. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն աւարտին կը հասցնէ գործառնական չափորոշիչներու մշակումը, միացեալ քարտէսներու պատրաստութիւնը եւ ապագային լրացուցիչ փորձնական տարածքներ բանալու ճամբու քարտէսի ուրուագծումը, սակայն կը պահանջէ, որ Լիբանանը նոր տարածքները ապահովելու մանրամասն ծրագիրներ ներկայացնէ»:
. ԱՂԲԻՒՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իսրայէլեան բանակը Ալի Թահեր բարձունքին վրայ կը գործէ, առանց իր ամբողջական ներկայութիւնը հաստատելու, եւ «դանդաղ խածնելու» քաղաքականութեան կը հետեւի, ինչպէս նաեւ մարդկային կորուստները նուազեցնելու քայլով մը պատնէշներու կառուցման համար մարդամեքենաներ կ՛օգտագործէ»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ականաւոր պաշտօնատար մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանի մէջ շահագրգիռներու հասան պատգամներ, թէ Իսրայէլ Ալի Թահեր բարձունքի ճակատամարտը մղելու կը պատրաստուի եւ բարձր պատրաստուածութեան վիճակի մէջ է` սպասելով ամերիկեան ազդանշանին»:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իսրայէլեան լրատուամիջոցները աշխատանք կը տանին Ալի Թահեր բարձունքը իբրեւ «Հըզպալլայի Փենթակոն» եւ Հարաւի ղեկավարութեան կեդրոն ներկայացնելու, թէեւ Ժեզզինի, Ժապալ Ռէյհանի եւ 1982-էն ի վեր կուսակցութեան գտնուած վայրերու մէջ աւելի մեծ կեդրոններ ու փապուղիներ կան»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Զօր. Քլիրֆիլտ այսօր պիտի վերադառնայ Լիբանան` Իսրայէլէն իրեն հետ բերելով պատասխաններ, եւ շուրջ մէկ շաբաթ պիտի մնայ Պէյրութ` հետեւելու եւ մշակելու համար ստուգման յանձնախումբի շրջագիծն ու արծարծուած ապահովական թղթածրարները, մինչ փորձնական նոր շրջաններու խնդիրը իր առաքելութեան մաս չի կազմէր»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Տիար» օրաթեթին. «Ամերիկացի զօրավարին բռնագրաւուած գիւղերէ եւ քաղաքներէ նոր հեռացումներ կատարելու Իսրայէլի հաւանութիւնը խլելու կարողութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ զինադադարը ամրապնդելու անոր կարողութեան նկատմամբ մեծ յոյսեր չկան»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Պաշտպանութեան նախարար Մնասսա անցնող 24 ժամուան ընթացքին անդրադարձաւ, թէ համաներման օրէնքին շուրջ նախագահական ու քաղաքական մեծ համաձայնութեան մը զոհն էր, եւ իրեն հետ կապ հաստատողներուն յայտնեց, որ կառավարութենէն դուրս գալու կամ հրաժարելու նկատմամբ անձնական խնդիր չունի»:
. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ստորագրեց խորհրդարանի լիագումար նիստին կողմէ որդեգրուած օրէնքները:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 3000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.458.000 լ.ո.-ի եւ 2.476.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 19000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.367.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.174.000 լ.ո.:


