ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մարալ Սուլահեան-Պապոյեան
Տէր եւ տիկին Գէորգ Պապոյեան եւ Մարիա Միխայլովա
Տէր եւ տիկին Սեպուհ եւ Անի Հաւաթեան եւ ընտանիք
Հանգուցեալ Գրիգոր Պապոյեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Լուսին Միրաքեանի ընտանիք
Տիկին Ռիթա Թոփճեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Զարուհի Պապոյեանի ընտանիք
Պապոյեան եւ Սուլահեան ընտանիքներ
Միխայլովա եւ Հաւաթեան ընտանիքներ
Միրաքեան եւ Թոփճեան ընտանիքներ
Գարամանուկեան եւ Եագուպեան ընտանիքներ
Պաղտասարեան եւ Տէմիրճեան ընտանիքներ
Եկաւեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, աներոջ, եղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՅԱԿՈԲ ԳԷՈՐԳ ՊԱՊՈՅԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 29 յունուար 2026-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 31 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ վերջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ կիրակի, 1 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել եկեղեցւոյ:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Յասմիկ Զէյթունլեան
Տէր եւ տիկին Սագօ եւ Մարինա Զէյթունլեան եւ դստերք` Միլա եւ Սիլա
Տէր եւ տիկին Արա եւ Սանան Զէյթունլեան եւ զաւակները` Յարութ եւ Գէորգ
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Զէյթունլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նշան եւ Լենա Տանաօղլեան եւ զաւակները` Կասիա եւ Յարութ
Տիկին Ռիթա Շահինեան եւ զաւակունք
Զէյթունլեան եւ Տանաօղլեան ընտանիքներ
Շահինեան եւ Պալճեան ընտանիքներ
Տէմիրճեան եւ Տիշչէքէնեան ընտանիքներ
Գալայճեան եւ Դարբինեան ընտանիքներ
Ուլիքեան եւ Սարգիսեան ընտանիքներ
Խաչերեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, քեռայրին, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԶԷՅԹՈՒՆԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1954-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 29 յունուար 2026-ին:
Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 29 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Հայ աւետարանական գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Սիլվա Քէօշքերեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վահրամ եւ Շողիկ Քէօշքերեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Կարինէ Քէօշքերեան եւ զաւակունք
Տիկին Զուարթ Էմմիեան
Տիկին Իրեն Էմմիեան
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Արտեմիս Պոյաճեան
Տէր եւ տիկին Մովսէս եւ Մարիքա Քէօշքերեան
Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Նուէր Քէօշքերեան եւ զաւակունք
Քէօշքերեան եւ Էմմիեան ընտանիքներ
Պոյաճեան եւ Արապեան ընտանիքներ
Թութլեան եւ Թոփճեան ընտանիքներ
Զանազանեան եւ Պիսալ ընտանիքներ
Մաքսուտեան եւ Հոբարեան ընտանիքներ
Գասարճեան եւ Աղազարեան ընտանիքներ
Տօներեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ, մեծ մօր, զոքանչին եւ հարազատին`
ԱՆԺԵԼ ՔԷՕՇՔԵՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԷՄՄԻԵԱՆ 1933-ին)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 29 յունուար 2026-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 1 փետրուարի կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, եկեղեցւոյ «Պչաքճեան» սրահին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեսպակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ:
————————————–
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ (ՆՈՐ ՍԻՍ)
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ
ՄԱՏԱՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 1 փետրուար 2026-ին, Սուրբ Սարգիսի տօնին առիթով, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի եւ մատաղօրհնէք պիտի կատարուի:
Պատարագը պիտի մատուցէ եւ մատաղօրհնէքը կատարէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
– Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
– Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
– Քարոզ` ժամը 10:30-ին
– Մատաղօրհնէք` ժամը 11:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
(ՆՈՐ ՍԻՍ)
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՎԱՀԷ ԷԼՄԱՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 փետրուար 2026-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
————————————–
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ
ՄԱՐԶԻԿ
45-րդ տարի, թիւ 439
– Խմբագրական – «ՀՄԸՄ-ը կեանքս է…»
– Վստահեցէ՛ք ձեր զաւակները այս կեդրոնին- Յակոբ Խաչերեան
– ՀՄԸՄ յաղթե՛լ կը սորվեցնէ հայուն – Վ. Աւագեան
– ՀՄԸՄ-ի երթը շարունակող «Կամաւոր բանակ»-ի զինուորներ – Աւետիս Տէրվիշեան
– Նոր մտածելակերպ մը հայ համայնքները կերտելու համար` երիտասարդական կեդրոններ- Շահէ Անիգոմշեան
– Հարազատ ու ճշմարիտ խօսք` հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ական եղբ. Աբրահամ Աւընեանի անմար յիշատակին- Ճորճիկ Ռաստկելէնեան
– Կ. Պոլսի «Հայ սկաուտ» հանդէսը (1919-1922)- Մարիամ Յովսէփեան
– Սկաուտութիւնը միայն շարժում չէ, այլ` կեանքի ուժ է- Փիէր Մանուկեան
– ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Գ. լիագումարի նիստերը Փարիզի մէջ
– Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումի նախապատրաստութեան եռօրեայ հանդիպումներ
– Սկաուտական «Արարատեան» կարգի տեսական հանգրուանը աւարտած
– Շրջանային եւ Մեկուսի վարչութիւններու ատենապետներու առցանց 5-րդ հանդիպումը
– ՀՄԸՄ-ի Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ ցամաքամասային Ա. մարզախաղերու պատասխանատուներու առցանց հանդիպում
– ՀՄԸՄ-ի Շրջանային եւ Մեկուսի վարչութիւններու քարոզչական պատասխանատուներու առցանց Բ. հանդիպումը
– ՀՄԸՄ-ի Միջին Արեւելքի ցամաքամասային առաջին բանակումին բացումը Պասքինթայի մէջ
– ՀՄԸՄ-ի Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ ցամաքամասային առաջին բանակումը Թէքույայի մէջ
– ՀՄԸՄ-«Ֆրանս»-ի մարզամշակութային համալիրին փառաշուք բացումը Իսի լէ Մուլինոյի մէջ
– Նորակառոյց մարզահամալիրը
– Շնորհակալութեան բաց նամակ
– Հաղորդագրութիւն
– Մենք հաւատացինք, յուսացինք, սիրեցինք գործը եւ մկրտուեցանք այս գործին մէջ ու այս գործով- Հարցազրոյց` Հրաչ Սիսեռեանի եւ Լեւոն Պաղտասարեանի հետ
Թիւը կ՛ընդգրկէ նաեւ ՀՄԸՄ-ական կեանքի անդրադարձներ (Արցախ, Հայաստան, Լոնտոն, Փարիզ, Մարսէյ, Միւնիխ, Վիեննա, Փլովտիվ, Յունաստան, Քանատա, Արեւմտեան Մ. Նահանգներ, Արեւելեան Մ. Նահանգներ, Լիբանան, Սուրիա, Պաղտատ, Կիպրոս, Քուէյթ, Գահիրէ): 112 էջ: Սակ` 100.000 լ.ո.:
Ստանալու համար դիմել Համազգայինի գրախանութ:
————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը` Տորայի շրջանի մէջ, կարիքը ունի հաշուապահի մը, աշխատանքի լիաժամ կամ կիսաժամ դրութեամբ, ըստ յարմարութեան: Դիմել` հեռ. 03-164767:
————————————–
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՅՈՒՇ ԵՐԵԿՈՅ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ`
ԻՐՄԱ ԳԱՊԱՔԵԱՆ-ՏԷՏԷԵԱՆԻ
18 ՄԱՐՏ 2026


