Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ… Խոհեր Եւ Հայեացք Լիբանանէն

August 4, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

Մեր գործողութիւններն ու գնահատականները ժամանակակից լիբանանահայութեան իրականութեան եւ փոփոխուող կացութիւններուն պարտադրած օրինաչափութիւններուն համապատասխանեցնելու համար անհրաժեշտ է, որ արդէն աւանդական դարձած ազգային պրիսմակը արդիականացնենք ընկերաբանական ակնոցներով, որոնք մեր բառապաշարէն շատոնց արդէն դուրս սպրդած յղացքները, ինչպէս` «դասակարգը» կամ «հասարակական խումբերը», կրնան կրկին մտածողութեան ուղեգիծներու վերածել:

Հետեւաբար լիբանանահայկական հասարակաքաղաքական տեսադաշտի «կոյր կէտերը» աւելի տեսանելի դարձնելու համար պէտք է աւելի համարձակօրէն խօսիլ եւ հարցերը դիտարկել քաղաքական տնտեսութեան (political economy) յարացոյցի մը պրիսմակով, կամ` առնուազն քննարկման նիւթ դարձնել այդ ուսմունքին առաջադրած հարցադրումները: Այս վերջինս այն ներհայեցողութեան միջոցն է, որ կրնայ ուրուագծել լիբանանահայ ազգային իշխանութեան (authority) եւ ընկերաքաղաքական հաստատութիւններու գործունէութեան փոխազդեցութիւնը շահակցական յարաբերութիւններու վրայ, ինչպէս նաեւ` երեւան հանել, թէ տնտեսական գործօնները, իրենց կարգին, ինչպէ՛ս կը ձեւաւորեն քաղաքական կառուցուածքներն ու համայնքային օրինականութիւնը: Ուստի միասնութեան գաղափարախօսական այս հոսանքի քննական զննումը ոչ այլ ինչ է, քան` փորձելու վերլուծել այդ ծածկեալ յաւակնութիւնները իրենց դասակարգային եւ ընկերատնտեսական կառուցուածքի ողջ գունապնակով:

Ազգային լոզունգներու վերանայումը հրամայական է ոչ միայն անոնց թարմ լիցք հաղորդելու համար: Հաւանաբար բնազդօրէն այդպէս կը մտածենք` խորհելով, թէ երբ կարգախօսները կը դադրին գործելէ կամ չունենան յստակ սահմանում, պէտք է փորձել ստուգել անոնց ճշմարտացիութիւնը եւ կիրարկելիութիւնը: Միաժամանակ, սակայն,  պէտք չէ խորշիլ պատասխանելէ նոյնքան կարեւոր հարցումին, թէ ազգային մանթրաներու (մտքի գործիք, խմբ.) կազմաւորման, ինչպէս նաեւ կազմաքանդման մէջ որո՞նք են շահողները եւ որոնք` վճարողները: Ներազգային եւ յատկապէս միջսփիւռքեան յարաբերութիւնները ընկերատնտեսական հիմքերու վրայ դիտարկելը աւելի քննական տարածք մը կրնայ բանալ, ուր յստակօրէն կրնան ուրուագծուիլ օրակարգ ստեղծող, պարտադրող կամ հրամցնող եւ սպառող կողմերու փոխյարաբերութիւններն ու փոխազդեցութիւնները:

Ասկէ մեկնելով` ժամանակակից հայ քաղաքական միտքը պէտք է նաեւ պատասխանէ այն հարցումին, թէ ազգային ռազմավարութիւնը, որուն Եագուպեան կ՛ակնարկէ, օրակարգային ի՛նչ շրջագիծ մը պէտք է որդեգրէ: Արդեօք պիտի սահմանափակուի՞ զուտ ազգային խնդիրներով, ինչպէս` լեզուի օտարում, ուսումնական եւ կրթական հիմնարկներու պահպանութիւն, տեղական համայնքային կառոյցներու աջակցութիւն, թէ՞ պէտք է նաեւ առնչուի այլ հարցերու, որոնք հրատապ կրնան ըլլալ թէ՛ ֆրանսահայուն եւ թէ՛ լիբանանահայուն համար, ինչպէս` կենսոլորտային եւ հանրային առողջապահութիւնը, համաշխարհային քաղաքաշինական թափը, ծայրայեղական գաղափարախօսութիւններու ահագնացող աճը, աշխարհատնտեսական վերիվայրումները եւ այլն: Եթէ հայկական բազմազանութիւնը մէկ միասնական ազգային համակարգի մը ստեղծումը չափազանց դժուար կը դարձնէ, ներազգային երկխօսութիւնը հասարակական եւ տնտեսական օրակարգերու շուրջ գուցէ այդ հրամայականի իրագործման ուղղութեամբ քայլ մը հանդիսանայ:

Երբ Եագուպեան կը գրէ, որ` «Ազգային զգացումները բաւարար չեն ազգային համակարգ ստեղծելու համար: Պիտի սկսի այն օրը, երբ առաջնահերթութիւն տրուի` հաստատութիւններու կառուցման, երկարաժամկէտ ռազմավարութեան մշակման, գիտելիքի համակարգման եւ պատասխանատուութիւններու յստակ բաժանման». պէտք է նաեւ արձագանգել, որ հաստատութիւններու կառուցումը կ՛ենթադրէ ինչպէս պատասխանատուութիւններու, այնպէս ալ նոր շահակցութիւններ կամ հիներու վերաբաշխում:

Այս խնդիրներուն Լիբանանէն հայեացք մը նետելով` շատ արագ յստակ կը դառնայ, թէ համազգային կամ ներազգային հարցերու, ինչպէս, օրինակ, հայեցի դիմագիծի պահպանման տեղական դրսեւորումները,  անխուսափելիօրէն կը պարունակեն ընկերատնտեսական որոշ երանգներ: Առանց անոնց անդրադառնալու` ընդհանուր ռազմավարութեան մը մշակումը դատապարտուած պիտի ըլլայ ձախողութեան, որովհետեւ առնուազն Լիբանանի մէջ ազգային խօսոյթը շատ յաճախ կ՛օրինականացնէ առկայ ընկերատնտեսական դասաւորուածութիւնը իր շահակցական անհաւասարութիւններով:

Այսպէս, օրինակ, Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծի պահպանման ուղղուած արդէն տասնամեակներէ կրկնուող խօսակցութիւններն ու միտուած նախաձեռնութիւնները խնդիրը կը դիտարկեն բացառապէս ազգայինի եւ օտարացման այս երկատման ընդմէջէն` առանց սակայն հարցադրելու, թէ «կեթոյացումը» ի՞նչ շահակցական յարաբերութիւններու ամրագրում մը կ՛ենթադրէ, իսկ «ձուլումը» որքանո՞վ կը խաթարէ զանոնք: Հետեւաբար անհրաժեշտ կը դառնայ հարցնելու, թէ ազգային նմանատապիտ կարգախօսներու գործիքակայնացումը, յանուն աւելի «վեհ նպատակներու», ինչ ձեւերով կ՛արտացոլացնէ նաեւ առկայ տնտեսական շահագրգռուածութեան եւ շահակցական կապերու ամբողջական պատկերը: Այս մօտեցմամբ կարելի է նոյնպէս լուսարձակի տակ առնել բոլոր այն հրատապ խնդիրները, որոնք այսօր ունին սփիւռքեան հնչեղութիւն` սկսած կրթական հաստատութիւններու անորոշ ապագայէն մինչեւ համայնքային նոր կառոյցներ:

Ուրեմն այն բոլոր բաղկացուցիչ տարրերը, որոնք պատմականօրէն ձեւաւորած են այն, զոր այսօր կը կոչենք լիբանանահայ գաղութ, այս խօսոյթի ներքոյ կը կորսնցնեն իրենց տարբերութիւնները կենսագործելու միջոցը` մէկ կողմէն դառնալով վերացական համայնքի մը անքակտելի մասը, բայց միւս կողմէն` զիջելով իրենց շահերը նոյնպէս վերացական համընդհանուրին, որ ուրիշ բան չէ` բացի առկայ դասակարգային-աշխարհագրական դասաւորուածութեամբ պայմանաւորուած շահերու բաշխման մշտնջենաւորում: Այսօր լիբանանահայկական համակարգին համար աւանդոյթի պահպանումը ոչ այլ ինչ է, քան` ստեղծումը ռեզոն տեթրի մը, որ թոյլ կու տայ ժողովուրդին անունով պահուող օրինականութիւնը վերարտադրել` առանց սակայն բացատրելու, թէ աւանդոյթի շարունակականութիւնը ինչպէ՛ս կը նպաստէ նոյն այդ ժողովուրդին վերագրուած շահերուն: Իսկ որովհետեւ համայնքային օրինականութիւնը յենասիւներէն է գոյութիւն ունեցող  յարաբերութիւններուն, հետեւաբար աւանդոյթի պահպանումը նաեւ կ՛ամրապնդէ այս քաղաքական տնտեսութեան առկայ պայմանները:

Ուստի, վերադառնալով Վերա Եագուպեանի յօդուածին, պէտք է ընդգծել, որ մեր ներազգային խօսոյթի առողջացման եւ յատկապէս ժողովրդավարացման համար եթէ անհրաժեշտ է համահարթեցնող կարգախօսներու խնդրականացումը` զանոնք խարսխելու համար ընդհանուր ռազմավարութեան մը վրայ, նոյնքան կարեւոր է, որ անաչառօրէն բարձրաձայնենք հետեւեալ հարցերը իրապէս բացայայտելու, թէ նոր օրակարգերն ու առաջարկները ո՛ր շահերուն կը բախին եւ որո՛նք կ՛ամրագրեն.

– Ազգային տարատեսակ մարմիններու մէջ համայնքային ներգրաւուածութիւնը դասակարգային ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ եւ ինչո՞ւ է այդպէս:

– Համայնքային ղեկավարութիւնը դասակարգային ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ եւ տասնամեակներու ընթացքին ի՞նչ տարերայնութեամբ ենթարկուած է փոփոխութիւններու:

– Որո՞նք են հայապահպանման անհրաժեշտութիւնը ընդգծողները եւ որքանո՞վ առնչակից են այդ քաղաքականութեան կամ խօսոյթին ենթական հանդիսացող զանգուածներու օրակարգային խնդիրներուն եւ հետաքրքրութիւններուն:

– Մտաւորական առկայ լճացման պայմաններուն մէջ, երբ յաճախ կը շեշտադրուի վերակենդանացման հրամայականը, որո՞նք են, որ իսկապէս կը վճարեն այս մահամերձութեան գինը, եւ որո՞նք են անոր շահառուները:

– Որո՞նք են հանրային քաղաքականութեան վրայ ազդելու հնարաւորութիւններ ունեցողները, եւ ի՞նչ է այդ կարողութեան տնտեսաֆինանսական դրսեւորումը:

– Համայնքային իշխանութիւններուն պատկանած դասակարգը ի՞նչ շահեր է, որ կը վերագրէ այն զանգուածին, որուն անունով հանդէս կու գայ համազգային տարածքին մէջ:

– Լիբանանահայ հաստատութենական համակարգը ինչպէ՞ս կը նպաստէ որոշ կապերու ամրապնդման եւ ինչպէ՞ս կը շղարշէ կորուստի յարաբերութիւնները:

– Լիբանանահայ միջին դասակարգի շահերը եւ հաստատութենական համակարգին վերագրած շահերը որքանո՞վ կը նոյնանան, եւ եթէ կան հատման կէտեր, ո՞ւր են:

– Որո՞նք են հասարակական այն խումբերը, որոնց շահերը առաւելագոյնս ապահովագրուած են հաստատութենական համակարգի առկայ գործունէութեամբ եւ որքանո՞վ կրնան ազդուիլ համընդհանուր ռազմավարութեան մը մշակումէն:

– Լիբանանահայ ձեռնարկատիրական յաջողութիւնն ու դրամագլուխի աճը ինչո՞ւ չեն ուղեկցիր հաստատութենական համակարգի արդիւնաւէտ արդիականացմամբ:

– Լիբանանահայ հասարաքաղաքական հաստատութիւնները կախուածութեան ի՞նչ մակարդակ ունին սեփական դրամագլուխէ եւ հակառակը` անհատական դրամագլուխը համակարգը ինչպիսի՞ կախուածութեան մէջ է, որ կը պահէ:

– Ինչպէ՞ս բանաձեւել ազգային ռազմավարութիւնը` առանց վերարտադրելու տիրապետող շահառութեան դիրքերը:

– Հնարաւո՞ր է հաստատութենական համակարգի արդիականացումը` առանց շահերու վերաբաշխման եւ դասակարգային վերադասաւորուածութեան:

Հայ հասարակական մտածողութեան տեսադաշտէն դուրս ելած են դասակարգային կամ ընկերային այլ եզրերով/category-ներով հարցերը ընկալելու, վերլուծելու եւ հասկնալու փորձերը, այնքան ատեն որ դեռ ազգային խօսոյթը եւ հաստատութենական կառոյցները զիրար համալրող իրականութիւններ են: Առանց քաղաքական տնտեսութիւնը մեր հաւաքական մտածողութեան մտասեւեռման առարկան դարձնելու` կարելի չէ լիարժէքօրէն դիմակայել այն բոլոր մարտահրաւէրները,  որոնց լուծման ուղղուած պիտի ըլլայ Եագուպեանի առաջարկած ազգային ռազմավարութիւնը: Բոլոր օրակարգերը` ըլլան անոնք տեղայնական կամ համազգային, շատ յաճախ առկայ ընկերատնտեսական դասաւորուածութեան հայելային արտացոլացումն են: Ուստի դասակարգային եւ շահակցական յարաբերութիւններու աւելի յստակ ուրուագծումը կրնայ նպաստել այս հանգոյցներու անքակտելի կապերու տեսանելիութեան, կենսոլորտային, քաղաքաշինական եւ ժողովրդագրական հրատապ հարցերու հետ, որոնք այսօր կը մնան մարդկութիւնը յուզող կենսական խնդիրներէն: Տնտեսական քաղաքականութիւնը կրնայ նաեւ տրամադրել քննական եւ իմացական այդ գործիքակազմը` պատրանքներէ զուրկ աւելի հերձողական արժեւորում մը տալու համար համազգային տարերային իրականութեան:

(Շար. 2 եւ վերջ)
—
(Շար. 1)

Նախորդը

Պրն. Մեսրոպը (Մեսրոպ Ա. Քենտիրճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

Փաշինեանին Լարած Թակարդին Գինը Կը Պատրաստուին Վճարել Հայաստանի Պետութիւնն Ու Ժողովուրդը. Անանեան

RelatedPosts

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին
Անդրադարձ

«Արմատախիլ Անել» Դաշնակցականութիւնը. Քաղաքական Մենատիրութեան, Գաղափարական Պայքարի Եւ Բազմակարծութեան Սահմանների Մասին

September 23, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Փաշինեան Չի Քաջալերեր Սփիւռքահայերը` Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալու

September 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախութիւն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.