Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայ Գերիներուն Ազատ Արձակումը Պահանջող Պաստառը Արարատի Եւ Արագածի Գագաթները Կը Հասնի
Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով գերի պահուող Արցախի նախկին պետական նախարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի համախոհ, հասարակական գործիչ եւ հայրենադարձ Գէորգի Գէորգով «Free Ruben Vardanyan. Free all Armenian prisoners» («Ազատութիւն Ռուբէն Վարդանեանին: Ազատութիւն բոլոր հայ գերիներուն») կոչով պաստառը բարձրացուցած է Հայկական Լեռնաշխարհի երկու խորհրդանշական գագաթներուն` Արարատի եւ Հայաստանի ամենաբարձր կէտին` Արագածի գագաթներուն:
Այս արշաւին նպատակն է միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Ռուբէն Վարդանեանի եւ միւս հայ գերիներու ճակատագրին վրայ:
«Արարատն ու Արագածը հայ ժողովուրդի խորհրդանիշներն են: Այդ գագաթներուն բոլոր հայ գերիներուն ազատ արձակման պահանջով դրօշ բարձրացնելը կը նշանակէ եւս մէկ անգամ յիշեցնել աշխարհին, որ անոնց հարցը պէտք չէ դուրս մնայ միջազգային օրակարգէն եւ հայ ժողովուրդի պահանջքներէն», կը նշէ Գէորգի Գէորգով:
Ռուբէն Վարդանեանի Կինը Տարբեր Նախաձեռնութիւններով Կը Հետապնդէ Մարդասիրական Այցելութեան Ապահովումը.
Լեմքինի Հիմնարկը Աջակցութիւն Յայտնեց
Ապօրինաբար Պաքուի բանտը գտնուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի կինը` Վերոնիքա Զոնապենտի, կրկին յայտարարութեամբ մը դիմեց Ազրպէյճանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին` խնդրելով մարդասիրական այցելութիւն կազմակերպել: Ան նշեց, որ նախորդ դիմումներուն արձագանգ չէ ստացած:
«Այս շաբաթ լրացաւ Ռուբէնի Ումբակիի քրէակատարողական համալիր տեղափոխելու 100 օրը: Նա կալանքի տակ է 2023-ի սեպտեմբերից եւ այս ամբողջ ընթացքում ոչ մի անգամ հնարաւորութիւն չի ունեցել անձամբ հանդիպելու իր ընտանիքի անդամներին:
Աւելի վաղ ես դիմումներ էի ուղարկել Ազրպէյճանի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքների պաշտպան Սապինա Ալիեւային եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին` Պաքու կանանց միջազգային մարդասիրական պատուիրակութեան այցի նախապատրաստման կապակցութեամբ:
«Նախաձեռնութեան նպատակը բացառապէս մարդասիրական է` այցելել Ազրպէյճանում պահուող հայ բանտարկեալներին, նրանց փոխանցել հարազատների նամակները, լուսանկարներն ու թոյլատրելի անձնական իրերը, ինչպէս նաեւ` օգնել նրանց եւ ընտանիքների միջեւ կապի հաստատմանը:
«Իմ կողմից ուղարկուած դիմումների վերաբերեալ մինչ այս պահը պաշտօնական պատասխաններ չեն ստացուել:
«Այդ իսկ պատճառով յուլիսի 30-ին ես երկրորդ անգամ եմ պաշտօնական նամակներ ուղարկել տիկին Սապինա Ալիեւային եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին` մարդասիրական այցի գործնական կազմակերպման վերաբերեալ յստակ առաջարկութիւններով: Այսօր նոյն հարցով կրկին հրապարակայնօրէն դիմում եմ նրանց:
«Տիկին Ալիեւային խնդրում եմ` աջակցել Ումբակիի քրէակատարողական համալիրում պահուող հայ բանտարկեալների տեսակցութեան կազմակերպմանը, որոշակիացնել այցի հնարաւոր ձեւաչափը, ընտանիքների կողմից փոխանցուող ծանրոցների յանձնման կարգը, ինչպէս նաեւ` պատուիրակութեան անդամների անվտանգ մուտքի, գտնուելու եւ անխոչընդոտ ելքի պայմանները:
«Մենք պատրաստ ենք քննարկել պաշտօնապէս համաձայնեցուած տարբեր ձեւաչափեր, այդ թւում` ամբողջ պատուիրակութեան այցը, պատուիրակութեան սահմանափակ կազմով այցելութիւնը կամ Մարդու իրաւունքների պաշտպանի աշխատակազմի ներկայացուցչի ուղեկցութեամբ այցի իրականացումը:
«Մեզ համար սկզբունքային նշանակութիւն ունի, որպէսզի ընտրուած ձեւաչափն ապահովի անմիջական մարդասիրական շփում բանտարկեալների հետ եւ հնարաւորութիւն տայ նրանց փոխանցելու հարազատների կողմից ուղարկուած անձնական ու թոյլատրելի այլ իրերը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կրկին խնդրում եմ նշանակել այս նախաձեռնութեան համակարգման համար պատասխանատու անձի եւ ապահովել այցի նախապատրաստման համար անհրաժեշտ դիւանագիտական ու գործնական աջակցութիւնը:
«Ես ցանկանում եմ գործել բաց, պատասխանատու կերպով եւ բացառապէս պաշտօնական ուղիների միջոցով: Ակնկալում եմ պաշտօնական պատասխան եւ գործնական համագործակցութեան պատրաստակամութիւն», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Այնուհետեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման Լեմքինի հիմնարկը իր աջակցութիւնը յայտնեց Արցախի նախկին պետական նախարար, ապօրինաբար Պաքուի բանտին մէջ պահուող բարերար Ռուբէն Վարդանեանի կնոջ` Վերոնիքա Զոնապենտի նախաձեռնութեան: Վերջինս կոչ ուղղած էր կիներու մարդասիրական պատուիրակութիւն մը կազմել` Պաքուի բանտը գտնուող հայերուն այցելելու նպատակով:
«Լեմքինի հիմնարկը կը դիմէ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Միացեալ Թագաւորութեան, Եւրոպական Միութեան եւ այդ դաշինքի անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն եւ կոչ կ՛ուղղէ անոնց` Ազրպէյճանի մէջ իրենց դիւանագիտական ներկայութեան միջոցով երաշխաւորելու տիկին Զոնապենտի եւ Պաքու այցելող միւս կիներուն ապահովութիւնը:
«Կոչ կ՛ուղղենք իրաւապաշտպաններուն, ազդեցիկ անձնաւորութիւններուն, քաղաքական գործիչներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն` մասնաւորաբար այն կառոյցներուն, որոնք կը զբաղին մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեամբ եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլմամբ, միանալու մեզի` բանտարկուած հայերու կիներուն եւ ընտանիքի անդամներուն աջակցութեան միտող մեր ջանքերուն, կարելիութիւն ստեղծելով, որ անոնք կարենան այցելել Պաքու գտնուող իրենց հարազատներուն», նշուած է հիմնարկին հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Վարդանեան դատապարտուած է 20 տարուան բանտարկութեան: Պաքուի դատարանը երբեք զինուորական պաշտօն չվարած Վարդանեանը մեղաւոր նկատեց շարք մը շինծու յանցանքներու համար, որոնց կարգին` Ազրպէյճանի դէմ պատերազմի, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման, մարդիկ տեղահանելու մէջ: Վարդանեան տեղի ունեցածը որակած է ոչ թէ դատավարութիւն, այլ` խեղկատակութիւն:
«Կոմիտաս Վարդապետ. Դաշնամուրային Երկեր» Գիրքի Հրատարակութիւն
Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը լոյս ընծայած է վարդապետի ստեղծագործական ժառանգութեան նուիրուած այս տարուան ամէնէն սպասուած հրատարակութիւններէն մէկը` «Կոմիտաս վարդապետ. դաշնամուրային երկեր»: Հատորին մէջ ընդգրկուած են Կոմիտասի դաշնամուրային ստեղծագործութիւններու ընտրանին` «Մշոյ շորոր», «Եօթ պար» եւ «Եօթ երգ»: Առաջին անգամ մէկ հրատարակութեան մէջ ընթերցողին կը ներկայացուին ոչ միայն լայնօրէն շրջանառուող խմբագրական տարբերակները, այլ նաեւ այդ նոյն ստեղծագործութիւններուն արխիւային ձեռագիրներու բնօրինակ շարուածքը` առանց որեւէ խմբագրական միջամտութեան: Հրատարակութեան հիմքը կը կազմեն Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին, ինչպէս նաեւ Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի թուային արխիւին մէջ պահպանուող ձեռագիրները:
Հատորին նախաբանը եւ ծանօթագրութիւնները ներկայացուած են հայերէն եւ անգլերէն: Իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան կից տեղադրուած է նաեւ QR քոտ, որուն միջոցով կարելի է ունկնդրել Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Հայկ Մելիքեանի բարձրարուեստ կատարումները:
Արէնի 1 Քարայրը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Նախնական Ցանկին Մէջ
Հայաստանի ներկայացուցած «Արէնի 1 քարայր. նախնադարեան կեանքը եւ գինեգործութիւնը Արփա գետի հովիտին մէջ» խորագիրով դիմումը հաստատուած է` պաշտօնապէս արձանագրուելով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ: Լուրը հաղորդեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Յայտնենք, որ 19-29 յուլիսին Քորէայի Հանրապետութեան Փուսան քաղաքին մէջ ընթացաւ Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 48-րդ նստաշրջանը, որուն կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանը` իբրեւ կոմիտէի անդամ առաջին անգամ ընտրուած երկիր:
Նշենք, որ «Արէնի 1»-ը, որ ծանօթ է նաեւ «Թռչուններու քարանձաւ» անուանումով, կը գտնուի Վայոց Ձորի մարզի Արէնի գիւղին մէջ, Արփա գետի ափին: Յիշեցնենք, որ 2010-ին ճիշդ այստեղ յայտնաբերուեցաւ աշխարհի ամէնէն հին կօշիկը, իսկ 2011 յունուարին` աշխարհի առաջին գինեգործատունը:
Այսպիսով, Հայաստան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նախնական ցանկին մէջ այժմ ունի արձանագրուած ութ դիմում, որոնցմէ չորսը արձանագրուած են 1995-ին, իսկ միւս չորսը` վերջին տարիներուն: Մինչ այս 2024-ին ցանկին մէջ ընդգրկուած էին Արագածոտնի մարզի Տիրինկատար հնավայրի վիշապաքարերն ու մշակութային բնապատկերը, իսկ 2025 յուլիսին հաւանութեան արժանացած էին «Երեւանի ուրարտական ժառանգութիւնը» եւ «Գառնիի հնագիտական համալիրն ու Քարերու սիմֆոնիա» դիմումները: 1995-ին նախնական ցանկին մէջ արդէն արձանագրուած էին` Դուին քաղաքի հնավայրը, Երերոյքի տաճարն ու հնավայրը, Նորավանքը եւ Ամաղու գետի վերի հովիտը, Տաթեւի վանքը, Տաթեւի անապատը եւ Որոտան գետի հովիտի յարակից տարածքները:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան հիմնական հաստատուած ցանկին մէջ ներառուած են արդէն` Սանահինի եւ Հաղբատի վանքերը, Էջմիածնի մայր տաճարը, եկեղեցիներն ու Զուարթնոց հնավայրը, ինչպէս նաեւ` Գեղարդի վանքն ու Ազատ գետի վերի հովիտը:
Նոր Հրատարակութիւն Արցախեան Երկրորդ Պատերազմին Մասին
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս լոյս տեսած` «Քառասունչորսօրեայ պատերազմը. Հայաստան, Ազրպէյճան եւ Լեռնային Ղարաբաղի համար պայքարը» (The 44-Day War: Armenia, Azerbaijan, and the Struggle for Nagorno-Karabakh) անգլերէն գիտական աշխատութիւնը այժմ ձրիաբար եւ առցանց հասանելի է հանրութեան:
Գիրքը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ թուային տարբերակով diasporanperspectives.org կայքէջին վրայ: Տպագիր տարբերակը կարելի է ձեռք ձգել հրատարակիչին միջոցով (I.B. Tauris/Bloomsbury):
Հատորին առցանց տարբերակը առիթ կ՛ընծայէ, որ հակամարտութեան, դիւանագիտութեան եւ տեղահանման վերաբերեալ այս հետազօտութիւնը հասանելի դառնայ ոչ միայն մասնագէտներու, այլեւ` լրագրողներու, քաղաքացիական հասարակութեան դերակատարներու, ուսանողներու եւ քաղաքականութիւն մշակողներու, որոնք անմիջականօրէն կ՛առնչուին այս հարցերուն:
Գիրքը կը համախմբէ տարբեր ոլորտներու եւ երկիրներու մասնագէտներու կարծիքները` քննելու համար 2020 թուականի արցախեան երկրորդ պատերազմը` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ 44 օր տեւած հակամարտութիւնը, որ օրին միջազգային սակաւ ուշադրութեան արժանացաւ: Այսուհանդերձ, աւելի քան տասնամեակ մը ետք, առաջին անգամն էր, որ երկու անկախ պետութիւններ իրենց զինուած ուժերը օգտագործեցին բացայայտ պատերազմի մը մէջ` կանխազգացնելով այն, ինչ որ աւելի ուշ տեսանք Ուքրանիոյ մէջ:
Գիրքը կարդալու համար այցելել Diasporan Perspectives կայքէջը:
Մահացած Է Արցախցի Նշանաւոր Բանաստեղծ Սոկրատ
Արցախի մշակոյթի նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ մահացաւ արցախցի անուանի բանաստեղծ, թարգմանիչ, գրականագէտ, հրապարակախօս, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Սոկրատ Խանեանը:
Ան ծնած է 1930-ին, Արցախի Հադրութի շրջանի Ակնաղբիւր գիւղին մէջ: Իր ամբողջ կեանքը ան նուիրած է հայ գրականութեան, գիտութեան, կրթութեան եւ ազգային մշակոյթի զարգացման` անգնահատելի ստեղծագործական ու գիտական ժառանգութիւն ձգելով:
Ան հեղինակ է` բազմաթիւ բանաստեղծական ժողովածուներու, գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու, հրապարակախօսական աշխատութիւններու եւ թարգմանութիւններու: Անոր գիտական ու ստեղծագործական գործունէութիւնը մեծապէս նպաստած է հայ գրական մտքի զարգացման, իսկ Արցախի պատմութեան, մշակոյթի եւ հոգեւոր արժէքներու պահպանման ու հանրահռչակման գործին մէջ ունեցած աւանդը բացառիկ նշանակութիւն ունի:
Սոկրատ Խանեան ոչ միայն ականաւոր մտաւորական էր, այլ նաեւ` ազգային արժէքներու հետեւողական պաշտպան, հայրենասէր եւ նուիրեալ արցախցի, որուն խօսքն ու գործը մշտապէս ծառայած են հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին: Իր ստեղծագործութիւններն ու գիտական ժառանգութիւնը պիտի շարունակեն ոգեշնչել գալիք սերունդները` մնալով հայ մշակոյթի եւ գիտութեան արժէքաւոր էջերէն մէկը:
Սոկրատ Խանեանի մահը ծանր կորուստ է հայ գրականութեան, գիտութեան եւ յատկապէս Արցախի մշակութային կեանքին համար: Իր ձգած հարուստ ժառանգութիւնը պիտի ապրի եւ պիտի շարունակէ ծառայել ազգային ինքնութեան պահպանման ու հայ մշակոյթի զարգացման գործին:


