Ամէն կէսօր հացը տաք-տաք կը գնէին
Արաբական հաց կ՛ըսուէր,
Ամէն գիշեր ընտանեկան աղօթքին
«Տուր աշխարհիս խաղաղութիւն» աւելցաւ.
Ինչ ալ ըլլայ աղնուհացը թող անպակաս ըլլայ տունէն:
Օր մըն ալ վախը հրէշի նման` խուժեց թաղին մէջ
Հայրական տուներ դուռ պատուհան գոցեցին
Զօրք-զինամթերք, թակոց, կրակոց, խունկը անգամ մտահոգ էր.
Թարմ թերթերու վրայ լոզունգներ հոսեցան լորձունքի նման:
Քաղաքը կիրապատ ամպ դարձաւ,
Գինով կրակը առանց դուռերը թակելու մտաւ
Հրկիզուեցան գիրքեր, մոխրացան տան իրեր
Մահճակալներուն կմախքը մնաց միայն:
Այլեւս ճաշասեղանին վրայ պնակ չշարուեցաւ,
Աղօթքը դարձաւ աղապատանք
Աղաղակը համրացաւ լեղապատառ
Յիշողութիւնը անթեղուած` կենսուրախ քաղաքին մէջ
ծաղկավաճառ չմնաց:
Անջատուեցաւ գլուխը վիզէն
Գլուխը մէկը պահանջեց, մարմինը` ուրիշ մը.
Դիակ իսկ չկար գոյնի ու բոյրի, մեղքի ու սրբութեան
ծննդավայրին մէջ:
Մայրեր երբեք ուժասպառ չէին,
Խմորը շաղեցին հաց շինելու. կրակ չկա՛ր:



