Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց. «Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Տահր Պայտարի բեռնակառքի եւ հինգ կալանաւորներու գործով իշխանութեան Դիմադրութեան դիմակայման քաղաքականութենէն անջատ չէ, այլ` հետեւանք ամերիկեան, արեւմտեան եւ արաբական արտաքին ցուցմունքներու, որոնց ընդառաջեցին իշխանութեան, արդարադատութեան եւ ապահովական մարմիններու մէջ կողմեր` լիբանանեան ազգային շահի հաշուոյն»:
«Թշնամիի անօդաչու թռչող սարքերը, յարձակումները, եւ առեւանգումները սպառնալիք չեն ներկայացներ պետութեան անվտանգութեան ու գերիշխանութեան համար, սակայն Դիմադրութեան կողմէ իսրայէլացի թշնամին դիմակայելու համար նախատեսուած պայթուցիկ նիւթերու առաքումը իբրեւ պետութեան եւ անոր հեղինակութեան սպառնալիք կը ներկայացուի», ըսաւ երեսփոխանը:
«Այս տրամաբանութիւնը կը հակասէ լիբանանեան սահմանադրութեան, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ ազգային շահին եւ իշխանութիւնը կը դնէ լիբանանցիներու լայն հատուածի մը դէմ», աւելցուց ան:
«Դիմադրութեան համակիր զանգուածի կազմաքանդուելուն կամ անոր ժողովրդային յենարանի տկարանալուն վրայ յոյս կապելը պատրանք է», շեշտեց Հաժ Հասան:


