Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արցախի Մետիայի Ձայները» Փաստավաւերագրական Ժապաւէնը` Արցախի Յիշողութեան Ձայնը

September 18, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Արցախի պետական լրատուամիջոցները տասնամեակներէ ի վեր տեղեկատուական պատերազմի բովէն ներս պայքար մղած են բազմաճակատ հարթակի վրայ, բեւեռացուած աշխարհաքաղաքական պայմաններու մէջ, սակայն դիմակայած են ու քողազերծած ազրպէյճանական ապատեղեկատուութիւնն ու հակահայ քարոզչութիւնը:

Անցնող օրերուն Երեւանի մէջ կայացաւ Անի Մանկասարեանի հեղինակած «Արցախի մետիայի ձայները» փաստավաւերագրական ժապաւէնին շնորհահանդէսը: Ժապաւէնը կը ներկայացնէ Արցախի Հանրապետութեան տեղեկատուական դաշտի պետական երեք լրատուամիջոցներու` Արցախի հանրային ռատիոյի, «Ազատ Արցախ» թերթի եւ Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան կենսագրութիւնն ու գործունէութիւնը, Արցախի ազատագրութեան շարժման օրերէն մինչեւ Արցախի հայաթափման փուլ: Ժապաւէնին բեմադրիչն է Հրայր Աւետիսեան, նկարահանողը` Տիգրան Գասպարեան, անգլերէն թարգմանութիւնը` Անի Մեժլումեան:

Իբրեւ «Հորիզոն»-ի նախկին խմբագիր` 25 տարի համագործակցած եմ Արցախի լրատուամիջոցներու, լրագրողներու եւ խմբագիրներու հետ, ու այս վաւերագրականի շարք մը դրուագներու ընթացքին մտովի վերադարձ էր ազատ ու անկախ Արցախ:

Վաւերագրական այս ժապաւէնը հմտօրէն կը շաղկապէ փաստագրական յօրինուածքի տարրերն ու պատմական դէպքերու շարակարգութիւնը:

Ժապաւէնը` չափակշռութաւոր համանուագի նման, ժամանակագրական կարգով, կը սփռուի հանդիսատեսին դիմաց, ուր կը տողանցեն Արցախի նորագոյն պատմութեան դրուագները, որոնց խօսուն վկաները արցախցի լրագրողներն են, ա՛յն լրագրողները, որոնք պատերազմի յորձանուտին մէջ իսկ չեն խնայած իրենց կեանքը:

Արցախի հայութեան դժուարին ու դժնդակ այս օրերուն խիզախութիւն է նման վաւերագրական ժապաւէնի գաղափար յղանալն ու բեմադրելը: Այդ խիզախութիւնը ունեցած է Արցախի Վաղուհաս գիւղի զաւակ, լրագրող եւ հաղորդավար Անի Մանկասարեանը եւ այս ժապաւէնով կը պատմէ իր գործընկերներու տասնամեակներու վրայ թաւալող անձնուրացութեան ու նուիրումին մասին:

Շարժանկարը ունի իւրայատուկ պատմելաոճ. լրագրողներու եւ խմբագիրներու հետ հարցազրոյցներու վրայ հիմնուած` կը կերտուի ժապաւէնի կառուցուածքային պատումը եւ տրամախօսութեան հաղորդակից պահեր կը ստեղծէ: Պատմական յիշողութեան կը կամրջուին` կորուստը, կսկիծն ու եղեռնագործութիւնը:

Արցախի մետիան տարիներու ընթացքին հաւաքած էր վիթխարի արխիւ, փաստագրական վկայութիւններ, որոնց շտեմարանը պատմական վկայութեանց աղբիւր էր: Ժապաւէնին մէջ կը պատմուի նաեւ այդ արխիւի ճակատագրին մասին: Արխիւէն մաս մը գերմարդկային ճիգերով կը փրկուի, իսկ որոշ մաս մը հարկադրաբար կը հրկիզուի…

Ժապաւէնը կ՛արտացոլացնէ նաեւ Արցախի յաղթական գոյապայքարէն ու ազատագրումէն ետք լրագրողներու վկայութիւններուն ընդմէջէն ուրուագծուող բռնագաղթի ենթարկուած ու բռնադատուած ամբողջ ժողովուրդի մը հոգեվիճակի յետագիծը: Վկայութիւնն է այն արցախցի լրագրողի պատմութեան, որ լրագրութեան մասնագիտութիւնը մէկ կողմ դրած, արցախեան ազատագրական մարտերու ընթացքին, որպէս կամաւոր կը մեկնի ռազմաճակատ, եւ երբ գործընկերը հարց կու տայ, թէ ե՞րբ պիտի վերադառնայ խմբագրատուն, պատասխանը յստակ է եւ հնչեղ, «Երբ պատերազմը աւարտի»…

Այսօր, երբ օր ցերեկով կ՛այլանդակուի ու եղծման կ՛ենթարկուի Արցախի հայկականութեան դիմագիծը, երբ Արցախի ընդերքին մէջ կը քանդուին հայութեան հոգեւոր կառոյցներն ու պատմամշակութային կոթողները, փաստավաւերագրական այս ժապաւէնը կու գայ յուշելու, որ Արցախի դարաւոր ազգային դիմագիծի պահապանները եղած են նաեւ արցախցի լրագրողները: Արցախի լրագրողները` հաւատարիմ իրենց կոչումին, անձնուիրութեամբ իրագործած են իրենց առաքելութիւնը, լիովին կատարած են` պատերազմական յանցագործութիւններու, աւերածութիւններու եւ մարդկային պատմութիւններու արձանագրումը, քաղաքական իրավիճակի մասնագիտական վերլուծութիւնը, առաջնագծի թէժ կէտերուն վրայ ռազմական իրադարձութիւններու փաստագրումը:

Զգետնուած վիճակէն ու պարտութեան թմբիրէն վերականգնելու ու արարելու մասին հետեւեալ խօսքը ըսած է 27 տարի բանտարկուած, մարդկային իրաւանց պաշտպան, Հարաւային Ափրիկէի նախագահ Նելսըն Մանտելան. «Պատիւը կը պատկանի անոնց, որոնք երբեք չեն հրաժարիր ճշմարտութենէն, նոյնիսկ երբ իրավիճակը մռայլ ու անյուսալի կը թուի, անոնք, որոնք անընդհատ, վերստին ու վերստին կը փորձեն եւ երբեք չեն ընկճուիր վիրաւորանքներէն, նուաստացումներէն ու նոյնիսկ պարտութենէն»: Արցախի հանրային հեռուստաընկերութիւնը այսօր ընտրած է այդ ճանապարհը` չհրաժարիլ ճշմարտութենէն եւ շարունակել առաքելութիւնը:

Վաւերագրականի հեղինակ Անի Մանկասարեանի «Արցախի մետիայի ձայները» պատմութիւնն է այն լրագրող վկայախօսներուն, որոնք չվարանեցան յուսաբեկութեան ակնթարթին Արցախի յոյսի կոչնակները ղօղանջել ու նոր երգ յօրինել… Արցախի երգը, վերադարձի երգը…

 

 

 

 

Նախորդը

85-Ամեայ Առաքելութենէն Դէպի Նոր Ծրագիրներ

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.