. «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայան. «Դեսպան Սիմոն Քարամի գլխաւորութեամբ լիբանանեան բանակցային պատուիրակութիւնը Պէյրութէն Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմ ուղղուեցաւ` բանակցութիւններու նոր փուլին մասնակցելու համար»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Լիբանանեան բանակցային պատուիրակութիւնը ընդլայնուելով ներառեց հանրապետութեան նախագահի տնտեսական հարցերու խորհրդական Ռաուհաթ Հարաթին, փաստաբան Անթուան Սֆէյրը, եւ ամէնէն ուշագրաւը` ծովային սահմաններու փորձագէտ Նեժիպ Մասիհին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակէն Խազեն ընտանիքի անդամ սպայ մը»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանեան պատուիրակութիւնը ընդլայնելու որոշումին նպատակը ապահովելն է իսրայէլեան պատուիրակութեան կողմէ արծարծուած որեւէ հարցի կամ կէտի պատրաստ ըլլալու երաշխաւորումը` ըլլայ այդ զինուորական, իրաւական, թեքնիք, թէ որեւէ այլ հարցի կապուած»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ցուցանիշները չեն յուշեր, թէ Հռոմի մէջ բանակցութեան 7-րդ փուլը իսկական բեկումի պիտի յանգեցնէ, բացի եթէ Ուաշինկթըն լրջօրէն ճնշում բանեցնէ իսրայէլեան կողմին վրայ` զայն փորձնական շրջաններու ընդլայնումը ընդունելու մղելու համար»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Գոյութիւն ունի մտավախութիւն, որ իսրայէլեան բանակը կը պատրաստէ ցամաքային գործողութիւն մը, որ կը թիրախաւորէ Ալի Թահեր շրջանն ու անոր մերձակայքը, որովհետեւ Շքիֆի եւ շարք մը գիւղերու մէջ փապուղիներու ականահարումէն ետք, բացի Ալի Թահերի շրջանէն Հըզպալլային մեծ փապուղիներ չմնացին»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի եւ Թրամփի միջեւ հանդիպումէն ետք ի յայտ եկաւ, թէ ամերիկեան վարչակազմը Թրամփի համար պատրաստած է Լիբանանի վերաբերեալ մանրամասն զեկուցում մը, որ կը ներկայացնէ Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութեան եւ շրջագծային բանաձեւի վերաբերեալ քաղաքական ուժերու եւ ղեկավարութիւններու դիրքորոշումները»:
. ԹՐՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին. «Էրտողան Աունին հարցուց Սուրիոյ նախագահին հետ անոր հաղորդակցութեան մակարդակին մասին եւ խորհուրդ տուաւ այցելելու ու Շարհի հետ ուղղակի երկխօսութեան ամրապնդման նախաձեռնելու, ինչ որ կը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ կայուն յարաբերութեան կառուցման»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Թշնամին յաջողեցաւ Միացեալ Նահանգները համոզել պատրաստելու աշխատանքային նոր փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին շրջագծային համաձայնութեան, եւ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը ներկայացուց «գործադրութեան արձանագրութեան» նախագիծ մը, որ ապահովական յաւելուածի գործադրութեան փուլին մէջ աշխատանքի մեքանիզմները կը ճշդէ»:
. ՏԱՐԻՆԵՐԷ ի վեր նաւահանգիստի թղթածրարին հետեւած արդարադատական աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Դատախազութիւնը ազնիւ հակառակորդ է ամբաստանեալներուն. ոեւէ անձ, որ հետաքննութիւնները ցոյց կու տան, թէ անոր շուրջ կասկածները փարատած են կամ բաւարար լուրջ չեն, կը պահանջէ զինք դատելը արգիլել, եւ հակառակը»:
. ՀԱՒԱՍՏԻ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Ընդհանուր դատախազ, դատաւոր Մոհամետ Սաապ կը նախատեսէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին վերաբերեալ իր կարծիքը ներկայացնել սեպտեմբերին երկրորդ կիսուն` դատական արձակուրդի աւարտէն ետք»:
. ԱՐԴԱՐԱԴԱՏԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Կ՛ակնկալուի, որ նաւահանգիստի գործը մինչեւ այս տարուան վերջը պիտի մտնէ դատաքննութեան փուլ, եթէ բացառիկ զարգացումներ չըլլան: Ասիկա կը նշանակէ, թէ գործը քննութեան փուլէն պիտի անցնի հանրային դատական առերեսման»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժորժ Օքէյս «Էմ.Էֆ.Էմ.»-ին. «Եթէ հետաքննութիւնը իր աւարտին հասնի եւ 4 օգոստոսի թղթածրարին շուրջ նախնական վճիռը արձակուի, արդարադատութիւնը նախ եւ առաջ ինքնիրեն համար յաղթանակ արձանագրած կ՛ըլլայ, եւ երկրորդը` մենք փակած կ՛ըլլանք հաշուետուութենէ խուսափելու ժամանակաշրջանի էջը»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալեն Աուն Պաապտայի պալատէն. «Զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելը գերիշխանութիւնը ամրապնդելու, յարձակումներու պատրուակները տապալելու եւ պետութեան վերաշինման համար միջազգային աջակցութենէն օգտուելու դուռն է»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 24000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.468.000 լ.ո.-ի եւ 2.486.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 66000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.342.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը 18000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.175.000 լ.ո.-ի:


