Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրողը… Հատորն Ու Ընթերցողը

March 7, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ էր, երբ բարեկամներէս մէկը անմեղօրէն ինծի հարցուցած էր,  թէ ի՞նչ կ՛ընէի այս օրերուն:

– Վէպիս շնորհահանդէսի կազմակերպութեամբ կը զբաղուիմ,- պատասխանած էի:

– Ինչո՞ւ,- յանկարծ ընդմիջած էր.- նորէ՞ն հատոր մը հրատարակած ես: Արդեօ՞ք այնքան հայերէն կարդացողներ կան: Չէի գիտեր: Միայն գիտեմ, որ հայերէն թերթ կամ գիրք ընթերցողներուն թիւը, մանաւանդ արեւմտահայերուս մէջ, զգալիօրէն նուազած է.

– Այո՛, -ըսած էի արագ մը.- գիտե՛մ այդ մէկը:

– Լա՛ւ… ուրեմն ինչո՞ւ կը գրես,- դէմքին քմծիծաղ մը գծելով` պատասխանած էր:

– Որովհետեւ, յարգելի՛ բարեկամս,- կրկնած էի վշտոտ ձայնով,- հաստատ գիտեմ, որ հայերէն կարդացողներուն թիւը ոչ միայն նուազած է, այլ` նօսրացած: Բայց գիտեմ նաեւ, որ կա՛յ մէկը, որ ամէն օր հայերէնով կ՛արթննայ, հայերէնով կ՛արտայայտուի, հայերէնով կ՛ապրի, նոյնիսկ եթէ «պէտք» ըլլայ, հայերէնով ալ կը հայհոյէ. տակաւին,  հայերէնով սիրած է ու կը սիրէ, ու աւելի՛ն, հայերէնով կը խնդայ, կ՛աղօթէ, կը խօսի…

– Իսկ ո՞վ է այդ մէկը.- հարցուցած էր խօսակիցս` գրեթէ շուարած:

– Ե՛ս եմ.- պատասխանած էի:- Ե՛ս: Եթէ նոյնիսկ անձս դառնայ իմ գրութիւններուս, տողերուս կամ էջերուս միակ ընթերցողը, պիտի շարունակեմ գրել ե՛ս ինծի համար, ընթերցող անհատիս համար, հայերէնով գրելու պապակս գոհացնելու համար:

Իրապէս քրտինք բերող այս խօսակցութենէն ետք առանձնանալ ուզած էի: Ես ինծի հետ… խոհերուս, սէրերուս, յուշերուս, ուրախութիւններուս եւ յուսախաբութիւններուս հետ` մինակս…

Համեստօրէն ու նոյնքան ալ անկեղծ` ըսեմ, որ տարիներէ ի վեր հայերէն բառերուն հետ մտերմութիւնս արդէն հասած է իր սերտ յարաբերութեան: Այդ բառերն են, որոնք միշտ զիս կ՛առաջնորդեն: Անոնք են, որ գիտեն իմ բոլոր գաղտնիքներս:

Վկայ` լոյս ընծայած հատորներս: Որովհետեւ հայ ընթերցասէրը լաւատեղեակ է,  թէ ի՜նչ հրաշալիք մըն է մեր լեզուն:

Որովհետեւ վերջ ի վերջոյ ա՛յս հայերէնը միայն իմս, կամ մերը չէ՛, այլ իրն ալ է` ընթեցողինը:

Որովհետեւ… վերջ ի վերջոյ հայ ընթերցողը ո՛չ միայն հայ գրողին հարստութիւնն է, այլեւ գերագոյն դատաւորը` հատորը արժեւորելու, գնահատելու եւ կամ քննադատելու:

Միւս կողմէ, սակայն, չմոռնանք, որ հայ գրողն ալ միշտ մտահոգ է մեր լեզուի ճակատագրով: Աւելի՛ն. ան մեծ պաշտամունք ունի հայ լեզուին հանդէպ: Ունի նաեւ խոր համոզումներ` իր ազգին ու մարդկութեան հետաքրքրող եւ տագնապեցնող հարցերու մասին:

Ու համեստօրէն ըսեմ, որ նուրբ տկարութիւն մը ունիմ` հանդէպ գիրին, հայ գիրքին եւ հաւատք-տեսիլք փոխանցող հայ գրողին ու մեծ յարգանք` հայ ընթերցողին: Կը հպարտանամ գրական երեւակայութեամբ եւ մեր լեզուին հրապոյրն ու գեղեցկութիւնը հայերէնով հաղորդող հայ գրիչներով:

Նաեւ, իբրեւ ընթերցող, կը փնտռեմ` ճշմարտութիւնը, իրականութիւնը, հատորին մէջ երեւցող  գրական բարոյականութիւնը, սրտի մօտիկութիւնը, հեղինակի պատգամն ու մտածողութիւնը, անոր գրական վաստակն ու նուիրումը: Ու սրտանց կը ցանկամ, որ ազգովին վերադառնանք մեր հոգեւոր արժէքներուն, գիրքի ընթերցանութեան եւ ժամանակակից հայ գրողներու ստեղծագործութիւններուն ու դառնանք ընթերցասէրներ, որպէսզի հայ գիրքի հանդէպ մեր սէրն ու հետաքրքրութիւնը երբեք չմարի:

Ճիշդ է, որ ներկայիս գիրք եւ մամուլ փնտռողները նուազած են եւ դարձած են սակաւաթիւ, բայց տակաւին կան ու կ՛ապրին գիրքին ուժն ու արժէքը գիտցողներ, անոր ներգործութեան հաւատացողներ: Բայց նաեւ կը հաւատամ, որ մենք ազգովին գիր- գրականութիւն սիրող եղած ենք: Մեր արմատները անոնցմով սնանած են:

Նման քանի մը այս խորհրդածութիւնները յանձնեցի թուղթին, որպէսզի ընթերցողին հետ միասնաբար բացայայտէի գիրքի սէրը, ընթերցումի կամ ընթերցելու էականութիւնը, եւ այս առթիւ հայ գիրի սպասարկու` հատորի հեղինակին խոնջէնքը, այն համոզումով, որ մեր ազգային գանձերուն պահպանման նպաստող հայ գրականութիւնը կը շարունակէ իր երթը:

[email protected]

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մարդուն Ապագան

Յաջորդը

Հոգեւոր Մտամփոփման Օր` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.