Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան նշեց. «Իսրայէլացի թշնամին եւ ամերիկացին կ՛ուզեն, որ Լիբանան յարաբերութիւնները բնականոնացնէ եւ անձնատուր ըլլայ, եւ այդ ծրագիրին վերաբերեալ խօսակցութիւնը որոշ ժամանակ առաջ սկսած է»:
«Երդման ճառէն ու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրէն ի՞նչ իրագործեցիք: Երդման ճառին ու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ հողի ազատագրում չկա՞յ: Յարձակումի դադրեցում չկա՞յ: Ի՞նչ իրագործեցինք, որպէսզի ամերիկացիներուն հետ բանակցիք: Դուք առանց փոխարէնի ամերիկացիին պահանջները կը կատարէք, եւ ատոր դիմաց ան ձեզի միայն սպառնալիքներ կը ներկայացնէ: Ներկայ քաղաքականութիւնը միայն յաւելեալ զիջումներու պիտի առաջնորդէ», ըսաւ երեսփոխանը:
«Լիբանանի մէջ մենք կարող ենք ազգային միասնութեան ամրապնդման վրայ աշխատիլ, սակայն երբ կարգ մը քաղաքագէտներ, որոնց շարքին արտաքին գործոց նախարարը, թշնամիին կատարած ռմբակոծումն ու քանդումը կ՛արդարացնեն, ապա հաստատաբար ազգային դիրքորոշումը տկար կը դառնայ, որովհետեւ խօսողը Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարն է, երբ ան պէտք էր աշխարհի տարածքին արշաւի ձեռնարկէր դատապարտելու սպանութիւնը, վերաշինութեան խոչընդոտումը, աշխատելու գերիներու տունդարձին համար ու յարձակումը դադրեցնելու», յայտնեց Հաժ Հասան:
«Ոմանք հասան այն աստիճանի, որ կը յայտարարեն, թէ Հըզպալլայի հետ խնդիրը զէնքը եւ դիմադրութիւնը չէ, այլ գաղափարախօսութիւնը: Մենք մեր գաղափարախօսութիւնը պիտի չփոխենք», նշեց ան:
«Անհրաժեշտ է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել իրենց ժամկէտին եւ գործող օրէնքին հիմամբ: Երկրէն ներս, թէ դուրս կան մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն ընտրութիւններու ճամբով Դիմադրութեան վրայ յարձակիլ, սակայն քուէատուփերը լաւագոյն պատասխանը պիտի ըլլան», շեշտեց Հաժ Հասան:


