Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Որոշումը Ներքին Պահանջ Է Եւ Ոչ Թէ Արտաքին Պարտադրանք»

January 12, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ գիշեր ժամը 8:30-ին իր նախագահ ընտրութեան միամեակին առիթով Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ յատուկ ուղիղ սփռուած հարցազրոյց մը:

«Իշխանութեանս ճամբու քարտէսս երդման ճառս էր», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը` աւելցնելով. «Ատիկա չմշակուեցաւ թուղթի վրայ մնալու համար»:

Ան գոհունակութիւն յայտնեց անցնող տարի արձանագրուած ձեռքբերումներուն համար` նշելով, որ անոնք նպատակը չեն, եւ տակաւին հինգ տարիներ կան նպատակի իրագործման համար:

«Նախագահը իրաւարար է եւ պէտք չէ կողմ ըլլայ», նշեց ան:

«Զէնքի մենաշնորհման եւ պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումի վերատիրացումը ներքին պահանջ է, եւ ոչ թէ արտաքին պարտադրանք», ըսաւ նախագահը:

Ան յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ զէնքի մենաշնորհման հարցով պէտք է իրատես ըլլալ եւ գիտակցիլ, թէ ատիկա մէկ օրէն չ՛իրագործուիր` նկատի ունենալով հարաւային Լիբանանի բնութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատեց Պքերքէէն իր կատարած յայտարարութիւնը, թէ զէնքի մենաշնորհման որոշում տրուեցաւ, սակայն գործադրութիւնը կարելի է արագացնել կամ դանդաղեցնել պայմաններուն համաձայն:

Նախագահը նշեց, որ զէնքը որոշ ժամանակի գոյացաւ, երբ բանակը ներկայ չէր, սակայն այսօր բանակը կայ, ուստի այդ զէնքին պահպանման պայմանները չքացած են, եւ անիկա վերածուած է բեռի, թէ՛ անոր համակիր զանգուածին, թէ՛ ալ Լիբանանի համար, եւ անիկա զսպիչ դերակատարութիւն չունի:

Նախագահ Աուն խօսքը Հըզպալլային ուղղելով ըսաւ. «Միւս կողմին կ՛ըսեմ, ժամանակն է տրամաբանութիւնը գերակայ դարձնելու, եւ ժամանակն է, որ պետութիւնը ստանձնէ իր զաւակները պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը. որոշումը Լիբանանի մէջ պէտք է տրուի, ոչ ոք մեր տեղ պիտի կռուի»:

«Պաշտօնական դիրքորոշումները կ՛որդեգրուին հաստատութիւններուն մէջ, եւ Լիբանան որեւէ պետութեան կայունութեան սպառնալու հարթակ պիտի չըլլայ», շեշտեց հանրապետութեան նախագահը:

Հանրապետութեան նախագահը անդրադառնալով պատերազմի վտանգին նշեց, որ «պատերազմի ուրուականը հեռացաւ, սակայն պատերազմի վտանգը չվերացաւ»: Ինչ կը վերաբերի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ գործակցութեան, նախագահ Աուն ըսաւ, որ վարչապետ Սալամ գործընկեր է եւ ոչ թէ հակառակորդ, եւ անոր հետ յարաբերութիւնը աւելի քան հոյակապ է:

Նախորդը

Իսրայէլեան Բազմաթիւ Օդային Յարձակումներ

Յաջորդը

Ըստ «Հաարեց»-ի. Ռուսիան Աշխատանք Կը Տանի Սուրիոյ Հարաւը Դամասկոսի Հաւանութեամբ Ուժեր Տեղակայելու, Իսկ Իսրայէլ Այդ Մէկը Կը Խոչընդոտէ

RelatedPosts

Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը
Գաղութային

Կոչ Զօրակցութեան

February 9, 2026
Այցելելով Հարաւային Լիբանան.  Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

February 9, 2026
«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան»  Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը
Լիբանանեան

«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.