ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
Սանայէ Թաքաիչի
Հոկտեմբերին ականատես եղանք փոխակերպող եւ պատմական պահու մը, երբ Սանայէ Թաքաիչին Ճափոնի առաջին կին վարչապետը դարձաւ` Ճափոնի քաղաքական աշխարհի կիները երկրի որոշումներու կայացումին մէջ բարձրագոյն դերէն զրկող «երկաթեայ առաստաղը» փուլ բերելով: Ազգային քաղաքականութեան մէջ իր երկարատեւ պաշտօնավարութեան ընթացքին ան մարտահրաւէր կարդաց այս սահմանափակումին եւ Ճափոնի մէջ կիներու ընտրելու իրաւունք ձեռք բերելէն ութսուն տարի ետք վերջապէս տիրացաւ վարչապետի պաշտօնին: Սա մեծ ցնցում յառաջացուց քաղաքական բնագաւառին մէջ: Վարչապետ Թաքաիչիի վերելքը կ՛ապացուցէ, որ Ճափոնի հասարակութիւնը բաւական հասունցած է բարձրագոյն մակարդակի վրայ կին առաջնորդներ ընտրելու եւ ողջունելու համար: Այս երեւոյթը նաեւ կը հաստատէ, որ միայն այն ժամանակ, երբ կիներ` բնակչութեան կէսը, կարողանան աւելի պայծառ փայլիլ, մեր ապագան աւելի կենսունակ կը դառնայ: Թաքաիչի այդ կենսունակ ապագայի ամէնէն խոստմնալից կերտիչներէն է:
Պենիամին Նեթանիահու (Benjamin Netanyahu)
7 հոկտեմբեր 2023-ի Համասի յարձակումները Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն պատասխանատու դարձուցին իր երկրի պատմութեան մէջ ծանրագոյն անվտանգութեան ձախողութեան համար: Սակայն ան բոլոր արգելքները յաղթահարելով` քաղաքական դաշտ վերադարձաւ: Իսրայէլի կողմէ Հըզպալլայի ռազմական ենթակառոյցներու քանդումները, 12-օրեայ պատերազմի ընթացքին Միացեալ Նահանգներուն հետ Իրանի հիւլէական ծրագիրին անոր տուած կործանարար հարուածները եւ մնացած բոլոր պատանդներուն արտաբերումը Կազայէն` բարձրացուցին Նեթանիահուի հեղինակությունը իսրայէլեան հանրութեան մօտ: Այս յաջողութիւնը միաժամանակ Իսրայէլի հանդէպ ժխտական անդրադարձ ունեցաւ միջազգային ընկերութեան մօտ: Կազայի մարդկային զոհերու ահռելի թիւը, Արեւմտեան ափի բնակեցման վայրերու շարունակական ընդլայնումը, Լիբանանէն ներս նոր ներխուժումը եւ Իրանի հետ պատերազմը նուազեցուցած են երիտասարդ ամերիկացիներուն աջակցութիւնը, նոյնիսկ այն պարագային, երբ Ուաշինկթըն կը շարունակէ Իսրայէլի անփոխարինելի դաշնակիցը մնալ: Նեթանիահու կնճռոտ ճանապարհ ունի իր դիմաց:
Նեթումպօ Նանտի-Նտայթուա
Նեթումպօ Նանտի-Նտայթուայի կեանքը կը ցոլացնէ հզօր եւ յաճախ անտեսուած այն ճշմարտութիւնը, թէ ափրիկեցի կիներ կեդրոնական դեր խաղցած են գաղութային տիրապետութեան դէմ պայքարին մէջ: Նանտի-Նտայթուա երիտասարդ տարիքին լքած է իր տունը եւ միացած Նամիպիոյ ազատագրական շարժումին` օժանդակելով անկախութեան տիրացումին եւ ժողովրդավարական ազգի տեսլականին ձեւաւորումին, որ հիմնուած է արժանապատուութեան, հաւասարութեան եւ համատեղ բարգաւաճումին վրայ: Ան հաւատարմօրէն այդ տեսլականը կրած է ազգային ղեկավարութեան մէջ` բարձր պաշտօններ վարելով, ինչպէս` արտաքին գործերու նախարարութիւն, որ գագաթնակէտին հասաւ Նանտի-Նտայթուայի Նամիպիոյ առաջին կին նախագահի ընտրութեամբ: Այսօր ան յաղթահարած է ափրիկեցի կիներուն ու առհասարակ կիներուն դիմաց ծառացած արգելքները ամբողջ աշխարհի մէջ` իր կառավարութեան մէջ բարձրագոյն պաշտօնները կիներուն վստահելով: Միջազգային հարթակներու վրայ Նանտի-Նտայթուան հարաւի հետեւողական ու յարգուած ձայնն է, որովհետեւ յառաջ կը մղէ հաւասարութիւնն ու արդարադատութիւնը` կարեւոր համաձայնագիրներու միջոցով, եւ կ՛օգնէ աւելի արդար, ապահով եւ հաւասար աշխարհ ձեւաւորելուն: Ան` իբրեւ ազատագրական մարտիկ եւ նախագահ, քաջ է եւ սկզբունք փոխակերպող առաջնորդութիւն կը մարմնաւորէ:
Սթիւ Ուիթքոֆ
Երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ուզեց, որ մէկը իր անունով խօսի աշխարհի ամէնէն բարդ բանակցութիւններուն ընթացքին, ան ընտրեց նիւեորքցի անշարժ գոյքի միլիառատէր Սթիւ Ուիթքոֆը` իր երկար տարիներու եւ կոլֆի ընկերներէն մին: Ուիթքոֆ իր տնտեսական հարստութիւնը դիզեց մեծ ներդրումներ կատարելով 1990-ականներու Նիւ Եորքի տնտեսական անկումին ժամանակ: Այժմ ան Թրամփի Միջին Արեւելքի վստահելի դեսպանն է եւ կ՛երթայ հոն, ուր որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը զինք կ՛ուղարկէ: Ուիթքոֆ սերտօրէն կը համագործակցի Թրամփի փեսային` Ճարետ Քուշների հետ` լուծելու համար աշխարհի դժուարագոյն հակամարտութիւններէն մի քանին: Ան նպաստած է Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ հրադադարի հաստատումին ու պատանդներու ազատ արձակումին եւ միջնորդած է ամերիկացի Մարք Ֆոկելի ազատ արձակման` Ռուսիոյ բանտարկեալներու փոխանակման ժամանակ: Ուիթքոֆ եւ Քուշներ նաեւ կապ հաստատած են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ` Ուքրանիոյ տագնապի լուծման համար, սակայն ցարդ յաջողութիւն չեն կրցած արձանագրել այս մարզին մէջ: Իսկ Ժընեւի մէջ իրանցի բանակցողներուն հետ անոնց ապարդիւն հանդիպումները նպաստած են, որ Թրամփ որոշէ միանալ Իսրայէլին նոր պատերազմի սկսելու համար: Ուիթքոֆի առաքելութեան մաս կը կազմեն Թրամփի նախագահութեան երկրորդ ժամկէտի իրագործումներէն ամէնէն փառատենչ ծրագիրներուն յաջողութիւնը:
Կաւին Նիուսըմ
Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կաւին Նիուսըմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յաջող նահանգապետերէն մին է: Մինչ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հանդէպ անոր կոշտ քննադատութիւնը զինք ազգային գործիչի վերածած է, Քալիֆորնիոյ մէջ անոր նախաձեռնած աշխատանքները` մանկապարտէզներու եւ աշխարհի մեծագոյն օդային հրդեհաշիջումի կեդրոնի կառուցումը եւ թուային ենթակառուցուածքներու համար աւելի քան 3 միլիառ տոլար ծախսելը իրեն հանդէպ մեծ վստահութիւն ներշնչած են: Նիուսըմ այժմ կը վայելէ լաւագոյն ցուցանիշերէն մի քանին 2028-ի նախագահական թեկնածուներու շարքին դասուելու: Աշխարհի չորրորդ մեծագոյն տնտեսութիւնը ունեցող Քալիֆորնիոյ դրամական հզօրութիւնը ցոյց կու տայ, որ Նիուսըմի որոշումները կ՛ազդեն համաամերիկեան բանավէճերուն վրայ` շրջակայ միջավայրի կարգաւորումէն մինչեւ սպառողներու անվտանգութիւն: Սակայն անոր ղեկավարութեան խոցելի կէտերը եւս շատ են, ինչպէս` աղքատութեան աճող մակարդակը, Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն հարկային դրոյթը եւ անօթեւան բնակչութեան մէկ քառորդը ունեցող նահանգը: Դեմոկրատականներու կուսակցութեան մէջ Նիուսըմ կը նկատուի նախագահական թեկնածուներուն յառաջապահը:
Կըվըն Շաթուել
Կըվըն Շաթուել այն հազուագիւտ կին ղեկավարներէն է, որ իր ծրագիրները չի սահմանափակեր եւ իր աշխատանքը անդուլօրէն կը կատարէ: 2002-ին ան միացաւ SpaceX-ին` իբրեւ այս ընկերութեան եօթներորդ աշխատակիցը: Այժմ, իբրեւ նախագահ եւ գործադիր տնօրէն, ան աւելի քան 23.000 աշխատակից կը ղեկավարէ` տիեզերքի ճամբորդութիւններն ու ճարտարագիտական միջոցները եղափոխելու առաքելութեան շրջանակներուն մէջ: SpaceX ընկերութեան Starlink համաստեղութիւնը այսօր ուղեծիրին մէջ ունի աւելի քան 10.000 արբանեակներ, որոնք համացանցային ծառայութիւն կը մատուցեն ամբողջ աշխարհի մարդկութեան: Շահագրգիռ կողմերու, պետական կառոյցներու եւ զանազան
անհատներու հետ բանակցութիւններ վարող Շաթուել սեղան կը բերէ դիւանագիտութեան, դատողութեան եւ հեղինակութեան իր իւրայատուկ արդիւնաւէտ շնորհները: Ան անկարելին կարելի դարձնելու բացառիկ կարողութեամբ օժտուած է:
Պալենտրա Շահ
Պալենտրա Շահ` 35 տարեկան նեփալցի նախկին հիփ-հոփ աստղ, մարտին Հիմալայեան երկրի ամէնէն երիտասարդ վարչապետը ընտրուեցաւ: Այս ջախջախիչ յաղթանակը խթանուեցաւ աշնան ծայր առած բողոքի բազմամարդ ցոյցերով, որոնք կը նպատակադրէին տապալել կաշառակեր քաղաքական ղեկավարութիւնը: Քաղաքային ճարտարապետութեան շրջանաւարտ` Շահ իր մտախոհ խօսքերով յաճախ բանավէճի բռնուեցաւ կաշառակեր քաղաքական գործիչներուն հետ եւ, չորս տարի առաջ, նախ Քաթմանտուի քաղաքապետ դարձաւ, ապա` Նեփալի 30 միլիոն բնակչութեան վարչապետ: Շահի վերելքը նոյնքան ժողովրդավար երիտասարդական ցնցում է, որքան` հարաւային Ասիոյ քարացած ժառանգական քաղաքական ղեկավարութեան լիակատար մերժում, որ կը ցնցէ տարածաշրջանի վերնախաւը: Իբրեւ քաղաքապետ` Շահ յաջողեցաւ յաղթահարել պաշտօնակալական խոչընդոտները եւ բարելաւել կրթութիւնն ու առողջապահութիւնը: Ան այժմ որպէս վարչապետի պիտի ապացուցէ, որ կրնայ նոր յաջողութիւններ արձանագրել: «Բոլոր քաղաքական գործիչները` նորերը եւ հիները, գողեր են», ան ժամանակին գրած էր ընկերային ցանցերու մէջ: Նեփալցիներ կը յուսան, որ Շահ իր օրինակով կը փաստէ, որ սխալած է:
(Շար. 2)


