Իսրայէլեան օդուժը երէկ բազմաթիւ յարձակումներ գործեց` թիրախաւորելով հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի մէջ տարբեր վայրեր, ինչպէս` հարաւային Լիբանանի Մահմուտիէի անտառային շրջանը, Իքլիմ Թուֆահի Ժպահ գիւղի մերձակայքը գտնուող Պրէյժ շրջանը, Ժեզզինի շրջանին մէջ Քաթրանի հովիտը, Պարղազ եւ Մահմուտիէ շրջաններուն միջեւ գտնուող հովիտը, Պեքայի մէջ Ժապուր շրջանը:
Իսրայէլեան օդուժը նաեւ սպառնաց, ապա հարուածեց հարաւային Լիբանանի Քֆարհաթթա գիւղին մէջ գտնուող շէնք մը:


