Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Լաւատեղեակ Աղբիւրներու. Իտալիան, Բրիտանիան, Զուիցերիան Եւ Ինտոնեզիան` Հըզպալլայի Զինաթափման Ստուգման Հաւանական Թեկնածու

August 14, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լաւատեղեակ անձեր «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Լիբանանն ու Իսրայէլը համաձայնած են Բրիտանիան, Իտալիան, Զուիցերիան եւ Ինտոնեզիան Հըզպալլայի զինաթափման ստուգման համար Լիբանանի մէջ օտար ուժերու տեղակայման առաջարկուած մեքանիզմին հաւանական մասնակցութեան թեկնածու առաջադրելու շուրջ:

Երկու կողմերը անցեալ շաբաթ Հռոմի մէջ ամերիկեան միջնորդութեամբ բանակցութիւններու վերջին փուլի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած են այս կարճ ցանկին շուրջ:

Երեք աղբիւրներ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ այս չորս երկիրները կրնան նպաստել մեքանիզմի ծիրի ճշդման, անոր գործադրութեան հսկողութեան համար անհատներու տրամադրման կամ զինաթափման ստուգման առնչուած խուզարկութեան աշխատանքներուն մասնակցութեան:

Հարցէն ուղղակի կերպով տեղեակ աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին նշած է, որ թեկնածու երկիրներուն շուրջ քննարկումները տակաւին առաջին փուլի մէջ են, սակայն աւելցուցած է, որ իրենք այդ ջանքերու շարունակման նկատմամբ «զգուշաւոր լաւատեսութիւն ունին»:

Երկու աղբիւրներ իրենց կարգին յայտնած են, որ առաջարկուած մեքանիզմը կը նախատեսէ Հարաւային Լիբանանի մէջ գիւղերու խուզարկում եւ անոնց զէնքերէ զուրկ ըլլալու ստուգում: Անոնք աւելցուցած են, թէ Իսրայէլ կ՛ուզէ, որ խուզարկութեան գործողութիւնները ներառեն սեփական տուները:

Ապահովական օտար պատասխանատու մը նշած է, որ կարիքը կայ սեփական կալուածներու հարցը, ներառեալ զանոնք խուզարկելու կերպն ու խուզարկումը կատարողի ճշդումը քննարկելու` աւելցնելով, որ նաեւ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ յստակօրէն ճշդել օտար ուժերու աշխատանքի ազատութեան ծիրը:

Աղբիւրները նաեւ յայտնեցին, որ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ Լիբանանի մէջ օտար ուժերու ներկայութեան լիազօրման շուրջ համաձայնիլ, անոնք հաւանական նկատեցին, որ լիբանանեան կառավարութիւնը Իսրայէլի հաւանութիւնը վայելող ծիրի մը մէջ անոնց պաշտօնական հրաւէր  ուղղէ:

Աղբիւրները «Ռոյթըրզ»-ին նշեցին, թէ անհաւանական է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը ՄԱԿ-ի միջամտութիւնը ընդունին, մինչ եւրոպական պետութիւնները կը մերժեն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ստեղծած Խաղաղութեան խորհուրդի հսկողութիւնը:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը իր կարգին «Շարք Պլումպըրկ»-ին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ օտար ուժերու վերաբերեալ քննարկումը տակաւին առաջին փուլին մէջ է, եւ վերջնական արդիւնքներ չկան»:

«Լիբանանի մէջ ապագայ օտար ուժերու քննարկումներուն մասնակիցները զգուշաւոր կերպով լաւատես են», նշեց պաշտօնատարը:

Իսրայէլացի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնած են. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ փորձնական շրջաններուն մէջ լիբանանեան բանակին աշխատանքը վերահսկելու մարմինի կազմութեան շուրջ համաձայնութիւն չկայ»:

«Ռոյթըրզ» երէկ աւելի ուշ հաղորդեց. «Լիբանանցի պաշտօնատար մը կը հերքէ, թէ Լիբանան համաձայն գտնուած է ցուցակի մը երկիրներու, որոնք կրնան Հըզպալլայի զինաթափումը ստուգել»:

 

Նախորդը

Պաշտպանութեան Նախարարի Բացակայութեան. Վարչապետարանին Մէջ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստ

Յաջորդը

Աուն-Սալամ Հանդիպում

RelatedPosts

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար.  Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»
Գլխաւոր լուրեր

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

September 29, 2026
Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը

September 29, 2026
Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»
Լիբանանեան

Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.