Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մարդուն Ապագան

March 7, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Իշխանութիւններ եւ թագաւորութիւններ հիմնուած են հզօր բանակներու տարած յաղթանակներուն շնորհիւ: Հին ժամանակ հզօր բանակներ իրենց գրաւած տարածքները կը թալանէին` ձեռք ձգելով արժէքաւոր իրեր, նաեւ` հազարաւոր գերիներ, որոնց բռնօրէն կ՛աշխատցնէին մասնաւորաբար շինարարութեան ու հողագործութեան մարզերուն մէջ եւ չնչին ծախսերով ու ժամանակի դէմ մրցելով կը բարգաւաճէին:

Այսօրուան քաղաքակիրթ երկիրները հազարաւոր տարիներ ետք աւելի արդիականացած ըլլալով, նախկիններու գործելաձեւերը կ՛որդեգրեն, բայց արդիական միջոցներով բարգաւաճելու համար: Նոյնիսկ եթէ ականատես կ՛ըլլանք համաշխարհային տարօրինակ քաղաքական լուրերու, որոնք հանրութեան զարմանք կը պատճառեն իրենց տարբեր տեսակի տեղեկութիւններով, բայց եւ այնպէս քաղաքականութեան մէջ հզօր ուժը միշտ կը յաղթէ եւ յարգանք կը պարտադրէ, նոյնիսկ եթէ շատ անգամ խախտած ըլլայ համաշխարհային օրէնքները:

Այսօր արդիականացած իշխանութիւններ արհեստագիտական միջոցներով իրենց ձեռք ձգած հզօրութեամբ կը բարգաւաճին եւ երբ հարկ է, կը պատերազմին տնտեսական, ռազմական կամ աշխարհաքաղաքական մարզերու մէջ:

Մարդամեքենաներու եւ Արհեստական բանականութեան գործածութիւնն ալ իր կարգին տարբեր տեսակի նոր փուլի մը պիտի առաջնորդէ մեզ: Ամերիկացի գործարար եւ միլիառատէր Իլոն Մասք հեռատես գիտնական մըն է, որ իր ստեղծագործութիւններով կրնայ որոշ չափով մարդկութեան ապագան գուշակել: Կը մէջբերեմ Մասքի  արտայայտած քանի մը կարեւոր միտքերը.

Ա.- Մարդը ապագային աշխատելու կարիք պիտի չունենայ:
Բ.- Մարդը դրամ պահելու պէտք ալ պիտի չունենայ:
Գ.- Բժիշկի կարիք ալ պիտի չըլլայ ապագային:

Նաեւ դիտել կու տայ, որ տարբեր տեսակի արհեստներ եւ գործեր պիտի փոխարինուին արհեստագիտական  միջոցներով: Նաեւ կատարած է շատ մը այլ կանխատեսութիւններ, որոնք շատերուս կրնան անկարելի թուիլ այսօր, բայց ապագան միայն պիտի ըլլայ ապացոյցը, երբ օրը գայ: Նախկին համաշխարհային օրէնքները արմատական փոփոխութիւններու ենթակայ են, եւ շատ արագ ձեւով հինը նորով կը փոխարինուի:

Դժբախտաբար մարդը իր սահմանափակ մտային կարողութեամբ անկարող է հասկնալ այս բոլորը, բայց եւ այնպէս Արհեստական բանականութիւն գործածելու կարողութիւնը կրնայ մարդուն որոշ չափով պարզել նոյնիսկ ամէնէն դժուար հարցերը եւ հասկնալի դարձնել զանոնք:

Այսօր մարդը ինքնազարգացման համար իբրեւ հարազատ ընկերը ունի համացանցը,  մանաւանդ եթէ ձեռք բերէ զայն գործածելու ձեւն ու հմտութիւնը:

Ինքնազարգացումը եւ ուսումը տարիք չեն ճանչնար, կը հաւատամ, որ մարդ անդադար պէտք ունի զարգացումի: Ժամանակին` համալսարանի օրերուս, տարօրինակ կը թուէր ինծի, երբ  տեսնէի, թէ երէց անձեր իրենց զաւակներուն տարեկից աշակերտներու հետ կը յաճախէին ուսումնական հաստատութիւններ տարբեր պատճառներով: Այսօր նման երեւոյթ օրէ օր աւելի սովորական կը թուի ըլլալ,  մանաւանդ երբ գիտութեան անհրաժեշտութիւնը մարդուս ֆիզիքական սնունդի նման կարեւոր եղած է, որովհետեւ անիկա մտային սնունդ կը հանդիսանայ:

Այսօրուան հզօր իշխանութիւններն ալ իրենց կարգին քայլ պահած են արհեստագիտական մնայուն զարգացումին հետ եւ իբրեւ արդիւնք կրնան յաղթանակներ արձանագրել  նորանոր միջոցներով, որոնք շատերուս համար կը մնան անհասկնալի: Քայլ պահենք նոր աշխարհի օրէնքներուն հետ, որպէսզի կարողանանք գոյատեւել իբրեւ անհատ, հաւաքականութիւն եւ իշխանութիւն: Հինին կառչած մնալով միմիայն ինքնալճացումի կ՛առաջնորդենք մենք մեզ եւ մեր շրջապատը: Նախաձեռնենք նորին ձեռք երկարելու` առանց խախտելու հինին խորքը:

 

 

 

Նախորդը

Փուռ Առանց Փ-ի

Յաջորդը

Գրողը… Հատորն Ու Ընթերցողը

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.