Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններու Հետեւանքները

November 10, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱԶԳԷՆ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 2026-ի միջանկեալ ընտրութիւնները կրնան վճռորոշ շրջադարձ մը ունենեալ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին համար` ոչ միայն ամերիկեան ներքին քաղաքականութեան, այլ նաեւ միջազգային յարաբերութիւններու, յատկապէս Միջին Արեւելքի զարգացումներուն առումով:

Քոնկրեսի երկու պալատներուն մէջ Հանրապետական կուսակցութեան դիրքերուն թուլացումը եւ դեմոկրատներու յառաջխաղացքը կը նշանակեն, որ Թրամփի վարչակազմը իր պաշտօնավարութեան մնացեալ երկու տարիները պիտի դիմագրաւէ աւելի սահմանափակուած քաղաքական պայմաններու մէջ: Եթէ դեմոկրատները վերջնականապէս վերահսկողութիւն հաստատեն Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին վրայ, նախագահը պիտի ստիպուի իր քաղաքական ծրագիրներուն մեծ մասը իրականացնել աւելի բարդ միջավայրի մը մէջ:

Այս ընտրութիւններուն արդիւնքը պէտք չէ դիտարկել միայն իբրեւ հանրապետականներու պարտութիւն եւ դեմոկրատներու յաղթանակ: Անոնք նաեւ ամերիկացի ընտրողներուն կողմէ տրուած քաղաքական ազդանշան են` իշխանութեան նկատմամբ հակակշիռներու վերահաստատման, տնտեսական դժգոհութիւններու եւ արտաքին քաղաքականութեան վերագնահատման պահանջով:

Միջանկեալ ընտրութիւններուն հիմնական հետեւանքներէն մէկը պիտի ըլլայ Թրամփի օրէնսդրական նախաձեռնութիւններուն սահմանափակումը: Դեմոկրատներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Քոնկրեսը կրնայ արգելակել կամ վերատեսութեան ենթարկել վարչակազմի բազմաթիւ ծրագիրներ, ուժեղացնել խորհրդարանական վերահսկողութիւնը եւ հետաքննութիւններու նախաձեռնել նախագահի քաղաքական որոշումներուն ու վարչակազմի գործունէութեան վերաբերեալ:

Այս իրողութիւնը յատկապէս կարեւոր է արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ: Թրամփ կրնայ շարունակել գործադրել նախագահի սահմանադրական լիազօրութիւնները, սակայն ռազմական գործողութիւններու ֆինանսաւորումը, պաշտպանական ծախսերը եւ ռազմավարական որոշումներուն քաղաքական հիմնաւորումը կրնան դառնալ Քոնկրեսի աւելի խիստ վերահսկողութեան առարկայ:

Այսպիսով, Սպիտակ տան եւ Քոնկրեսի միջեւ հակադրութիւնը կրնայ դառնալ ամերիկեան քաղաքական կեանքի հիմնական բնորոշիչներէն մէկը:

Իրան

Միջին Արեւելքի համար ընտրութիւններուն կարեւորագոյն հետեւանքներէն մէկը կրնայ վերաբերիլ ամերիկեան քաղաքականութեան` Իրանի նկատմամբ:

Դեմոկրատներու դիրքերու ամրապնդումը կրնայ մեծցնել ռազմական գործողութիւններու քաղաքական եւ տնտեսական հետեւանքներուն շուրջ քննարկումները: Ամերիկեան հասարակութեան տնտեսական դժգոհութիւնները, պատերազմական ծախսերը եւ տարածաշրջանային ընդլայնուած հակամարտութեան վտանգները կրնան վարչակազմին վրայ աւելի մեծ ճնշում բանեցնել` դիւանագիտական ելք մը որոնելու համար:

Սակայն պէտք չէ եզրակացնել, որ Դեմոկրատներու յաղթանակը ինքնաբերաբար պիտի նշանակէ Ուաշինկթընի քաղաքականութեան փոփոխութիւն Իրանի նկատմամբ: Ամերիկեան երկու հիմնական կուսակցութիւններն ալ կը բաժնեն Իրանի միջուկային ծրագիրին, տարածաշրջանային ազդեցութեան եւ անվտանգային սպառնալիքներուն վերաբերեալ բազմաթիւ մտահոգութիւններ:

Ռազմական ճնշումին զուգահեռ կրնայ աւելի մեծ տեղ յատկացուիլ բանակցութիւններուն եւ քաղաքական համաձայնութեան կարելիութիւններուն:

Լիբանան

Լիբանանի համար այս զարգացումները առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունին: Ուաշինկթընի քաղաքական կշիռներու փոփոխութիւնը կրնայ նոր պայմաններ ստեղծել լիբանանեան-իսրայէլեան բանակցութիւններուն եւ սահմանային հակամարտութեան քաղաքական լուծման որոնումներուն համար:

Եթէ ամերիկեան վարչակազմը Քոնկրեսի կողմէ աւելի մեծ վերահսկողութեան ենթարկուի, ռազմական ընդլայնման փոխարէն բանակցային գործընթացը կրնայ ստանալ քաղաքական կարեւորութիւն:

Սակայն այստեղ անհրաժեշտ է յստակ տարբերութիւն մը դնել քաղաքական միջոցներուն եւ ռազմավարական նպատակներուն միջեւ: Ուաշինկթընի դիրքորոշումը` Լիբանանի պետական գերիշխանութեան ամրապնդման, Հըզպալլայի զինաթափման եւ Իրանի ազդեցութեան սահմանափակման հարցերուն մէջ, հաւանաբար հիմնովին պիտի չփոխուի:

Փոփոխութիւնը կրնայ վերաբերիլ այդ նպատակներուն հասնելու ձեւին` աւելի մեծ տեղ տալով դիւանագիտական ճնշումին, միջազգային երաշխիքներուն եւ լիբանանեան պետական հաստատութիւններու դերակատարութեան:

Այս պայմաններուն մէջ Լիբանանի պատասխանատուներուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ օգտուիլ ստեղծուած քաղաքական կարելիութիւններէն` ներկայացնելով ազգային միասնական դիրքորոշում մը: Առանց ներքին համաձայնութեան եւ յստակ պետական ռազմավարութեան, ամերիկեան քաղաքականութեան որեւէ փոփոխութիւն ինքնաբերաբար պիտի չվերածուի լիբանանեան շահերուն սպասարկող լուծումի:

Իսրայէլ

Դեմոկրատներու յաջողութիւնը ինքնաբերաբար չի նշանակեր ամերիկեան-իսրայէլեան ռազմավարական յարաբերութիւններու խզում կամ ռազմական աջակցութեան դադրեցում: Իսրայէլ կը շարունակէ մնալ Միացեալ Նահանգներու կարեւորագոյն դաշնակիցներէն մէկը:

Այդուհանդերձ, նոր Քոնկրեսը կրնայ աւելի խիստ հարցադրումներ բարձրացնել իսրայէլեան ռազմական գործողութիւններուն, քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան, ամերիկեան զինատեսակներու օգտագործման եւ տարածաշրջանային կայունութեան վերաբերեալ:

Այս հանգամանքը կրնայ որոշ չափով սահմանափակել Իսրայէլի կառավարութեան քաղաքական ազատութիւնը` յատկապէս Լիբանանի եւ Կազայի ճակատներուն վրայ:

Միջին Արեւելք

Այս ընտրութիւններուն հիմնական ուղերձը այն է, որ Թրամփի վարչակազմը այլեւս պիտի չգործէ նախկին քաղաքական ազատութեամբ: Ներքին քաղաքական ճնշումները, Քոնկրեսի հակակշիռը եւ ընտրողներու ակնկալիքները կրնան իրենց ազդեցութիւնը ունենալ նաեւ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան վրայ:

Իրանի պարագային կրնայ մեծնալ բանակցային լուծման որոնումը, Լիբանանի պարագային` ամերիկեան միջնորդութեան եւ քաղաքական կարգաւորման կարեւորութիւնը, իսկ Իսրայէլի պարագային` ռազմական գործողութիւններուն նկատմամբ քաղաքական վերահսկողութիւնը:

Սակայն այս բոլորը կարելիութիւններ են եւ ոչ թէ արդէն հաստատուած քաղաքական որոշումներ:

Վերջապէս, Լիբանանի համար հարցը միայն այն չէ, թէ Ուաշինկթընի մէջ ո՛ր կուսակցութիւնը կը վերահսկէ Քոնկրեսը: Հիմնական հարցը այն է, թէ արդեօք երկիրը պիտի կարենա՞յ իր ներքին տարակարծութիւնները յաղթահարել եւ ներկայ քաղաքական փոփոխութիւնները վերածել ազգային շահերու սպասարկող դիւանագիտական կարելիութեան:

Ամերիկեան ընտրութիւնները կրնան փոխել տարածաշրջանային հաշուարկները, բայց Լիբանանի ապագան պիտի որոշուի նաեւ իր սեփական քաղաքական կամքով, պետական պատասխանատուութեամբ եւ միասնական ռազմավարութիւն մը որդեգրելու կարողութեամբ:

Յիշենք, որ նոր Քոնկրեսն ու Ծերակոյտը իրենց գործունէութիւնը պիտի սկսին 2027 թուականի յունուար 3-ին: Մինչ այդ, նախագահ Թրամփ պիտի շարունակէ օգտուիլ ներկայի քաղաքական առաւելութիւններէն եւ լիազօրութիւններէն:

Աւելի՛ն. Միացեալ Նահանգներու նախագահը սահմանադրութեամբ օժտուած է այսպէս կոչուած «նախագահական վեթօ»-ի իրաւունքով, որուն միջոցով կրնայ մերժել Քոնկրեսին կողմէ ընդունուած օրինագիծերը` ենթարկելով զանոնք վերադարձի եւ վերանայման սահմանադրական բարդ գործընթացներու:

Միթէ շրջանային պատերազմի վտանգը հեռացա՞ւ մեր երկինքէն:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը

RelatedPosts

Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս
Անդրադարձ

Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս

November 10, 2026
Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ
Անդրադարձ

Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ

November 10, 2026
Բրիտանիոյ  Ներկայութիւնը Կասպից Ծովու Ափերուն Եւ Հայաստանի Անվտանգութեան Նոր Մարտահրաւէրները
Անդրադարձ

Բրիտանիոյ Ներկայութիւնը Կասպից Ծովու Ափերուն Եւ Հայաստանի Անվտանգութեան Նոր Մարտահրաւէրները

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.