23 յունիս 2026-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տունս քաղցր ա» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Ժապաւէնը հանդիսատեսը տեղափոխեց Արցախի կեանքի ուրախ եւ տխուր էջերը` սկսելով խաղաղ հարսանիքի տեսարաներով եւ հասնելով դաժան պատերազմի ու տեղահանութեան իրականութեան:
Ժապաւէնը կը ներկայացնէր ընտանիքի մը պատմութիւնը, որուն միջոցով կը բացայայտուէր ամբողջ Արցախի ժողովուրդի ճակատագիրը: Հերոս Վրէժին հայրը, որ ականատես եղած էր երկու պատերազմներու, իսկ մեծ մայրը` երեքի, կը մարմնաւորէին այն ծանր փորձութիւնները, զորս տարիներու ընթացքին ապրած է Արցախի ժողովուրդը:
Ժապաւէնին մէջ յատկապէս լուսարձակի տակ կը բերուի մանուկներուն ծանր մանկութիւնը պատերազմի պայմաններուն մէջ: Անոնք փոքր տարիքէն ստիպուած էին ճանչնալ պատերազմը, յաճախ` նոյնիսկ դպրոցին մէջ սորվելով անոր մասին: Վրէժը, հօր պատերազմի մեկնելէն ետք, կը դառնայ ընտանիքի պատասխանատուն` տան տղամարդը:
Ժապաւէնին մէջ նաեւ կ՛արտացոլայ արցախցիներու կապը իրենց հայրենիքին հետ: Նկատի առնելով տեղահանութեան եւ նոր կեանքը Հայաստանի մէջ` անոնք կը շարունակէին կարօտով յիշել Արցախը եւ դժուարութեամբ կը համակերպէին նոր իրականութեան: 2020-ին Արցախէն Հայաստան տեղափոխուելու տեսարանը մեծապէս յուզիչ էր. մեծ մօր տարեդարձի ժամանակ հնչած «Հերոս տղերքը մեր» երգը կը վերապրեցնէր պատերազմի տարիներու լարուած եւ անորոշ սպասումները:
Բայց եւ այնպէս, հոն տակաւին առկայ է անմեղութիւնը: Արդարեւ, Արցախի մանուկները նոյնիսկ պատերազմի ծանր պայմաններուն մէջ կրնային ուրախանալ ամէնէն փոքր նուէրներով: Միաժամանակ անոնք միշտ կը գիտակցէին իրենց ինքնութեան եւ հայրենիքի կարեւորութեան` յաճախ կրկնելով «Մեր հայրենիքը պաշտպանենք» եւ «Յաղթելու ենք» խօսքերը:
Ժապաւէնը ցոյց կու տար նաեւ արցախցի մանուկներուն ու պատանիներուն ունեցած կրթութիւնը եւ պատրաստուածութիւնը` սկսած ականներու մասին գիտելիքներէն մինչեւ զինավարժութեան տարրեր: Դպրոցներուն մէջ անոնք կը սորվէին ինչպէս վարուիլ վտանգի ժամանակ եւ նոյնիսկ կը մասնակցէին ռազմական պատրաստութեան ծրագիրներուն:
Ժապաւէնին աւարտին հերոս Վրէժի պատմութիւնը կը մնայ անաւարտ` հանդիսատեսը ձգելով անորոշութեան մէջ, ինչ որ աւելի կ՛ընդգծէ Արցախի ճակատագիրի բարդութիւնը եւ ցաւոտ իրականութիւնը:
«Տունս քաղցր ա» ժապաւէնին ընթացքին եւ վերջաւորութեան նկատելի էր նաեւ կտրուկ հակադրութիւն. անցեալի գեղեցիկ ու խաղաղ Արցախը վերածուած էր աւերուած եւ վիրաւոր հայրենիքի, ուր բնակավայրերը քանդուած էին, բայց մարդոց յիշողութիւններուն մէջ անիկա կը շարունակէր ապրիլ իբրեւ հարազատ տուն:


