Հայաստանցի մարզիկ Ռազմիկ Յովհաննիսեան կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց ռուս Ռաշոտ Խուտոյորպեքովի դէմ, «Օփըն Էֆ. Սի. 62»-ի գծով «Էմ.Էմ.Էյ.»-ի մրցումին, Վորոնեժի մէջ:
Երեք ռաունտերէ ետք, իրաւարարներուն միաձայն որոշումով հայ մարզիկը յաղթական դուրս եկաւ:
22 տարեկան Յովհաննիսեանի մենամարտը տեղի ունեցաւ շատ կարգապահ եւ հանգիստ ջիղերով, ան հանգիստ ձեւով տիրապետեց իր մրցակիցին վրայ, որ երեք ամիս առաջ զինք պարտութեան մատնած էր:
Արդիւնքի յայտարարութենէն ետք, հայ մարզիկը ողջունեց իր հայրենի Արագած գիւղը` շնորհակալութիւն յայտնելով իր գիւղակիցներուն աջակցութեան համար:
Ասիկա Ռազմիկի 4-րդ յաղթանակն էր իր 6-րդ մրցումին, մինչ Խուտոյորպեքովի առաջին պարտութիւնն էր այս ասպարէզին մէջ կատարած իր երկրորդ մրցումին:


