Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

July 7, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 23 յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը:

Հանդէսը սկսաւ Կանաչ դասարաններու տեսերիզով, ուր փոքրիկները ներկայացուցին մանկապարտէզը եւ իրենց առօրեան: Մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան տեսերիզի աւարտին բարի երթ մաղթեց աշակերտներուն եւ ըսաւ. «Այսօր մեր փոքրիկները` քիչ մը յուզուած, քիչ մը ուրախ, մնաս բարով պիտի ըսեն իրենց սիրելի մանկապարտէզին եւ պիտի անցնին տարրական բաժին»:

Այս տարուան հանդէսին բնաբանն էր` «Սէրը մեր փոքրիկ սրտերուն մէջ»:  Իւրայատուկ բեմականացումով, փոքրիկները, գունաւոր հագուստներ հագած, երգերով, պարերով ու խօսքերով ներկայացուցին սէրը` ընկերասիրութեան մէջ, մեծ մայրիկին հացին մէջ, բնութեան մէջ, կենդանիին մէջ, երաժշտութեան մէջ եւ ի վերջոյ` հայրենիքի սէրը: Ակներեւ էր փոքրիկներուն ինքնավստահութիւնը եւ իւրաքանչիւր արտասանուած խօսքի իրենց տիրապետումը: Յայտագրին մասնակցեցան նաեւ Կապոյտ դասարաններու փոքրիկները երեք պարերով: Գունագեղ տարազները, լուսաւորումը, երաժշտութիւնն ու նուագախումբը հանդիսատեսները փոխադրեցին զգացումներու  աշխարհ:

Հանդէսի աւարտին փոքրիկները ջերմօրէն շնորհաւորեցին իրենց հայրերու տօնը` անոնց նուիրելով սրտաձեւ փուչիկներ: Ապա «Մնաս բարով, մանկապարտէ՛զ» տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, փոքրիկները բեմ բարձրացան աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ, որոնցմէ ստացան յուշանուէրներ: Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան, եւ Կանաչ դասարանի 28 աշակերտները ստացան իրենց վկայականները:

Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.

Ճերմակեան Հելէն, Արոյեան Կասիա, Աւետիս Լիանա, Տէր Պետրոսեան Կառնի, Ժամկոչեան Սառա, Գավլաքեան Կալի, Քեպապճեան Վանայ, Քիուանեան Լիանա, Աղուորեան Լէա, Պիթարեան Կալիա, Հատշիթի Միքայէլլա, Նիկողոսեան Արիա, Աւագեան Ռուբէն, Յակոբեան Ճորճ, Գույումճեան Ալեքսանտր, Մանուկեան Հրակ, Մեսրոպեան Հայկ, Թոնդեան Շանթ-Բենօ, Պաղտիկեան Զարեհ, Պուարի Հայկ, Տէր Պետրոսեան Վայք, Տէր Թորոսեան Նօուա, Մանտալեան Նարեկ, Սաղպազարեան Փայլակ, Սեմէրճեան Ալեքս, Սիբիլեան Ճոշուա, Թանկուքեան Դրօ, Զիննէթեան Կարօտ:

Տնօրէնուհին շնորհաւորեց աշակերտները, ծնողներն ու ուսուցիչները եւ «վարձքը կատա՛ր» ըսաւ բոլորին:

Հանդէսը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգին երգեցողութեամբ:

Նախորդը

Կայսրութիւն, Պատմութիւն, Արխիւներ

Յաջորդը

2026 Թուականի 100 Ամէնէն Ազդեցիկ Մարդիկը

RelatedPosts

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»
Գաղութային

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»

October 7, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.