Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 26, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պետական նախարարի երկուշաբթի օր Լիբանան այցելութիւնը իրեն հետ պիտի բերէ հարիւրաւոր միլիոններով տոլարներ եւ մեծապէս պիտի կեդրոնանայ զինեալ ուժերու օժանդակութիւններուն վրայ, տրամադրուելիք գումարը նաեւ այլ ոլորտներու օժանդակութիւններ պիտի ներառէ»:

. ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ. «Իբրեւ Համաշխարհային խաղաղութեան խորհուրդի հանգստեան կոչուած անդամ, պաշտօնապէս Լիբանանի մէջ Խաղաղութեան խորհուրդին անդամակցութեան կը դիմեմ»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ հեղինակութեան մը մօտիկ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Հետզհետէ աւելի կը խօսուի, թէ Իսրայէլ ճնշում կը բանեցնէ Լիբանանի հետ քաղաքական ուղղակի բանակցութիւններ վարելու համար, եւ միջնորդաւորուած հանդիպումներ չ՛ուզեր: Ան Լիբանանի հետ քաղաքական բանակցութիւններ կ՛ուզէ` լիազօրելով նախարար մը հանդիպումներու համար, որոնք տեղի ունենան երրորդ երկրի մը` հաւանաբար Կիպրոսի մէջ»:

. ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Ներքին կարգ մը կողմեր «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին Իսրայէլի կողմէ Թշնամական գործողութիւններու դադրեցման համաձայնութեան խախտումները արգիլել ձախողելուն մասին խօսելով նպաստեցին «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի գործունէութեան շարունակման անիմաստութեան շուրջ շփոթի հրահրման, սակայն իշխանութեան երեք պետերը կառչած մնացին անոր գոյատեւման»:

. «ՄԵՔԱՆԻԶՄ»-ի յանձնախումբին մասնակից շրջանակներ «Ասաս»-ին. «Այս յանձնախումբին այլընտրանքը Լիբանանի համար աղէտալի պիտի ըլլայ, որովհետեւ Ամերիկան ու Իսրայէլը «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին զինուորական ու քաղաքական շարք մը այլընտրանքներ ունին, իսկ լիբանանեան իշխանութիւնները միայն այս յանձնախումբը ունին իբրեւ հեղինակութիւն»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանի շահերէն կը բխի կառչիլ աշխատանքի մեքանիզմին` «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին, որովհետեւ այլընտրանքը չունի, ի տարբերութիւն միւս կողմերուն, որովհետեւ անոր տապալումը երկրին անծանօթ փապուղի մտնելը կը նշանակէ»:

. «ՄԵՔԱՆԻԶՄ»-Ի յանձնախումբի ժողովներուն առնչակից պաշտօնական աղբիւր մը «Մուտուն»-ին. «Լիբանան քննարկումը պիտի չշարունակէ վերջին ժողովին կանգ առած կէտէն, այլ պիտի ներկայացնէ քննարկման փաստաթուղթ մը` մերժելով անոր բովանդակութիւնը կամ ընդհանուր խորագիրները բացայայտել»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբը իր ժողովը պիտի գումարէ 25 փետրուարին` առանց մինչեւ հիմա համաձայնութեան անոր շրջանակին կամ ձեւաչափին շուրջ, եւ թէ արդեօք անիկա պիտի սահմանափակուի միայն զինուորականներո՞վ, թէ՞ դիւանագիտական պատուիրակութիւն պիտի ներառէ: Լիբանան «բան մը» պիտի ներկայացնէ»:

. ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ մէջ լիբանանեան թղթածրարին անմիջական առնչակից աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Բանակի հրամանատարին ուղղուած հաւանական սպառնալիքներու կամ իր ծրագիրը երկաթէ բռունցքով իրականացնելու ճնշումի մասին բոլոր խօսակցութիւնները բնաւ չեն համապատասխաներ ամերիկեան վարչակազմի հռետորաբանութեան»:

. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Բանակի հրամանատարը իր պատկերացումը պիտի ներկայացնէ` հիմնուելով հարաւային Լիթանիի մէջ իրագործուածին վրայ, զայն կիրարկելու համար նաեւ այլ տարածքներու` մինչեւ Մեծն Պէյրութի մէջ»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովի գումարումը Լիթանի գետէն հիւսիս զինաթափման ծրագիրի գործադրութեան կապուած ըլլալը կը բացառենք»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլան Լիթանիի հարաւին մէջ բանակին հետ չգործակցեցաւ եւ իր զէնքի պահեստանոցներուն վերաբերեալ որեւէ քարտէս չներկայացուց: Անոր կարողութիւններու վերականգնման վերաբերեալ ժխտական դիրքորոշումներն ու շէյխ Քասեմի «քաղաքացիական պատերազմ»-ով սպառնալը կը տկարացնեն Լիբանանի դիրքը»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «նախագահ Աունի խորհրդականին եւ Հըզպալլայի միջեւ հաղորդակցութեան ընթացքին երկու կողմերը անդրադարձան անցեալ շրջանի յարաբերութիւններուն եւ երկու կողմերուն միջեւ դիրքորոշումներուն ու լարուածութիւններուն»:

. ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ աղբիւր մը «Մուտուն»-ին. «Պաապտայի հետ խզում չկայ, որովհետեւ կողմերէն ոչ մէկը այդ խզումը կ՛ուզէ, հակառակ արձանագրուած սառնութեան: Դիմադրութեան միջավայրին եւ հանրապետութեան նախագահին միջեւ լարուածութիւն ստեղծող գործօնը Աունի կողմէ որդեգրուած դիրքորոշումներու «փոփոխութիւնն» է»:

.«ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Պաապտայի եւ Հարեթ Հրէյքի միջեւ  հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Անտրէ Ռահհալի ճամբով հաղորդակցութիւնները վերականգնուեցան` վերահսկողութեան տակ առնելու համար անցեալ շրջանին արձանագրուած լարուածութիւնը եւ հանրապետութեան նախագահին ու Հըզպալլայի ղեկավարութեան միջեւ հանդիպում մը պատրաստելու նպատակով` երկխօսութիւնը շարունակելու համար»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Նախագահ Աուն 1 փետրուարին երկօրեայ այցելութեամբ պիտի մեկնի Սպանիա: Արծարծուելիք կարեւոր թղթածրարներէն է ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք հարաւի մէջ կացութեան ապագան»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Մասնաւորաբար արեւելեան ու հիւսիսային սահմաններուն վրայ նախազգուշական քայլերու ուշագրաւ յաւելում կայ` Սուրիոյ մէջ ապահովական զարգացումներուն լոյսին տակ ՏԱՀԵՇ-ի անդամներու ներթափանցման փորձերու նկատմամբ մտավախութիւններէ մեկնելով»:

. ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Մինչեւ այս պահս չվճռեցինք մեր դաշինքները: Տակաւին կանուխ է երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ ընտրանքները վճռելու, եւ ասիկա միայն մեր վիճակը չէ, այլ նաեւ միւս կուսակցութիւններու մեծամասնութեան»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Գոյութիւն ունին շարք մը հրամանագիրներ, որոնք ամիսներէ ի վեր առկախ վիճակի մէջ կը գտնուին Պաապտայի պալատին մէջ` սպասելով նախագահի ստորագրութեան: Անոնք հրամանագիրներ են, որոնք նախարարութիւններու երկրորդ աստիճանի պաշտօնեաներու պաշտօններու բարձրացման կը վերաբերին, եւ զանոնք չստորագրելու պատճառը համայնքային հաւասարակշռութեան ապահովման պատրուակն է»:

. ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Ուշադրութիւնը Իրանի վրայ կեդրոնացնելը Իսրայէլին առիթ տուաւ անհոգօրէն աւելցնելու իր հարուածները` թիրախաւորելով քաղաքային դիրքեր: Հետեւանքը եղաւ անցեալ չորեքշաբթի Լիթանի գետի հիւսիսի բնակիչներէն քանի մը հազարին տեղահանումը»:

. ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նաուաֆ Սալամ. «Մեր գործը Իսրայէլին հաճոյանալը չէ, մեր գործը մեր ժողովուրդին եւ մենք մեզի հաճոյանալն է: Մենք չենք կրնար ըսել, որ պատերազմը հեռացուցած ենք. մենք կը գտնուինք մաշեցման միակողմանի պատերազմի մէջ, եւ մենք պէտք է շարունակենք մեր ջանքերը` թշնամական գործողութիւնները դադրեցնելու համար»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Վարչապետ Սալամի խօսքը կը տեղաւորուի բանակին կողմէ զէնքի մենաշնորհի վերաբերեալ մշակուած ծրագիրը իրականացնելու պարտաւորութեան ծիրին մէջ` այդպիսով խնայելով Լիբանանը միջազգային օգնութիւնը խոչընդոտող որեւէ նոր արկածախնդրութենէ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Թրիփոլիի մէջ շէնքերուն մեծամասնութիւնը նորոգութիւններու բացակայութեան հետեւանքով լարուած ականներ են, ինչ որ պետութեան կողմէ շտապ միջամտութիւն կը պահանջէ` խուսափելու համար աւելի վտանգաւոր որեւէ հետեւանքէ»:

. ՃԻՒՆԻԻ մէջ սաւառնում կատարող երեք անձեր ինկան Հարիսայի անտառին մէջ եւ Ճիւնի քաղաքի շէնքերուն միջեւ:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Ազուրի Դաշտին Վրայ (81-84)

Յաջորդը

Հասան. «Ներկայ Քաղաքականութիւն Մը Միայն Յաւելեալ Զիջումներու Պիտի Առաջնորդէ»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.