Չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 95-ամեակի մատենաշարէն լոյս տեսած հրատարակութիւններու «Ապրուած օրեր»` Արմէն Գարօ, «Անժամանցելի խոհեր»` Մուշեղ Իշխան, «Մարդ եմ սպաննել, բայց մարդասպան չեմ»` Պիրգիտ Կոֆլեր-Բեթշարտ, «Գիւղը եւ անձրեւը»` Համաստեղ, շնորհահանդէսը:
Հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան այս առիթով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց 4 հատորներու մեկենասներ` Համազգայինի Քանատայի «Գլաձոր» մասնաճիւղին, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան եւ Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան, որոնք ստանձնեցին այս 4 հատորներու մեկենասութիւնը: Ան ըսաւ, որ Համազգայինի աշխարհատարած կառոյցի զօրակցութիւնը հրատարակչական առաքելութեան հարազատ ցուցանիշ է հայ գիրքի ու դպրութեան հանդէպ այս կազմակերպութեան դաւանած սկզբունքներուն: Ան աւելցուց, որ Համազգայինը աննահանջ կերպով պիտի շարունակէ այս առաքելութիւնը: Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ 4 հատորներու խմբագիրներ եւ սրբագրիչներ` Կարօ Յովհաննէսեանին, Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեանին, Թամար Սնապեան-Սուրճեանին եւ Մարգրիտ Ազատեանին, էջադրող Անի Սարգիսեանին, «Ապրուած օրեր» եւ «Անժամանցելի խոհեր» գիրքերու կողքերու ձեւաւորող Յովիկ Գըլընճիպաշեանին, եւ «Գիւղը եւ անձրեւը» հատորի կողքին վրայ տեղադրուած նկարի հեղինակ հայրենի արուեստագէտ Աշոտ Յարութիւնեանի: Ան յայտնեց, որ «Մարդ եմ սպաննել, բայց մարդասպան չեմ» հատորը լոյս տեսած է համագործակցաբար Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հիմնադրամի, այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս ծրագրի իրականացման մէջ իր ներդրումը բերած Արմէն Գէորգեանին:
Հաւաթեան յայտարարեց, որ այս մատենաշարը պիտի ընդգրկէ յաւելեալ 6 գիրքեր, որոնք լոյս պիտի տեսնեն 2026-27 տարեշրջաններուն:
«Ապրուած օրեր» եւ «Մարդ եմ սպաննել, բայց մարդասպան չեմ» հատորները ներկայացուց Կարօ Յովհաննէսեան, «Անժամանցելի խոհեր»-ը` Թամար Սնապեան, իսկ «Գիւղը եւ անձրեւը»` Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան:
Զեկուցաբերներու խօսքերը կու տանք ամբողջութամբ:
—-
Արմէն Գարոյի «Ապրուած Օրեր» Եւ Պիրգիտ Կոֆլեր–Բեթշարտ «Մարդ Եմ Սպաննել, Բայց Մարդասպան Չեմ» Հատորներու Ներկայացում
Արմէն Գարոյի «Ապրուած օրեր»-ը գիրք ըլլալէ առաջ, անոր կարգ մը մասերը լոյս տեսած են տարբեր պարբերականներու մէջ: Գարօ յեղափոխական առաջին սերունդի մեծագոյն դէմքերէն մէկն է իբրեւ ղեկավար ու կազմակերպիչ` թէ՛ ռազմական եւ թէ՛ քաղաքական-դիւանագիտական մարզերու մէջ: Ան եղած է շատ բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ, այսինքն` կրնար ամէն տեսակի վայելք ունենալ, սակայն յեղափոխական շրջանի (1890-էն սկսեալ) կարգ մը դէպքեր խոր ազդեցութիւն ունեցած են անոր վրայ. այդպէս է, որ ամէն բան թողելով` նետուած է յեղափոխական գործի մէջ:
Իբրեւ երիտասարդ, երբ Գարօ կ՛ուսանէր Փարիզի մէջ, կարգ մը դասընկերներու հետ կ՛որոշեն Զէյթուն երթալ եւ մասնակցիլ այդ շրջանի մարտերուն, բայց Զէյթունի պատասխանատուները կը թելադրեն, որ իրենց կռուողներու թիւը բաւարար է, եւ որ իրենց կը պակսի միայն դրամը: Գարօ չի համոզուիր ու կը դիմէ Դաշնակցութեան, որուն վարիչները կ՛առաջարկեն հանդիպում ունենալ անոր եւ ընկերներուն հետ: Հետեւաբար, երկու ընկերներով կը մեկնին Ժընեւ` խորհրդակցելու դաշնակցական պատասխանատուներու հետ: Այս վերջինները կը յայտնեն, թէ կայ գործ մը, որուն կրնան մասնակցիլ: Այդպիսով կը կազմակերպուի Պանք Օթոմանը, որուն գլխաւոր ղեկավարը եղաւ 18-19 տարեկան Բաբգէն Սիւնին:
1896-ին տեղի ունեցաւ Պանք Օթոմանը: Դրամատան մուտքին կը նահատակուի Բաբգէն Սիւնի: Արմէն Գարօ, որ արդէն շէնքէն ներս մտած էր, վայրկեաններու մէջ կը կազմակերպէ դրամատան մէջ գտնուող տղաքը: Հաստատութիւնը 24 ժամ կը մնայ իրենց տիրապետութեան տակ: Անոնք կը գործածեն իրենց հետ տարած բոլոր ռումբերը` սպաննելով բազմաթիւ թուրք զինուորներ, որոնք կը փորձէին ներս խուժել: Գարօ իր յուշերուն մէջ կը յայտնէ, թէ կը պարպեն դրամատունը` մեծ պետութիւններէն խոստում առնելէ ետք միայն, որ բարեկարգութիւններ պիտի կատարուին Հայաստանի մէջ: Սակայն, դուրս ելլելէ ետք, ճամբուն ընթացքին կ՛անդրադառնայ, որ խաբուած էր: Պանք Օթոմանը գործնապէս մեծ արդիւնք չտուաւ, բայց հայ ժողովուրդին մէջ սէր եւ վստահութիւն ներշնչեց յեղափոխական գործին նկատմամբ:
Բնազդական է ղեկավարելու տաղանդը Արմէն Գարոյի մէջ:
1905-ին տեղի կ՛ունենային հայ-թաթարական կռիւները հայաբնակ զանազան շրջաններու մէջ, ընդ որոնց` Անդրկովկասի մէջ: Համօ Օհանջանեանէն սկսեալ, այդ շրջանին մէջ բոլոր ղեկավարները յուսահատ վիճակի մէջ էին ու տեղի պիտի տային վրացիներու պահանջներուն, կը հասնի Արմէն Գարոն, որ` իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, յետաձգել կու տայ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը եւ կը վստահեցնէ, որ կարելի է մեր սեփական ուժերով դէմ դնել թաթարներուն: Ղեկավարութիւնը կը ստանձնէ ինք` Արմէն Գարոն, որ յաղթանակի կ՛առաջնորդէ հայկական զօրքերը: Արդարեւ, հայ-թաթարական կռիւները ոչ միայն Դաշնակցութեան պատմութեան հերոսական յաղթանակներէն մէկը կը հանդիսանան, այլ նաեւ ամբողջ կովկասահայութեան, որ փրկուեցաւ ստոյգ բնաջնջումէ:
Առաջին Աշխարհամարտին Արմէն Գարօ փոխհրամանատար էր Դրոյի ղեկավարած կամաւորական երկրորդ գունդին: Դրոյի վիրաւորուելէն ետք, գունդին ամբողջական պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Գարօ, այնպէս որ յաղթանակ ապահովեց հայութեան:
Երիտ-թուրքերու խորհրդարանին մէջ Գարօ եղած է երեսփոխան ու մեծ աշխատանք տարած հայութեան ի նպաստ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ եղած է ներկայացուցիչը թէ՛ Էջմիածնայ կաթողիկոսին եւ թէ՛ Ազգային պատուիրակութեան: Իսկ Հայաստանի անկախացումէն ետք (1918)` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը: Դիւանագիտական մարզին մէջ Գարօ հսկայական աշխատանք տարաւ` ի խնդիր Հայաստանի զարգացման եւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան: Գլխաւորաբար անոր ճիգերուն շնորհիւ Միացեալ Նահանգները ճանչցան Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Արմէն Գարօ եղած է «Նեմեսիս» մարմինի նախագահը: Ինք պէտք է վերջնական խօսքը տար վրիժառուներու ընտրութեան մէջ:
Կ՛արժէ ժապաւէնի վերածել Արմէն Գարոյի կեանքը:
* * *
Պիրգիտ Կոֆլէր-Բեթշարտի «Մարդ եմ սպաննել, բայց մարդասպան չեմ» հատորը սքանչելի եւ արժէքաւոր գիրք մըն է այն իմաստով, որ գրեթէ ամբողջականօրէն կը ներկայացնէ «Նեմեսիս»-ի բոլոր գործերը եւ վրիժառուները: Դժբախտաբար հայու մը կողմէ նման գիրք մը չունինք աշխատասիրուած:
«Մարդ եմ սպաննել, բայց մարդասպան չեմ» հատորը իր խորագիրը կ՛առնէ Սողոմոն Թեհլիրեանէն, որ իր դատավարութեան ընթացքին արտայայտեց խորքով փիլիսոփայութիւն բովանդակող այս նախադասութիւնը:
Գիրքը կը խօսի «Յատուկ» գործին մասին, որ այսօր շատ աւելի ծանօթ է «Նեմեսիս» անունով: Անիկա կը պատմէ 1919-1922 Հայոց ցեղասպանութեան եւ Պաքուի ջարդերու պատասխանատուներուն դէմ կատարուած գործողութիւններուն մասին, որոնք նախապէս ծրագրուած եւ յաջողութեամբ իրականացուած են:
Հակառակ բազմաղբիւր գիրք մը ըլլալուն, անիկա կը կարդացուի շատ սահուն կերպով:
Գիրք մը կ՛ունենայ երեք բաժին` հեղինակը, տպարանը եւ ընթերցողը: Հեղինակը եւ տպարանը ունինք, սակայն ընթերցող չունինք: Անկարելի է, որ օրուան մէջ ժամանակ չունենանք գիրք կարդալու, երբ ուրիշ բաներ ընելու ժամանակ ունինք:
Ընթերցանութիւնը մարդը կը զարգացնէ, քննադատական միտքը կ՛ընդարձակէ եւ ընդհանրապէս սուտ բան չի տար: Վաւերական աղբիւրը ո՛չ Դիմատետրն է, ոչ ալ «Թիք թոք»-ը, այլ միա՛յն գիրքն է:
ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
«Անժամանցելի Խոհեր» Գիրքի Ներկայացում
(Հեղինակ` Մ. Իշխան, Խմբագիր` Պ. Սնապեան)
(Հատուածներ)
Հատորին 51 յօդուածները քաղուած են սփիւռքահայ մամուլէն` «Նայիրի» (Պէյրութ եւ Հալէպ), «Ակօս» (Պէյրութ), «Հայաստան» (Փարիզ), «Ազդակ»-Շաբաթօրեակ» (Պէյրութ) եւ «Բագին» (Պէյրութ): Անոնք չեն դասաւորուած ըստ ժամանակագրութեան, այլ` իրենց բովանդակած նիւթին հիմամբ. անոնց հրապարակման թուականները կը տարուբերին 1947-էն 1985-ի միջեւ:
Գիրքին մէջ վեր առնուած գաղափարները բազմակողմանի են, սակայն տիրական է ազգային գաղափարախօսութիւնը իր բոլոր երեսներով: Առաջին հերթին մշակոյթը եւ յատկապէս` ազգայինը մշակոյթին մէջ:
Հատորը կարելի է բաժնել եօթը բնաբաններու կամ առանցքներու.
Առաջին.- Բանաստեղծութեան եւ ընդհանրապէս գրականութեան ըմբռնումը,
Երկրորդ.- Ազգային ոգին գրականութեան մէջ,
Երրորդ.- Լեզու, մշակոյթ եւ ազգ փոխյարաբերութիւն,
Չորրորդ.- Սփիւռքի իրերայաջորդ սերունդներ,
Հինգերորդ.- Մամուլն ու անոր դերը,
Վեցերորդ.- Գաղափարապաշտութիւն,
Եօթներորդ.- Հայու ճակատագիր:
* * *
Հայ գրականութեան եւ յատկապէս բանաստեղծութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, ըստ Մ. Իշխանի, ունին երեք պատճառ. ընթերցողի նուազում, ընթերցանութեան սէրը արթնցնելու կարողութեան բացակայութիւն եւ գրական մթնոլորտի պակաս: Ասոնց պատճառով է, որ ծանր հարուած կը ստանայ հայ գրողը, եւ տաժանելի կը դառնայ անոր առօրեան: «Մէկ կողմէ,- կ՛ըսէ Մ. Իշխան,- սփիւռքի ցիրուցան վիճակը, միւս կողմէ` հացի ամէնօրեայ մաշեցնող պայքարը, աւելնալով քաղաքական մղձաւանջին վրայ, մեր ուժերն ու հաւաքական յուզումները կը կլանեն ամբողջապէս»:
Մ. Իշխան սփիւռքեան տարբեր սերունդները նոյն պիտակին տակ չի դներ: Ան բաժնած է սերունդները 4 մասերու: Խորաթափանց ակնարկներով եւ ճշգրիտ մատնանշումներով ան դիտել կու տայ իւրաքանչիւր սերունդի դժուարութիւնները:
Այսպէս, առաջին սերունդը միշտ յիշատակներով կ՛ապրէր` «Երկրի լուսինն ու աստղերն անգամ աւելի գեղեցիկ ու կախարդիչ էին, քան` սփիւռքի երկինքը զարդարող նոյն հրաշալիքները: Հացը համ չունէր, կաթը ջուր էր, ջուրը անհամ` օտար ափերու վրայ»: Այս սերունդը մինչեւ մահ երազեց իր հայրենիքի վերադարձը, մինչեւ մահ մնաց «ժամանակաւոր բնակիչ»:
Երկրորդ սերունդը ան էր, որ տակաւին երեխայ` ճաշակեց տարագրութեան բոլոր դառնութիւնները, եւ այս սերունդին հազուագիւտ մասը միայն բախտը ունեցաւ երկրորդական կամ համալսարանական կրթութիւն ստանալու:
Երրորդ եւ չորրորդ սերունդները ծնած ու մեծցած են օտար հողերու վրայ: Անոնք կորսնցուցած են արդէն «անցեալը վերապրեցնող» իրենց սիրելիները եւ կազմաւորուած են բոլորովին օտար միջավայրերու մէջ` իւրացնելով օտար բարքեր եւ նախասիրութիւններ: Այս սերունդները «անխառն սփիւռքահայերն են», ինչպէս կը սիրէ կոչել Մ. Իշխան: Անոնք կազմեցին «նոր հայը»: «Հայ մը, որ արցունք չունէր այլեւս իր աչքերուն, երբ կը խօսուէր Արարատի, Արաքսի, Եփրատի, Վանի կամ Սասունի մասին: Գիտէր այդ բոլոր անունները, որոնք սկիհին մէջ ի պահ դրուած սրբութեան պէս էին, բայց` ոչ կենդանի հաղորդութիւն»:
* * *
Վերլուծական հոյակապ կտոր մըն է «Գացողներուն տեղը» յօդուածը, գրուած` 1974-ին: Արժէքաւոր դէմքերու մեկնումով մեր կեանքը հետզհետէ պարապութիւն մը կ՛արձանագրէ: Սերունդ մը, որ պիտի չկրկնուի այլեւս: Այլասերման ամբողջ ողբերգութեան մէջ հիմնական պատճառը, ըստ Մ. Իշխանի, «Բաց մնացող դիրքերը նիւթապէս եւ բարոյապէս հրապուրիչ չեն նորերուն համար»: Սակայն Մ. Իշխան չի թերագնահատեր երիտասարդութեան դերը, որ թարմ ուժերով կրնայ աւելին ընել, քան` նախորդ սերունդը: Ան կ՛ըսէ. «Թող չխռովին յաւէտ ողբացեալ մեր սիրելիները, եթէ ըսեմ, որ իրենցմէ աւելի զարգացած եւ իրենցմէ աւելի շնորհներով օժտեալ երիտասարդներ ունինք այսօր, որոնք չեն ուզեր սակայն անոնց կրած նիւթական եւ բարոյական անձուկ պայմաններուն մէջ ապրիլ: Անոնք` այս նորերը, պիտի նուաճեն նոր հորիզոններ, նոր տիտղոսներ եւ մեծ կարելիութիւններ: «Իսկ հայ կեա՞նքը: Հայ թերթն ու մամո՞ւլը, հայ գիրն ու դպրո՞ցը: Պէտք կա՞յ արդեօք անոնց պարգեւած վարձատրութիւններուն մասին խօսելու»… Ահա` իր անողոք հաստատումը.
«Մինչեւ որ հրապուրիչ չդառնան եւ բարոյապէս գոնէ անկախ դիրք մը չապահովեն հայ մշակոյթի եւ կրթութեան սպասարկող պաշտօնները, նոր սերունդի մեր փայլուն տղաքը պիտի երթան օտարին, եւ մենք եղերամայրերու պէս պիտի աւաղենք եւ կրկնենք շարունակ.
«-Ո՞վ պիտի գրաւէ գացողներուն տեղը» (1974):
* * *
Մ. Իշխանի համար հայութիւնը ամէն բանէ վեր է: Իրեն համար հարազատ միջավայրի մը պատկանելիութիւնը ազատութեան չափ կարեւոր է: Այդ հարազատութիւնն է, որ կը տաքցնէ հոգին եւ մեզի` հայերուս համար, կը ստեղծէ հայօրէն ապրելու, հայօրէն արարելու եւ նոյնիսկ հայօրէն տառապելու եղանակ մը:
«Կա՞յ պատուաստ մը, որ մեզ զօրացնէ ու պաշտպանէ եթէ ոչ արտաքին, գոնէ ներքին այլասերումի ախտին դէմ: Այո՛, կայ: Եւ այդ պատուաստը կրնայ պատրաստուիլ միմիայն մեր պատմութեան հզօր աւիշէն եւ մեր մշակոյթին հրաշագործ հիւթէն» (1955):
* * *
Խոհափիլիսոփայական վերլուծումներով, առողջ դատողութեամբ, առանց երբեք իյնալու հայկական միջավայրերու մէջ բոյն դրած գերակայութեան կամ ստորակայութեան բարդոյթներու թակարդին մէջ, Մ. Իշխան կը կարեւորէ` հայ մարդուն եւ մա՛նաւանդ սփիւռքահայուն յաղթանակները, տոկունութիւնը, մշակոյթի հանդէպ անոր ունեցած հաւատքը, հայ դպրոցը, իսկ հայ մարդուն կրած բարոյահոգեբանական տագնապներն ու անոնց ազդեցութիւններուն տակ կքած հայ մարդուն հոգիին մէջ կը ջանայ միշտ վառ պահել յոյսը` մերժելով այլասերող երեւոյթները: Հայ ազգի ճակատագրին մասին ողջամիտ անդրադարձումներով յագեցած հատոր մըն է «Անժամանցելի խոհեր»-ը, որուն մէջ տեղ գտած իւրաքանչիւր նախադասութիւն, իւրաքանչիւր մտածում անժամանցելի խոհ է, իսկապէս:
Մ. Իշխանի տողերուն հետ կը տխրինք երբեմն, լաւատես կը դառնանք ուրիշ անգամ մը, իրականութիւնները տեսնելու եւ հաստատելու իր հեռատեսութեան հետ հաճելիօրէն կը զարմանանք, իրերը իրենց անունով կոչելու անոր յանդգնութեամբը կը գօտեպնդուինք` հիանալով իրեն հետ մեր մեծասքանչին գեղեցկութեամբ, ճկունութեամբ եւ փարթամութեամբ:
Մեր մաղթանքն է, որ շատ կարդացուի Մ. Իշխան` իր բանաստեղծութիւններով, իր արձակներով եւ ահաւասիկ իբրեւ հրապարակագիր` իր արու եւ մարգարէաշունչ յօդուածներով:
Խմբագիր Պօղոս Սնապեանի կողմէ ընտրուած իւրայատուկ եւ ուշագրաւ խորագրով այս հատորին մեկենասութիւնը ստանձնած Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, «Վահէ Սէթեան» տպարանի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը, գրաշարն ու էջադրողը եւ բոլոր անոնք, որոնք նպաստեցին անթերի տպագրութեամբ եւ համադրական գեղեցիկ աշխատանքով այս գեղատիպ հատորի լոյս ընծայման` արժանի են ամենայն գնահատանքի:
ԹԱՄԱՐ ՍՆԱՊԵԱՆ-ՍՈՒՐՃԵԱՆ
Համաստեղի »Գիւղը Եւ Անձրեւը»
Գիրքի Ներկայացում
Կեանքի իւրաքանչիւր վայրկեան հոսող եղանակ մըն է յիշողութեան մէջ: Այդ առատութիւնը կը զգանք, երբ աշխատանքէ յոգնած` կը վերադառնանք տուն, կ՛ամփոփուինք մեր սենեակին մէջ, կը տրտմինք, կ՛ուրախանանք, կը յուզուինք, կը սպասենք յաջորդ օրուան պայծառ գալիքին: Այլ խօսքով, սովորական առօրեայ մը կ՛ապրինք իր բոլոր վերիվայրումներով:
Բայց երբ վերադառնանք գրականութեան, ապա մեր գրագէտները գեղարուեստական նուրբ ճաշակով կը մատուցեն ընթերցողներուս` աշխարհէն քաղուած պատառիկներ, բազմաշերտ ամփոփումներով ու նկարագրութեան հարուստ բառապաշարով:
Համաստեղ իր երիտասարդ տարիքին էր, որ ձեռնարկեց պատմուածքներու այս շարքին, որ վէպի մը հարստութիւնը սահմանեց իր ստեղծագործ էջերու տարածքին:
«Գիւղը», ապա «Անձրեւը»: Եւ այսօր, իբրեւ միացեալ հատոր Համազգայինի «Վ. Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ կը վերահրատարակուի եւ իր տեղը կը գտնէ մեր գրադարանի դարակներուն:
Հաստափոր այս գիրքը կը փոխանցէ` բնութեան կախարդանքը, հողին մէջ խրած մշակին խոփը, մարդկային հոգիի տառապանքն ու ուրախութիւնը, ներքին փոթորիկները, միտք չարչարող մտահոգութիւնը, սրամիտ վարուելակերպը, կապ մը հաստատելով ընթերցողին մտաւոր ու քննական հորիզոնին հետ: «Գիւղը եւ անձրեւը» կը ներկայացնեն գիւղն ու գիւղացին ոչ միայն իրենց արտաքին նկարագրութեամբ, այլեւ` խոր ու մարդկային հոգեբանական ապրումներով: Գիւղացին իր կեանքը կը կառուցէ բնութեան պայմաններուն համաձայն: Հեղինակը կը բացայայտէ` մարդոց ներաշխարհը, սպասումները, բնութեան նկատմամբ կապուած զգայնութիւնը:
Համաստեղի ընտրած վայրը սովորական բնութիւնը չէ, այլ հայրենի գաւառն է իր պատմութիւններով, առօրեայով, բնակչութեամբ, այն, ինչ որ հայկականութեան բուրմունքը կը սփռէ, աշխատասիրութիւն ու համեստութիւն պիտակաւորումով կ՛արձանագրէ սպասում, կարօտ ու ժպիտ: Երբեմն պատմութեան հերոսը կը հասնի մինչեւ Ամերիկա` իր սրտին մէջ անաղարտ պահելով հայրենի յուշերը եւ անցեալի փխրուն կեանքը:
Պատմութեան հերոսները Համաստեղի գրիչին տակ կեանքի կը կոչուին մեծ մասամբ իբրեւ թշուառներ, դառնութիւն ճաշակած անձնաւորութիւններ, խնդրայարոյցներ, որոնց դիմաց կեանքը իր վարդագոյն երազներով չի ծաղկիր, սակայն իրենց ծայրայեղ բարութիւնը, ազնուութիւնը պատճառ կը դառնան բախումներու, անհասկացողութիւններու, դժբախտութիւններու եւ ըմբոստութիւններու: Այս միջադէպերուն աւարտն ալ նոյնքան կը դառնայ ողբերգական:
Հակառակ կեանքի ծանր պայմաններուն` յատկապէս գիւղին երիտասարդները կը պայքարին պահպանելու համար զանազան արժէքներ, ապագայի նկատմամբ իրենց հիւսած երազները իրականացնելու համար: Անոնք, ո՛ւր ալ երթան, կը հասնին գրագէտին, կը վազեն իր տաղանդով` պարգեւելով հոգեկան հաւատարմութիւն: Այսպէս, Համաստեղի լեզուի, ոճի, ջերմ հաղորդականութեան, հերոսներու, նկարագրութիւններու ու պատկերներու միաձուլման կը հանդիպինք, երբ ինքնաբուխ կերպով հեղինակը պատմողի դերին մէջ կը մնայ սկիզբէն մինչեւ վերջ:
Գիւղացին ու գիւղը կը հարթեն արուեստի իւրայատուկ ճանապարհ մը:
Եդուարդ Պոյաճեան կը վկայէ, թէ Համաստեղին ճիգը իր նիւթին շրջագիծը պահելուն, ամրացնելուն եւ անոր մէջ կարելի չափով կեանք ու պայծառութիւն ներմուծելուն մէջ կը կայանայ: Համաստեղ կապուած կը մնայ իր գիւղին, իսկ կեանքի որպէս հոգեկան դիմագիծ` ան անքակտելի սիրով միացած է հայ շինականին:
Համաստեղի գրուած տողերէն կը մէջբերեմ. «Հայ բանաստեղծները հանգիստ պիտի առնեն ուռիներու շուքին տակ ու նարեկեան ներշնչումով բանաստեղծութիւններ պիտի նուիրեն կամուրջներ շինողի յիշատակին: Պիտի տաղերգեն որմնադիրին աշխատանքը, զանգակատունը կապողներուն աշխատանքը. պիտի տաղերգեն շարժունութիւնը ջրաղացներուն ու հազար-հազար բանուորներուն: Ու ես պիտի ներկեմ հողը արեւին չափ բարի ու արեւին չափ արգասաւոր»:
Համաստեղ, որ իր կեանքին մէկ մասը անցուց Ամերիկայի մէջ, իր հայեացքը սեւեռած պահեց անցեալի վրայ, բարտիներու, աղաւնիներու, ագռաւներու կանչերուն խառնելով իր «ես»-էն փրցուած զանազան անուններ, նախասիրութիւններ ու ընկերային կապեր:
Կը կարծեմ, որ Համաստեղի համար դիւրին պիտի չըլլար անջատուիլ իր ծննդավայր Խարբերդէն, մոռնալ այն գեղեցիկ բնութիւնը, որ մտաւորական խաւին կողմէ արժանացած է յատուկ գուրգուրանքի, մոռնալ իր ուսուցիչներէն Թլկատինցին ու տեսուչ Ռուբէն Զարդարեանը, որ այս վերջինին յատուկ ուշադրութեան ու քաջալերանքին արժանացած է, այլ ընդհակառակն, ան իր մէջ կը հաւաքէ ազդեցութիւնը հայ գրականութեան տիտաններէն` Րաֆֆիին, Աւետիս Ահարոնեանին, Դանիէլ Վարուժանին, Սիամանթոյին գրագէտ-ուսուցիչ Յակոբ Օշականին, որոնց գործերու ընթերցումը խրախուսիչ մխիթարանք կը դառնայ մինչեւ վերջ, մանաւանդ` «Հայրենիք»-ի խմբագրատան ամէնօրեայ այցելուն ու ընթերցողը ըլլալով:
Եղած է մտերիմը գրագէտ Շիրվանզադէի, որ Համաստեղի ստեղծագործութեան համար կ՛ունենայ մեծ նշանակութիւն` գրական վերջնական ուղղութիւն տալու անոր: Եւ 1930-ին, երբ Համաստեղ կը հանդիպի Աւետիք Իսահակեանին, այս վերջինը կը սիրէ կրկնել եղեր Շիրվանզադէի խօսքը. «Ես փրկեցի Համաստեղը»:
Համաստեղին համար գիւղը իր անձրեւով ոչ միայն կը դառնայ նախասիրած վայրն ու հանգստութիւն ներշնչողը, այլեւ` ընդգրկուն արժէք մը, երբ գրական-ստեղծագործական կարողութիւններուն թափ ու եռանդ կը նուիրէ, կորսուած ամայութիւն մը կը վերակենդանացնէ պերճագոյն լեզուով` գիւղի եւ անձրեւի կաթիլներուն տակ հայրենի աշխարհին լուսաւորումը ճառագայթելու համար…
Ինչպէս Համաստեղ կը գրէ. «Մեր երազները կը վերանորոգուին նոյն յաւիտենական պայքարին համար»:
Բարի՛ ընթերցում բոլորին…
ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
14-10-2026


