Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող ամրան ՀՄԸՄ միաժամանակ կատարեց հինգ մեծ ձեռնարկներ, որոնք իրենց բնոյթով իրարմէ տարբեր ըլլալով հանդերձ, մէկ ու միեւնոյն պատգամը կը յղէին. երբ միութիւն մը կը հաւատայ իր սեփական ուժերուն, կը ծրագրէ բծախնդրութեամբ, կը գործէ հաւաքական կամքով, անկարելին կը դառնայ կարելի:

Ձեռնարկներէն առաջինը նաւապտոյտն էր` բոլորովին նոր նախաձեռնութիւն մը ՀՄԸՄ-ի համար: Նաւապտոյտը ցոյց տուաւ, որ ՀՄԸՄ բաւարարուած չէ ընթացիկ գործունէութեամբ, այլ միշտ կը փնտռէ նոր միջոցներ` նոր շրջանակներ ներգրաւելու եւ նոր հետաքրքրութիւններ գոհացնելու համար:

Ապա` քարոզչական առաջին համագումար:

Ոչ սովորական հաւաք մը, նոր գործադաշտի, նոր գործելաոճի եւ նոր մտածողութեան յատկացուած վայր մը: Այսօր, երբ հաղորդակցութեան միջոցները արագօրէն կը փոխուին, ու երբ նոր ժամանակներու համահունչ գործելու պարտաւորութիւնը կը զգացուի, ՀՄԸՄ հիմնական քայլեր կ’առնէ քարոզչական իր համակարգը ստեղծելու համար: Առ այդ, համագումարը առաջնահերթութիւններ ճշդեց, թիրախներ որոշեց եւ անոնց հասնելու ամէնէն արագ ու արդիական միջոցները որոնեց:

Երրորդ մեծ ձեռնարկը` համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումը, 836 մասնակիցով եւ «Կինես» մրցանիշի արձանագրութեան պատմական յաջողութեամբ: Բացառիկ իրագործում մը, որ անգամ մը եւս հաստատեց, թէ միութեան մեծագոյն ուժը կը հանդիսանան` իր մարդկային ներուժը, իր երիտասարդութիւնը եւ զայն կազմակերպելու կարողութիւնը:

Չորրորդը սկաուտական «Արարատեան» կարգի տուչութիւնն էր 63 բարձրաստիճան խմբապետներու:

Գօտեպնդիչ երեւոյթ, որ միութիւնը միայն երիտասարդներով չի զբաղիր, այլ նաեւ` երիտասարդները ղեկավարո՛ղ երիտասարդներով, գիտակից, նուիրեալ ու պատասխանատու ՀՄԸՄ-ականներու պատրաստութեամբ: Տղաք, որոնք պիտի երաշխաւորեն ՀՄԸՄ-ի յառաջիկայ քսան-երեսուն տարիներու գործունէութեան առողջութիւնն ու կենսունակութիւնը:

Եւ վերջապէս, «Հայ մարզիկի օր»-ուան առիթով միջազգային մրցանակներու տիրացած Արցախի մարզիկներու պարգեւատրման ձեռնարկը` իբրեւ յուշարար, որ Արցախը կարելի չէ հանել ՀՄԸՄ-ականներու հոգիներէն ու սրտերէն: Իբրեւ վկայութիւն, որ պայքարող ժողովուրդի մը պայքարող ու յաղթող մարզիկը ՀՄԸՄ-ին համար կը մնայ ազգային գոյատեւման կարեւոր խորհրդանիշներէն մէկը:

Այս բոլոր ձեռնարկներուն իրականացումը տեսնելով` պարզ է, որ մարդիկ իրենց դիմաց տեսան միութիւն մը, որ ինքզինք կը նորոգէ, կը մտածէ, կը համախմբէ, կը դաստիարակէ եւ կը գնահատէ: Միութիւն մը, որ կը ստանձնէ մեծ պատասխանատուութիւն` չբաւարարուելու իր արձանագրած յաջողութիւններով, երբեք չգոհանալու եղածով եւ միշտ հարց տալու, թէ ի՞՛չ պիտի ըլլայ յաջորդ յաջողութիւնը: Ինչպէ՛ս կարելի պիտի ըլլայ բարձր պահել յաջողութեան նշաձողը:

Իսկ նշաձողը բարձր պահել կը նշանակէ`
Բարձր պահել աշխատանքի որակը,
Բարձր պահել պատասխանատուութեան զգացումը,
Բարձր պահել կազմակերպական խստապահանջութիւնը,
Բարձր պահել գաղափարական գիտակցութիւնը:

Եւ այս բոլորով միասին անդրադառնալ, որ, այո՛, ՀՄԸՄ-ի ճամբան դիւրին չէ, բայց երբ գաղափարական հարստութեան կը միանան ժամանակակից մտածողութիւնը եւ նորարարութիւնը, այդ ճամբան կը դառնայ վերելքի ճամբայ:

ՀՄԸՄ-ի անցեալը սորվեցուցած է, որ ձեռք բերուածը պահպանելու համար պէտք է շարունակ ստեղծել: Հարուստ պատմութիւն ունենալը կարեւոր է, բայց բաւարար չէ: Պատմութիւնը պարծանքի առիթ ըլլալէ առաջ` պարտաւորութիւն է: Միութեան նախորդող սերունդները կտակած են կազմակերպութիւն մը, որ կերտուած է զոհողութեամբ, կամաւոր աշխատանքով եւ ազգային նուիրումով: Նորահաս սերունդին պարտականութիւնն է այդ ժառանգութիւնը ո՛չ միայն պահպանել, այլեւ` հարստացնել:

ՀՄԸՄ այսպէս յաջողած է քալել ժամանակին հետ` առանց հեռանալու իր արմատներէն: Այսօր եւս ան կանգնած է նոյն մարտահրաւէրին դիմաց` ըլլալ արդիական, առանց ինքնութիւնը կորսնցնելու: Ըլլալ ժամանակակից` առանց գաղափարական հիմքերը տկարացնելու: Իրագործել մեծ ծրագիրներ` առանց կազմակերպական որակը զիջելու:

Պէտք է շարունակել մեծ երազել, որովհետեւ մեծ երազներ ունեցող միութիւններ փոքր նպատակներով չեն ապրիր:

Մեծ երազներ ունեցող միութիւններու համար իւրաքանչիւր յաջողութիւն նոր նշաձող է: Վաղուան աշխատանքի նոր չափանիշ է: Նոր յաջողութեան մեկնակէտ է եւ բոլորին ուղղուած պահանջ է` աւելի հեռուն տեսնելու, աւելի համարձակ գործելու եւ իւրաքանչիւր նախաձեռնութեամբ նախորդը գերազանցելու:

Նշաձողը իջեցնելը նահանջ է: Իսկ մենք իրաւունք չունինք նահանջի` ո՛չ մեր անցեալին դիմաց, ո՛չ մեր երիտասարդութեան ակնկալութիւններուն դիմաց եւ ո՛չ ալ մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին դիմաց:

Նշաձողը բարձր պահելու հրամայականը հիմնական է մեզի համար, որովհետեւ միութիւններ անցեալի փառքերով չեն մեծնար, այլ` անցեալի նշաձողերը բարձրացնելով:

Մենք կրնանք ընել աւելին:
Մենք պարտաւո՛ր ենք ընել աւելին:
Ու ո՛չ միայն այսօր, այլեւ` իւրաքանչիւր նոր նախաձեռնութեան համար, իւրաքանչիւր նոր սերունդի եւ նոր մարտահրաւէրի համար:

 

Նախորդը

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Եգիպտոսի Խորհրդաժողով-Շրջապտոյտ (25 Սեպտեմբեր – 7 Հոկտեմբեր)

RelatedPosts

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.