշահախնդիր նուիրումով։
Վերապատուելի Մովսէս Ճանպազեան իր կեանքը նուիրեց Աստուծոյ փառքին, Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին ծառայութեան, ինչպէս նաեւ մարդկային արժանապատուութեան պահպանման ու բարձրացման գործին։ Ան այն հոգեւոր առաջնորդներէն էր, որոնց համար ծառայութիւնը պարզապէս պաշտօն մը չէր, այլ՝ կեանքի կոչում եւ սրբազան պարտականութիւն։
Ան բարձր պատասխանատուութեամբ ստանձնեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարիչ Գործադիր Տնօրէնի ծանր ու պատասխանատու պաշտօնը եւ իր երկարամեայ ծառայութեամբ մեծապէս նպաստեց կազմակերպութեան հոգեւոր, կրթական, մարդասիրական եւ ազգային առաքելութեան ընդարձակման ու ամրապնդման։
Մովսէս Ճանպազեանի տեսլականը, սակայն, երբեք սահմանափակուած չէր մէկ համայնքով կամ մէկ երկիրով։ Ան իր ծառայութիւնը տարածեց տարբեր աշխարհամասերու եւ համայնքներու վրայ՝ դառնալով հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու ազգային կարիքներուն արձագանգող առաջնորդ մը։
Ան նաեւ ստանձնեց Համաշխարհային Հայ Աւետարանական Համայնքի Ընկերակցութեան նախագահի պատասխանատուութիւնը եւ միջազգային հարթակներու վրայ իր ներկայութեամբ ներկայացուց հայ Աւետարանական համայնքը՝ արժանապատուութեամբ, գիտակից հաւատքով եւ լայնախոհ ոգիով։ Բազմաթիւ համաշխարհային հոգեւոր կառոյցներու, եկեղեցական վարչութիւններու եւ միջեկեղեցական համագործակցութիւններու մէջ իր մասնակցութեամբ ան հանդիսացաւ կամուրջ մը՝ տարբեր եկեղեցիներու, համայնքներու եւ հոգեւոր շարժումներու միջեւ։
Մովսէս Ճանպազեանի ծառայական տեսիլքին մէջ առանձնայատուկ տեղ ունէր Հայաստանը։
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ, երբ հայրենիքը կը դիմագրաւէր ծանր ու դժուարին պայմաններ, ան իր ուշադրութիւնը եւ գործնական աջակցութիւնը ուղղեց դէպի Հայաստան՝ հաւատալով, որ վերանկախացած հայրենիքի հոգեւոր, կրթական եւ ընկերային վերակառուցումը համահայկական պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն է։
Ան իր մասնակցութիւնն ու աջակցութիւնը բերաւ եկեղեցաշինութեան, հոգեւոր ծառայութեան, հովիւներու պատրաստութեան, երիտասարդական ծրագիրներու եւ մարդասիրական նախաձեռնութիւններու զարգացման։ Իր տեսիլքով եկեղեցին միայն աղօթքի վայր մը չէր, այլ՝ հաւատքի, բարոյական արժէքներու, կրթութեան եւ ազգային ինքնութեան կենդանի կեդրոն։
Այդ տեսիլքի վառ արտայայտութիւններէն մէկը եղաւ Երեւանի Աւետիսեան վարժարանը, որ դարձաւ այն կրթական օճախներէն մէկը, ուր նոր սերունդներ ստացան որակեալ կրթութիւն՝ քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներու հիման վրայ։
Այսօր, երբ կը դիտենք այդ կրթական առաքելութեան շարունակութիւնը, աւելի լաւ կը հասկնանք Մովսէսի տեսիլքի խորութիւնը։ Ան կը կառուցէր ոչ միայն դպրոցներ ու կառոյցներ, այլ՝ մարդ եւ սերունդ։
1988-ի Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենացավալի էջերէն մէկը եղաւ։
Այդ օրերուն Մովսէսը չմնաց հեռուէն դիտող մը։ Ան անմիջապէս արձագանգեց աղէտի գօտիին եւ իր կարելի բոլոր միջոցներով ձեռնամուխ եղաւ մարդասիրական օգնութեան կազմակերպման ու համակարգման աշխատանքին։
Օգնութիւնը անոր համար լոկ նիւթական օժանդակութիւն չէր։ Անոր համար անիկա հայուն կողքին կանգնելու պարտք էր։
Մովսէս Ճանպազեանի ծառայական տեսիլքին մէջ իր ուրոյն տեղը ունէր նաեւ Արցախը։
Ան այն հոգեւոր առաջնորդներէն էր, որոնք Արցախի հայութեան մէջ կը տեսնէին ոչ միայն մարդասիրական, այլեւ հոգեւոր ու ազգային զարթօնքի անհրաժեշտութիւնը։ Ան իր աջակցութիւնը բերաւ եկեղեցական կեանքի վերակենդանացման, պատանիներու եւ երիտասարդներու ճամբարներու կազմակերպման, հոգեւոր դաստիարակութեան եւ բարեսիրական բազմաթիւ ծրագիրներու։
Ան կը հաւատար, որ Արցախի հայութիւնը պէտք է զգար ոչ միայն իր հողին, այլեւ համայն հայութեան հոգատար ներկայութիւնը։
Ափսոս, այսօր Արցախը եւս գերի մնացած է, իսկ բռնի տեղահանուած արցախահայութիւնը՝ տարագիր։
Ծառայութիւն՝ աշխարհի տարբեր համայնքներու մէջ Վերապատուելիի գործունէութիւնը չսահմանափակուեցաւ Հայաստանով եւ Արցախով։
Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի, Լատինական Ամերիկայի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւններու մէջ ան իր մասնակցութիւնն ու աջակցութիւնը բերաւ հոգեւոր, կրթական, ազգային եւ մարդասիրական բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու։
Ամերիկայի Նիւ Ճըրզի նահանգին մէջ ան եղաւ Հայ Աւետարանչական նոր կեդրոնի մը ստեղծման նախաձեռնողներէն՝ նպաստելով հոգեւոր ծառայութեան, կրթական գործունէութեան եւ համայնքային ծրագիրներու զարգացման։
Իր քարոզներով, հրապարակային ելոյթներով, գրական աշխատանքներով եւ համաժողովներու նախաձեռնութեամբ՝ ան փորձեց սերունդները կապել իրարու, անցեալը վերածել փորձառութեան, իսկ ներկան՝ ապագայի պատասխանատուութեան։
Մովսէսի համար հայապահպանութիւնը միայն լեզուի կամ մշակոյթի պահպանումը չէր։ Ան կը հաւատար, որ հայը պէտք է պահպանէ նաեւ իր հաւատքը, արժէքները, ծառայութեան ոգին եւ ազգային պատասխանատուութիւնը։
Այս բոլորը արձանագրելը, սակայն, մէկ կողմն է։ Իբրեւ եղբայր՝ ես Մովսէսը կը յիշեմ նաեւ բոլոր պաշտօնական հանգամանքներէն անդին։
Կը յիշեմ եղբայրս՝ իր պարզութեամբ, իր խոնարհութեամբ, իր աշխատասիրութեամբ, իր մարդկային ջերմութեամբ եւ, ամէնէն առաջ, իր հաւատքով։
Իր կեանքը մեծ բեմերու վրայ ապրուած ծառայութիւն մըն էր, բայց անոր մեծութիւնը կը զգացուէր նաեւ առօրեայ պարզ պահերուն մէջ։ Ան իր խօսքով ու գործով կը ներշնչէր, որ մարդուն իսկական արժէքը իր ունեցած դիրքով չէ, այլ՝ այն հետքով, զոր ան կը թողու ուրիշներու կեանքին մէջ։
Քսանվեց տարի անցած է իր առ յաւէտ մեկնումէն, սակայն ընտանիքիս եւ ինծի համար Մովսէսի յիշատակը երբեք անցեալին պատկանող յիշողութիւն մը չէ եղած։ Ան մեր կեանքին մէջ կը շարունակէ ապրիլ՝ իր խօսքով, իր գործով, իր թողած օրինակով եւ այն հազարաւոր կեանքերով, որոնց դպաւ իր ծառայութեան տարիներուն։
Այսօր, երբ կը կանգնիմ անոր յիշատակին առջեւ, եղբայրական հպարտութիւնը կը միախառնուի կարօտին հետ։
Եւ կը մտածեմ՝ որքան ճիշդ է, որ կեանքը կը չափուի ոչ թէ ապրուած տարիներու թիւով, այլ՝ ծառայութեան խորութեամբ եւ թողած ժառանգութեան երկարութեամբ։
Մովսէսը մեզմէ հեռացաւ 26 տարի առաջ, սակայն իր տեսիլքը չմեռաւ։ Իր ծառայութեան հետքերը տակաւին կը տեսնուին կրթական հաստատութիւններու, եկեղեցական կեանքի, մարդասիրական նախաձեռնութիւններու եւ, ամէնէն առաջ, իրեն ճանչցող ու իր ծառայութենէն ներշնչուած մարդոց կեանքին մէջ։
Այսօր, աղօթքով եւ երախտագիտութեամբ, կը խոնարհինք իր յիշատակին առջեւ։
Կը յիշենք ոչ միայն Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանը՝ իբրեւ հոգեւոր առաջնորդ, այլ նաեւ Մովսէսը՝ ընտանիքի արժանապատիւ հայր, ծառայութեան եւ տեսիլքի մարդը, իր ժողովուրդին ցաւը իր սրտին մէջ կրող գլխագիր Հայ Մարդը։
Ան իր կեանքը ապրեցաւ ի սպաս Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ, Հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին։
Եւ այսօր, 26 տարի անց, անոր թողած պատգամը կը մնայ նոյնքան կենդանի՝ հաւատալ, ծառայել եւ կառուցել։
Այդ է, թերեւս, ամենամեծ ժառանգութիւնը, զոր մարդ կրնայ ձգել իրեն յաջորդողներուն։
Յաւիտենական հանգիստ եւ լուսաւոր յիշատակ՝ Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանին։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
Թորոնթօ
25 Սեպտեմբեր 2026






