Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեանին Լարած Թակարդին Գինը Կը Պատրաստուին Վճարել Հայաստանի Պետութիւնն Ու Ժողովուրդը. Անանեան

August 4, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միասնութեան թեւեր կուսակցութեան կառավարման խորհուրդի անդամ, Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին նախագահ Դաւիթ Անանեան գրած է.

Քաղաքականութեան մէջ ամէնէն վտանգաւոր թակարդները սովորաբար սեփական ձեռքերով կը լարուին:

Փութին-Փաշինեան վերջին հեռախօսազրոյցը հայ-ռուսական յարաբերութիւններու կարգաւորման սկիզբ չդարձաւ: Ընդհակառակը, անիկա բացայայտեց այն փակուղին, ուր Հայաստանը հասած է տարիներ շարունակ իշխանութեան վարած գործարքային եւ անհետեւողական արտաքին քաղաքականութեամբ:

Նիկոլ Փաշինեան Ռուսիայէն իրապէս «երես դարձնելու», ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու կամ Հայաստանի եւրոպական համարկումը աւարտին հասցնելու անկեղծ եւ հետեւողական փափաք չէ ունեցած: Հակառուսական քաղաքական գիծն ու եւրոպական ուղղութեամբ ցուցադրական քայլերը իրեն համար առաջին հերթին եղած են եւրոպական քաղաքական շրջանակներու աջակցութիւնը ստանալու, այդ աջակցութիւնը ներքին օրինականութեան վերածելու եւ սեփական իշխանութեան վերարտադրութեան կարելիութիւնները ամրապնդելու միջոց:

Բայց քաղաքական աջակցութիւնը ձրի չ՛ըլլար: Անիկա ունի իր գինը:

Եւրոպացի պաշտօնատարներուն տրուած խոստումները, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկին մասին օրէնքը, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն վեհաժողովը, եւրոպական չափանիշներու ներդրման հաւաստիացումները եւ հակառուսական քաղաքական ազդակները վաղ թէ ուշ պէտք էր վերածուէին գործնական որոշումներու:

Մինչդեռ նոյն ընթացքին Փաշինեանի իշխանութիւնը ոչ միայն չէ ստեղծած ռուսական տնտեսական համակարգէն աստիճանաբար հեռանալու իրական նախադրեալներ, այլ նաեւ Հայաստանը շարունակած է խորապէս կախեալ մնալ` ռուսական շուկայէն, ուժանիւթէն, դրամական փոխանցումներէն  եւ ԵԱՏՄ-ի արտօնեալ առեւտրական դրութենէն:

Այսինքն քաղաքական հռետորաբանութիւնը փոխուած է, իսկ երկրին տնտեսական կառուցուածքը` ոչ:

Հիմա Ռուսիա կը պահանջէ յստակացնել ընտրութիւնը` Եւրոպական Միութի՞ւն, թէ՞ ԵԱՏՄ: Ընդ որում, Մոսկուայի համար հանրաքուէն այնքան ալ ժողովրդավարական ընթացակարգ մը չէ, որքան` Հայաստանի աշխարհաքաղաքական ընտրութիւնը պաշտօնապէս ամրագրելու եւ անոր ամբողջ պատասխանատուութիւնը Հայաստանի ժողովուրդին վրայ տեղափոխելու միջոց:

Ռուսիա փաստացիօրէն կ՛ըսէ. «Եթէ եւրոպական ուղին իրական ընտրութիւն է, ամրագրեցէ՛ք զայն եւ ընդունեցէ՛ք անոր հետեւանքները»:

Փաշինեան չի կրնար համաձայնիլ շուտափոյթ հանրաքուէի, որովհետեւ անոր տնտեսական եւ ընկերային հետեւանքները կրնան հարուածել ի՛ր իսկ իշխանութեան հիմքերուն: Բայց ան չի կրնար նաեւ հրապարակաւ հրաժարիլ եւրոպական ուղիէն, որովհետեւ այդ պարագային պիտի կորսնցնէ եւրոպական քաղաքական աջակցութիւնն ու իր կերտած «եւրոպացի առաջնորդի» կերպարը:

Ուստի Փաշինեան յայտնուած է ոչ թէ Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ, այլ իր իսկ տուած հակադիր խոստումներուն միջեւ:

Մէկ կողմը եւրոպական աջակցութիւնն է եւ անոր քաղաքական գինը, միւս կողմը` Ռուսիոյ հետ պահպանուած տնտեսական կախեալութիւնը, իսկ մէջտեղը` իշխանութիւնը որեւէ գնով պահելու հրամայականը:

Ճիշդ այդ պատճառով ալ ան հիմա կը փորձէ ոչ թէ ընտրութիւն կատարել, այլ յետաձգել ընտրութեան պահը` յայտարարելով, թէ հանրաքուէն կարելի պիտի ըլլայ միայն Եւրոպական Միութեան պաշտօնապէս դիմելէ եւ հարցը առարկայական դարձնելէ ետք:

Բայց յետաձգուող իւրաքանչիւր որոշում իր գինն ունի: Եւ այդ գինը պիտի վճարեն ոչ թէ սխալ քաղաքականութիւն վարած իշխանաւորները, այլ` հայ արտադրողը, արտահանողը, աշխատաւորը եւ, ի վերջոյ, Հայաստանի քաղաքացին:

Ասիկա պարզապէս հանրաքուէի շուրջ վէճ չէ: Ասիկա Հայաստանի արտաքին քաղաքական մոտելի սնանկացումն է:

Եւ այս մէկը աշխարհաքաղաքական թակարդ չէ, որուն մէջ Հայաստանը պատահաբար յայտնուած է: Ասիկա Փաշինեանի լարած թակարդն է, որուն գինը կը պատրաստուին վճարել Հայաստանի պետութիւնն ու ժողովուրդը:

 

Նախորդը

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ… Խոհեր Եւ Հայեացք Լիբանանէն

Յաջորդը

Փրակայի Մէջ Արցախի Եւ Հայաստանի Մշակութային Կոթողները Ներկայացուեցան Իբրեւ Ազրպէյճանական

RelatedPosts

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին
Անդրադարձ

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին

September 23, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Փաշինեան Չի Քաջալերեր Սփիւռքահայերը` Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալու

September 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախութիւն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.