Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

August 7, 2026
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Երախտագիտութեան Մետալ` Վարդգէս Մահտեսեանին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան 31 յուլիսին ընդունեց Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը եւ անոր յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւը` «Երախտագիտութեան մետալ»-ը:

Համա-ՀՄԸՄ-ական Բանակումի Մասնակիցները Այցելեցին Ս. Էջմիածին

Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումի շուրջ 900 մասնակիցները 30 յուլիսին այցելեցին Ս. Էջմիածին, ուր ընդունուեցան Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ:

Կաթողիկոսը հայրապետական իր սէրն ու օրհնութիւնը յայտնելով սկաուտներուն` գոհունակութիւն յայտնեց հայրենիքի մէջ աշխարհասփիւռ հայորդիներու համախմբման, ինչպէս նաեւ բանակումի ծիրին մէջ կազմակերպուող կրթական, մշակութային ու հոգեւոր ծրագիրներուն համար: Վեհափառը կարեւոր նկատեց հայրենաճանաչութեան նմանօրինակ ծրագիրները, որոնք կոչուած են զօրացնելու երիտասարդներուն ազգային գիտակցութիւնը եւ ազգին ու հայրենիքին ծառայելու պատրաստակամութիւնը:

Ան ընդգծեց, որ գտնուելով հայրենիքի մէջ` երիտասարդները հաղորդ կը դառնան հայրենի իրականութեան, կը ծանօթանան հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին, հոգեւոր ժառանգութեան ու նուիրական սրբութիւններուն եւ առաւել խորութեամբ կը ճանչնան իրենց ինքնութիւնը: Կաթողիկոսը վստահութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ անցուցած օրերը սկաուտներուն համար պիտի դառնան անմոռանալի` հարստացած նոր հոգեւոր ապրումներով, ջերմ տպաւորութիւններով ու բացայայտումներով:

Իր խօսքին մէջ Գարեգին Բ. ուրախութեամբ անդրադարձաւ երիտասարդներուն հայրենասիրական ոգիին, աստուածասիրութեան ու եկեղեցասիրութեան` նշելով, որ ինքնին այդ արժէքները ամուր կը պահեն ազգային կեանքը, կը միաւորեն աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ կը զօրացնեն հայ ժողովուրդին հաւատքն ու յոյսը ապագայի հանդէպ:

Անդրադառնալով հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն` կաթողիկոսը ընդգծեց, որ ներկայ օրերուն, առաւել քան երբեք, անհրաժեշտ են` ազգային միասնականութիւնը, եղբայրասիրութիւնն ու անսակարկ նուիրումը համազգային շահերուն:  Ըստ անոր, միայն սիրով, միաբանութեամբ եւ համախմբուած ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել առկայ փորձութիւնները եւ կերտել խաղաղ, ապահով ու բարօր հայրենիք:

Այնուհետեւ Գարեգին Բ. պատգամեց ՀՄԸՄ-ականներուն` իրենց հոգիներուն մէջ մշտավառ պահել ազգային ոգին, անսասան` հաւատքն առ Աստուած եւ անսասան` սէրը հայրենիքին ու Սուրբ Եկեղեցիին նկատմամբ: Ան մաղթեց, որ այդ սիրով առաջնորդուին իրենց կեանքին ընթացքին, ուսման ու աշխատանքի մէջ եւ իրենց շնորհներն ու կարողութիւնները ծառայեցնեն հայ ժողովուրդի բարօրութեան ու յառաջընթացին եւ հայրենիքի շէնացման:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, բանակումի կազմակերպիչներուն եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, որոնք նուիրեալ կերպով կը ծառայեն երիտասարդ սերունդի կրթութեան, ազգային ու հոգեւոր դաստիարակութեան եւ հայեցի նկարագիրի կերտման:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալին Օրտողլեան պատուիրակութեան անունով ողջունեց վեհափառ հայրը, որ իր կարգին օրհնութեան խօսք արտասանեց աշխարհի 26 երկիրներէն ժամանած սկաուտներուն:

«Արցախ» Միութիւնը Եւրոպական Խորհրդարանին Ներկայացուց Արցախի Ժողովուրդին Առաջնահերթութիւնները

Յուլիս 15-ին Երեւանի մէջ «Արցախ» միութեան պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Մարինա Մեզիւրի հետ` ներկայացնելով Արցախի  բռնի տեղահանուած ժողովուրդին դէմ տեղի ունեցած յանցագործութիւնները եւ իրաւունքներու վերականգնման հիմնական առաջնահերթութիւնները: Անոնք կը ներառեն` Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը, արցախեան հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ իրենց հայրենիքէն բռնի վտարուած շուրջ 150.000 անձերու ապահով, արժանապատիւ ու հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրացումը: Այս մասին կը յայտնեն միութենէն:

Կազմակերպութիւնը ներկայացուցին «Արցախ» միութեան նախագահ Արտակ Բեգլարեանը եւ Գործադիր խորհուրդի անդամ, արտաքին կապերու աշխատանքային խումբի ղեկավար Արմինէ Ալեքսանեանը: Պատուիրակութիւնը Մեզիւրին ներկայացուց 2023-ին ազրպէյճանական յարձակումին եւ անոր յաջորդած զանգուածային բռնի տեղահանութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու այլ խախտումներուն վերաբերող վկայութիւններ:

Պատուիրակութիւնը դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ ապօրինաբար անազատութեան մէջ պահել Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան խումբ մը ներկայացուցիչներ եւ այլ հայ գերիներ: Անոնց նկատմամբ կը կատարուին շինծու դատավարութիւններ, զորս Եւրոպական խորհրդարանը, «Amnesty International»-ը եւ անկախ դիտորդները հետեւողականօրէն դատապարտած են` իբրեւ քաղաքական շարժառիթ ունեցող եւ արդար դատաքննութեան որեւէ չափանիշէ զուրկ գործընթացներ:

«Այս անձերը պատանդներ են, ոչ թէ` մեղադրեալներ: Եւրոպան պէտք է անոնց ազատ արձակումը դիտարկէ իբրեւ Պաքուի հետ յարաբերութիւններու պարտադիր նախապայման, եւ ոչ թէ` ուժանիւթի շահերու ստուերին մէջ գտնուող երկրորդական հարց», շեշտեց Ալեքսանեան:

Հանդիպման ընթացքին յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի ամբողջ տարածքին մէջ գտնուող հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ճակատագիրին: Դարաւոր եկեղեցիները, վանքերը, խաչքարերն ու գերեզմանատուները այժմ կը գտնուին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Անոնք կ՛ենթարկուին ոչ միայն ֆիզիքական ոչնչացման, այլ նաեւ պետականօրէն հովանաւորուող համակարգուած կեղծարարութեան` ծագումնաբանութիւնը խեղաթիւրելու նպատակով: «Արցախ» միութիւնը զգուշացուց Մեզիւրը, որ մշակութային այս ցեղասպանութիւնը անբաժանելի է բուն ժողովուրդի ցեղային զտման շարունակական քաղաքականութենէն`  շեշտելով, որ իւրաքանչիւր աւերուած եկեղեցի եւ կեղծուած արձանագրութիւն նպատակ ունին ի սպառ բացառել բնիկ ժողովուրդի վերադարձի որեւէ կարելիութիւն:

Պատուիրակութիւնը լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ միջազգային միջնորդներուն կողմէ յառաջ մղուող, այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան օրակարգ»-ին վերաբերեալ` մատնանշելով Արցախի տեղահանուած ժողովուրդի իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութեան աղաղակող անտեսումը:

«Բանակցային փաստաթուղթերը չեն պարունակեր որեւէ դրոյթ արցախցիներու հաւաքական վերադարձի եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ, ինչ որ ուղղակիօրէն Հայաստանի կառավարութեան անգործութեան հետեւանք է», յայտնեց Արտակ Բեգլարեանը: «Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու անտեսման եւ լռութեան վրայ կառուցուած որեւէ կարգաւորում չի կրնար տարածաշրջանին բերել կայուն ու արդար խաղաղութիւն: Մենք կը վերահաստատենք մեր վերադարձի ու այլ հիմնարար իրաւունքներու իրացման եւ արդարադատութեան հասնելու մեր վճռակամութիւնը` օգտագործելով բոլոր հասանելի իրաւական ու քաղաքական ուղիները»:

Մեզիւր հանդիպման ընթացքին ընդգծեց իր շարունակական հոգածութիւնը Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու հանդէպ` խոստանալով բոլոր կարելի գործիքակազմերը կիրարկել լուսարձակի տակ բերուած հարցերու բարձրաձայնման եւ Եւրոպական խորհրդարանի համապատասխան բանաձեւերու կատարման ուղղութեամբ: Ան շեշտեց, որ Արցախի ժողովուրդի ցեղային զտումը չի կրնար հանդուրժելի ըլլալ քաղաքակիրթ Եւրոպային կողմէ, իսկ Ազրպէյճան ասոր համար պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի:

Հանդիպման իբրեւ արդիւնք, Մեզիւր գրաւոր հարցում ուղարկեց Եւրոպական յանձնաժողովին` տեղահանուած հայերու ապահով եւ անխոչընդոտ վերադարձի իրաւունքի իրացման պահանջով` հիմք ընդունելով ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 17 նոյեմբեր 2023-ի պարտադիր կատարման ենթակայ որոշումը: Ան նաեւ բարձրացուց այն հարցը, թէ մարդու իրաւունքներու այս հիմնարար պարտաւորութիւնը դերակատարութիւն պէտք է ունենայ Ազրպէյճանի հետ Եւրոպական Միութեան քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ: Հետագային Մեզիւր այս գրաւոր հարցումը հրապարակեց իր պաշտօնական ընկերային հարթակներուն վրայ` խնդրի շուրջ լայն իրազեկուածութիւն ապահովելու նպատակով:

«Արցախ» միութիւնը բարձր կը գնահատէ Մ. Մեզիւրի անմիջական արձագանգն ու անկեղծ յանձնառութիւնը` պաշտպանելու բռնի տեղահանուած բնակչութեան իրաւունքները: Կազմակերպութիւնը հաստատակամ է շարունակել Մ. Մեզիւրի գրասենեակին տրամադրել մշակութային վայրագութեան եւ ցեղային զտումներու վերաբերեալ փաստագրուած ապացոյցներ ու իրաւական վերլուծութիւններ` երաշխաւորելու, որ եւրոպական կառոյցները կ՛առաջնորդուին ոչ թէ Պաքուի կեղծ հաւաստիացումներով, այլ` հաստատուած փաստերով եւ միջազգային իրաւունքի չափորոշիչներով», կը նշուի միութեան յայտարարութեան մէջ:

Ցուցահանդէսէն Հանուած «Մենք Ենք, Մեր Սարերը» Նկարը` Արարատի Գագաթին

Շաբաթներ առաջ հայկական հասարակութեան մէջ լայն արձագանգ գտաւ Արցախէն 11-ամեայ Եւա Դանիէլեանի նկարին պատմութիւնը, երբ անիկա վերցուեցաւ Երեւանի երաժշտական դպրոցներէն մէկուն ցուցահանդէսէն: Այս արձագանգը աւելի բարձր հնչեց եւ խորհրդանշական դարձաւ, երբ Արցախը խորհրդանշող «Պապիկ-տատիկ»-ի նկարը նախորդ շաբաթ բարձրացաւ Արարատ լերան գագաթը: Այս խորհրդանշական քայլը նուիրուած է իւրաքանչիւր մարդու յիշողութեան իրաւունքին եւ այն արժէքներուն, զորս կարելի չէ վերացնել որեւէ արգելքով:

Արշաւի մասնակիցներուն համաձայն, իրենց նախաձեռնութիւնը պատասխան էր այն պատմութեան, որ լայն հասարակական արձագանգ յառաջացուց Հայաստանի մէջ: Եւայի աշխատանքը, որ նուիրուած էր Արցախ վերադարձի գաղափարին, արտօնութիւն չէր ստացած մասնակցելու դպրոցական ցուցահանդէսին: «Յիշողութիւնը կարելի չէ ջնջել», ըսաւ վերելքի մասնակիցներէն մէկը:

«Մենք կը փափաքինք մեր աջակցութիւնը յայտնել Եւային եւ ցոյց տալ, որ արդարութիւնն ու բարութիւնը վեր են ամէն ինչէ, իսկ  կարեւորագոյն արժէքները անկարելի է արգիլել»: Անոնք կոչ ուղղեցին երիտասարդ նկարչուհիին` շարունակելու ստեղծագործել, նկարել եւ երբեք չվախնալ արուեստի միջոցով ազատօրէն արտայայտուելէ:

«Առաջին իսկ օրէ Երեւանի մէջ, երբ տպագրեցինք այս նկարի տարբերակը, մարդոցմէ ստացանք անվերապահ աջակցութիւն` թէ՛ Եւայի, թէ՛ մեր նախաձեռնութեան նկատմամբ:

«Արարատի գագաթին բարձրացուած նկարը խորհրդանիշ դարձաւ, որ գոյութիւն ունին արժէքներ, որոնք վեր են որեւէ արգելքէ` յիշողութիւնը, հայրենի հողին հանդէպ սէրը եւ ստեղծագործական ազատութիւնը», նշեցին Արարատ բարձրացողները` շեշտելով, որ այս պատմութիւնը պէտք է յիշեցնէ, որ ստեղծագործական ազատութիւնը կարելի չէ սահմանափակել որեւէ գաղափարախօսութեան շահերէ մեկնելով:

Կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ տեղի ունեցածը ոչ միայն նկարի մը պատմութիւնն է, այլ նաեւ առիթ է` հասարակութեան մէջ աւելի լայն քննարկում սկսելու ստեղծագործական ազատ արտայայտութեան իրաւունքի շուրջ: «Այստեղ` Արարատի գագաթին, մեզի համար որեւէ կասկած չկայ, թէ նկարը կը բովանդակէ իրական կարեւորագոյն գաղափարն ու խորհուրդը», ընդգծեցին անոնք:

Յիշեցնենք, որ յուլիսին Եւայի` արցախեան «Մենք ենք, մեր սարերը» («Պապիկ-տատիկ») յուշարձանը պատկերող աշխատանքը հանուած էր ցուցահանդէսէն: Դպրոցի վարչակազմը իր որոշումը հիմնաւորած էր անով, որ աշխատանքը չի համապատասխաներ ցուցահանդէսի նիւթին: Սակայն աղջկան ծնողները եւ շարք մը հասարակական գործիչներ տեղի ունեցածը նկատեցին գրաքննութեան դրսեւորում: Եւայի մօր համաձայն, ուսուցչուհին աշխատանքէն հեռանալու դիմում ներկայացուցած էր` յայտարարելով, որ չի կրնար աշխատիլ դպրոցի մը մէջ, ուր մանկական ստեղծագործութիւնը կը նկատուի «հակապետական քայլ»:

«Աստղերու Հաւատքով». Վիգէն Յովսէփեանի Բանաստեղծութիւնը Կենդանացաւ Համազգային Թատրոնի Բեմին Վրայ

Յուլիսի 23-ին Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնին մէջ կայացաւ Վիգէն Յովսէփեանի «Աստղերու հաւատքով» բանաստեղծութիւններու ժողովածուի հիման վրայ ստեղծուած թատերականացուած ներկայացումը` հանդիսատեսին պարգեւելով յուզական, անկեղծ եւ խորապէս տպաւորիչ երեկոյ:

«Աստղերու հաւատքով» (2023) Վիգէն Յովսէփեանի առաջին բանաստեղծական ժողովածուն է` բաղկացած շուրջ 50 բանաստեղծութիւններէ, որոնք անոր ներաշխարհի արտացոլացումն են, խորհրդածութիւնները` հայրենասիրական ապրումներու եւ մարդկային յարաբերութիւններու մասին:

Գիրքին հիման վրայ ստեղծուած բեմադրութիւնը հանդիսատեսին կարելիութիւն կու տայ ոչ միայն վերապրելու բանաստեղծական յուզական աշխարհը, այլ նաեւ` վայելելու արեւմտահայերէն խօսքի իւրայատուկ երաժշտականութիւնն ու գեղեցկութիւնը:

Թատերական երեկոն կազմակերպած էր Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնը` հաւատարիմ մնալով ազգային մշակութային արժէքներու պահպանման եւ հանրայնացման իր առաքելութեան:

Դերասան Տաթեւ Ղազարեանը արեւմտահայերէնով բեմադրելու նախաձեռնութեան մասին խօսելով` ըսաւ, որ ստեղծագործական խումբին այս մէկը եղած է առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն եւ պատիւ. «Տարիներ շարունակ այդ մտորումը ունեցած ենք, որ մեր խաղացանկին մէջ ներգրաւենք նաեւ արեւմտահայերէնով ներկայացումներ: Ասիկա փոքրիկ ու պատահաբար ծագած առիթ էր, որ մենք ծանօթացանք Վիգէն Յովսէփեանի բանաստեղծութեան եւ որոշեցինք զայն բեմադրել»:

Ըստ անոր, ներկայացումը հանդիսատեսին համար նաեւ առիթ է  կրկին լսելու եւ զգալու արեւմտահայերէն խօսքի մեղեդայնութիւնն ու հնչեղութիւնը:

Բեմին վրայ հանդէս եկան նաեւ` Նարեկ Բաղդասարեանը, Միլենա Ղազարեանը, Յարութիւն Սարգսեանը եւ Անդրանիկ Միքայէլեանը, որոնք իրենց արուեստագէտի տաղանդով եւ զգացական ընթերցումներով կենդանացուցին Վիգէն Յովսէփեանի բանաստեղծական աշխարհը` ստեղծելով մտերմիկ ու հոգեւոր մթնոլորտ:

«Աստղերու հաւատքով» ներկայացումը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ բանաստեղծութիւնը կրնայ նոր շունչ ստանալ թատրոնի բեմին վրայ` դառնալով ոչ միայն գեղարուեստական, այլ նաեւ մշակութային կարեւոր իրադարձութիւն:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 6 Օգոստոս 2026)

Յաջորդը

Զբօսաշրջութենէն Ետք Կը Կերպարանափոխուի՞նք

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 21, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 14, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.