Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ա.- Ջերմ Դիմաւորում
Ամբողջ օրը կաղապարուած, օրէնքներու ենթարկուած եւ ճիգ թափած երեխան կ՛ուզէ սիրուած եւ սպասուած զգալ: Հետեւաբար տաքուկ գրկխառնութիւն մը եւ երկու պաչիկ արդէն շատ բան կ՛ըսեն անոր:
***
Բ.- Պահ Մը` Առանց Հարցումներու
Դպրոցէն գերծանրաբեռնուած վերադարձող երեխան կ՛ուզէ որոշ ժամանակ մը լռել, շունչ քաշել` նախքան իրեն ուղղուած հազարումէկ հարցումներուն պատասխանելը: Հարցումներու տարափը կրնայ ջղագրգիռ դարձնել:
***
Գ.- Համեղ Նախընթրիք Մը Եւ Հանգիստ
Յոգնութիւնն ու անօթութիւնը ջղագրգիռ կը դարձնեն երեխան: Թեթեւ եւ համեղ նախընթրիք մը կը կարգաւորէ անոր յուզական աշխարհը եւ մասամբ կը թօթափէ անոր յոգնութիւնը:
***
Դ.- Ազատութիւն` Խաղալու Կամ Բան Մը Չընելու
Երկար կեդրոնացումէ, օրէնքներու ենթարկուելէ եւ նոր գիտելիքներ ամբարելէ ետք, երեխան շարժելու կամ պարզապէս բան մը չընելու կարիքը ունի վերականգնուելու համար:
***
Ե.- Զինք Լսելու Պատրաստ Ծնողք
Բաւարար է, որ երեխան զգայ, թէ իր կողքին զինք լսող եւ առանց դատելու զինք սիրող ծնողք ունի:
Անշուշտ վերը յիշուածները պէտք է տեղաւորել տրամաբանական ժամանակի մը մէջ, քանի որ քիչ թէ շատ կազդուրուած եւ հոգեպէս խաղաղած փոքրիկին կը սպասեն` յաջորդ օրուան դասերու պատրաստութիւնը, թեթեւ ընթրիքը, լոգանքը եւ անկողին ուղղուելու արարողութիւնը: Դպրոցական երեխան ժամը 8:00-ին անհրաժեշտ է, որ քնանալու պատրաստուի:
«Նորաձեւութիւնը
Բոլորին Համար Չէ…»
Նորաձեւութեան պատմաբան, ներքին յարդարանքի վարպետ եւ տասնեակ գիրքերու հեղինակ Ալեքսանտր Վասիլիեւի կարծիքով, «Նորաձեւութիւնը բոլորին համար չէ. անիկա հարուստներուն, անգործներուն եւ երիտասարդ գեղեցիկ կազմուածքի տէր անձերուն համար է: Մնացեալներուն համար հարկաւոր է ունենալ սեփական ոճ»:
Ըստ Վասիլիեւին, մէկ կողմէն` նորաձեւութիւնը խմբական խենթութիւն է, միւս կողմէն` անհնար է անկէ զերծ մնալը: Նորաձեւութեան հետեւիլը ծիծաղելի է, չհետեւիլը` յիմարութիւն: Այդ նուրբ բաժանարար գիծը գտնելը կը կոչուի ոճի զգացում:
Հանրածանօթ պիտակները գովազդ են յաճախորդի չկայացած ճաշակին համար: Եւ եթէ դուք ոտքէ գլուխ պիտակներով զգեստներ հագած էք, կը նշանակէ, որ դուք դարձած էք ձեր ամուսինին կամ սիրեկանին ցուցափեղկի նմուշ եւ կը նմանիք նորաձեւութեան տուներու գովազդներուն:
Լուրջի մի՛ առնէք եղանակէ եղանակ փոխուող նորաձեւութեան հոսանքները, անոնք ժամանակաւոր են եւ փոփոխական, մինչդեռ ոճը յաւերժական է:
Միշտ նկատի առէք ձեր արտաքին տուեալները եւ ընտրեցէք այնպիսի հագուստներ, որոնք կը յարմարին ձեր կազմուածքին: Միաժամանակ մի՛ ցուցադրէք թէ՛ կուրծքը եւ թէ՛ սրունքը: Ուշադիր եղէք մազերու գոյնին, խուսափեցէք վառ երանգներէն, ուշադիր ընտրեցէք անուշահոտն ու դիմայարդարումը: Ունեցէք չափի զգացում, մի՛ խառնէք երեք գոյնէ աւելին, 4-րդը` աւելորդ է:
Կինը պէտք է կողմնորոշուի իր ընկերային դիրքով, տարիքով, հնարաւորութիւններով: Փորձեցէք ծիծաղելի չդառնալ:
Եթէ ինծի հարցնէք, թէ հիմա ի՞նչը նորաձեւ է, կը պատասխանեմ, մերկ փորը, այլանդակ եղունգները, բարձրակրունկ կօշիկները, շիկահեր մազերը եւ գռեհիկ երեւալը: Աւելի քիչ գռեհկութիւն, մերկ փորեր, սիլիքոն…»
Պահպանեցէք առեղծուածային հոգին… կ՛եզրափակէ Վասիլեւը:
Նորաձեւութեան Մասին Կարծիքներ` Մեծերէն
– «Նորաձեւութիւնը կը հիննայ. ոճը` երբեք»:
Իվ Սեն Լորան
– «Վայելչութիւնը միակ գեղեցկութիւնն է, որ որ երբեք չի թառամիր»:
Օտրի Հեփպըրն
– «Ոճի եւ նորաձեւութեան միջեւ տարբերութիւնը որակն է»:
Ճորճիօ Արմանի
– «Մի՛ հետեւիր միտումներուն: Մի՛ ձգեր, որ նորաձեւութիւնը տիրէ վրադ, այլ որոշէ, թէ ո՛վ ես դուն, ի՛նչ կ՛ուզես արտայայտել քու հագուստովդ եւ ապրելակերպովդ»:
Ճիաննի Վերսաչէ
– «Նորաձեւութիւնը պէտք է ըլլայ փախուստի միջոց, եւ ոչ թէ` բանտարկութեան միջոց»:
Ալեքսանտըր Մաքքուին
– «Նորձեւութիւնը տգեղութեան այնքան անտանելի ձեւ է, որ մենք ստիպուած ենք զայն փոխել, իւրաքանչիւր 6 ամիսը անգամ մը»:
Օսքար Ուայլտ
– «Պարզութիւնը բարձրագոյն նրբագեղութիւնն է»:
Լէոնարտօ տա Վինչի
Ժամանց
Ձեր Ֆուլարին Երկրորդ
Կեանք Մը Տուէք
Ձանձրացէ՞ր էք ձեր կաշի, ծանր պայուսակներէն, եկէ՛ք պատրաստեցէք նորաձեւ, թեթեւ պայուսակ մը` հետեւելով ճափոնական ֆիւրոշիքի կոչուած ծրարաւորման ոճին:
Ընտրեցէք ձեր ճաշակին համապատասխանող մեծ, քառակուսի ֆուլար մը եւ նկարին բացատրութեան հետեւելով` քանի մը վայրկեանի ընթացքին զայն վերածեցէք ուսէն կախուող պայուսակի մը:
Այս առիթով յիշենք, թէ որքան պայուսակը ծանր է, այնքան մեծ է հոգեկան խանգարումներ ունենալու հաւանականութիւնը: Պայուսակին ծանրութիւնը ուղղակիօրէն կ՛ազդէ մարդու տրամադրութեան վրայ. ծանր բեռ ունենալը տխուր միտքեր կը յառաջացնէ եւ հոգեկան խանգարում կը պատճառէ:
***
Ֆիւրոշիքի աւանդական ճափոնական ծրարաւորման կտորներ են, որոնք աւանդաբար կ՛օգտագործուին իրեր ծրարելու: Այս կտորները սովորաբար քառակուսի կ՛ըլլան, պատրաստուած տարբեր նիւթերէ` մետաքս, բամպակ եւ այլն…
Ֆիւրոշիքին Ճափոնի պատմականօրէն ամենակարեւոր աքսեսուարներէն մէկն է. անիկա աւելի քան 1200 տարուան պատմութիւն ունի: Առաջին անգամ օգտագործուեր է որպէս ճափոնական տաճարներու թանկարժէք իրերու պաշտպանիչ կտոր:
Ներկայիս շատ ոճային է ֆիւրոշիքի ոճով նուէրներու ծրարումը, որ տարածուած է ամէնուրեք:
Ձեր Ննջասենեակը
Կը Պատմէ Ձեր Մասին
Ձեր ննջասենեակը շատ անձնական տարածք է, համադրութիւնը` ձեր սովորութիւններուն, յիշողութիւններուն, ձեր ընտրած իրերուն եւ առօրեային: Հոգեբանական կարգ մը ուսումնասիրութիւններու համաձայն, այս միջավայրը կրնայ որոշ պատկերացում մը տալ ձեր անհատականութեան որոշ գիծերուն մասին:
Այս իմաստով, ամենայայտնի ուսումնասիրութիւններէն մէկը կատարած է թեքսասի համալսարանի հոգեբան Սամուէլ Կոսլինկը, հետագային արդիւնքը հրապարակուեր է «Journal of Personality and social Pychology» թերթին կողմէ:
Եւ այսպէս, կոկիկ սենեակը` նուազագոյն խառնաշփոթով եւ տեսանելի կազմակերպութեամբ, յաճախ կը զուգորդուի բարեխիղճ անհատականութեան հետ. անձ մը, որ կը սիրէ ծրագրաւորել, կառուցել եւ հոգ տանիլ իր շրջակայ միջավայրին:
Հակառակ տարածուած կարծիքին, ոչ շատ կոկիկ սենեակը պարտադիր չէ, որ անկարգապահութեան նշան ըլլայ: Աւելի կենսուրախ տարածքը, որ լեցուն է առարկաներով, յուշանուէրներով, կրնայ արտացոլացնել մեծ ստեղծագործականութիւն եւ բաց միտք:
Որոշ հետազօտութիւններ նոյնիսկ կը վկայեն, որ քիչ մը թափթփած միջավայրը երբեմն կը խրախուսէ ինքնատիպ մտածողութիւնը եւ կ՛օգնէ ձերբազատուելու աւանդական քարացած սովորութիւններէն:
Ձեր սենեակը նաեւ կը պատմէ, թէ ի՛նչ կ՛ընտրէք ցուցադրելու համար` լուսանկարներ, յուշանուէրներ, գիրքեր, ձեզ ոգեշնչող առարկաներ կամ ձեր ճաշակը արտացոլացնող զարդարանքներ:
«Իտէալական» Սենեակ Չկայ»
Սենեակը կազմակերպելու միակ ճիշդ ձեւ չկայ: Ոմանք կը սիրեն, որ ամէն ինչ կատարեալ ըլլայ` իւրաքանչիւր իր տեղը, մինչդեռ ուրիշներ կը նախընտրեն աւելի ինքնաբուխ միջավայր: Երկու մօտեցումներն ալ ամբողջովին արդարացուած են:
Ինսթակրամի վրայ կամ ամսաթերթերուն մէջ ցուցադրուող անբասիր ննջասենեակ հարկաւոր չէ, պարտադիր չէ, որ ձեր սենեակը բեմադրուած լուսանկարի տեսք ունենայ` հաճելի ըլլալու համար:
Անկախ անկէ, թէ ձեր ննջասենեակը կատարեալ կազմակերպուա՞ծ է, թէ՞ ոչ, ան առաջին հերթին պէտք ըլլայ այն վայրը, ուր դուք ձեզ յարմարաւէտ կը զգաք:
Խոհագիր
Աղի Կրկնեփներ
150 կ չոր լոլիկ
100 կ կանաչ ձիթապտուղ
200 կ ֆեթա պանիր
1 թէյի դգալ աղ
կէս թէյի դգալ սեւ պղպեղ
1 ապուրի դգալ չոր խնկածաղիկ եւ խնկունի
3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
2 հաւկիթ
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:
Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել` ալիւրը, պանիրը, խնկունին, խնկածաղիկը, աղը եւ սեւ պղպեղը:
Աւելցնել մանր կտրատուած չոր լոլիկը եւ կանաչ ձիթապտուղը:
Երկրորդ ամանի մը մէջ հարել հաւկիթները, աւելցնել ձէթը եւ խառնել չոր բաղադրիչներուն հետ:
Ստացուած խմորէն գնդիկներ ձեւաւորել, տափակցնել եւ շարել թխման թուղթով ծածկուած ափսէին վրայ:
Եփել շուրջ քառորդ ժամ, մինչեւ որ կրկնեփները ոսկեգոյն դառնան: Հետեւիլ, որպէսզի չչորնան կամ չայրին:
Մատուցել խմիչքի կամ որեւէ թաթխանի կողքին:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
***
Ժամացոյցի սլաքները
սառը մկրատներ են.
առանց ողորմութեան, հատ-հատ
կտրատում են լռութիւնդ:
Ամէն մի կտորի հետ հասկանում ես,
որ լռութիւնը պատիժ չէ,
այլ միակ հայելին,
որը քեզ ցոյց է տալիս
ամբողջ հասակով մէկ,
բոլոր կողմերից
եւ առանց շպարի…
Երբ պատուհանից այնկողմ
լռում է քաղաքի աղմուկը,
քաղաքում մնում ես միայն դու…
Ու սենեակդ թւում է աշխարհի չափ մեծ,
աշխարհի չափ ծանր,
աշխարհի չափ դատարկ…
Մենութիւնը լցւում է ականջներդ,
սկսում է խշշալ:
Դու լսում ես սեփական արեանդ աղմուկը
ու զգում ես,
որ բոլոր աղմուկների մէջ
քեզ պատկանողը
այդ ձայնն է միայն…
Ապա գալիս է կարօտը,
քանդում է հենարաններդ,
խլում պատրանքներդ,
փշրում հպարտութիւնդ,
որ տեսնի` ոսկորներիդ տակ
ոգի՞ է, թէ՞ միայն մոխիր:
Ու վերջապէս հասկանում ես.
ինքդ քեզ գտնելու համար
պիտի մոլորուէիր ինքդ քո մէջ,
ու սեփական ներսից
դուրս գալու պահին թոյլ տայիր,
որ ժամանակն այրի այն ամէնը,
ինչը դու չէիր…
ՀԵՐՄԻՆԷ



