Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաճիեւ. «907-րդ Լրացման Պահպանումը Կը Հարուածէ Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Հոլովոյթը»

January 5, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազրպէյճանին ամերիկեան ուղղակի օգնութեան տրամադրումը արգիլող 907-րդ լրացման պահպանումը կը հարուածէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան հոլովոյթը», «Ուաշինկթըն Թայմզ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական, նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժինի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ:

«Թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Հայաստանի կառավարութիւնները դժուար պայքար կը մղեն խաղաղութիւնը ամրապնդելու համար: Ատոր հետ միատեղ, սակայն, ամերիկեան Քոնկրեսին մէջ ոմանք բացարձակապէս աւելորդ եւ բաժանարար գիծեր ստեղծող օրէնսդրական աքթեր կը ներկայացնեն», նշած է Հաճիեւ:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ ազրպէյճանցի պաշտօնատարի յայտարարութիւնը կը վերաբերի «Անվտանգութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի հետ համագործակցութեան մասին» օրէնքի նախագիծին, որ շարք մը դեմոկրատական ու հանրապետական քոնկրեսականներ շրջանառութեան մէջ դրած են 19 դեկտեմբերին:

Այս նախագիծով կը նախատեսուի արգելակել ամերիկեան ուղղակի օժանդակութեան տրամադրումը Ազրպէյճանին, այնքան ատեն որ Պաքուն տակաւին իր զօքերը դուրս չէ բերած Հայաստանի գերիշխան տարածքներէն, ազատ չէ արձակած բոլոր հայ ռազմագերիները եւ չէ ճանչցած արցախահայութեան` հայրենիք վերադառնալու իրաւունքը:

Այս նախագիծի հրապարակման նախորդած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի մերձաւոր խմբակիցներէն` Ֆլորիտայէն ընտրուած քոնկրեսական Աննա Փաուլինա Լունայի նախաձեռնութիւնը: Հանրապետական օրէնսդիրը 11 դեկտեմբերին հրապարակուած նախագիծով առաջարկած էր վերջնականապէս չեղեալ յայտարարել 1992 թուականին որդեգրուած «Ազատութեան աջակցութեան հռչակագիրի» 907-րդ լրացումը:

Հաճիեւ նաեւ յայտարարած է, որ իր երկիրը «խաղաղութիւն կը կառուցէ ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ հայ ժողովուրդին հետ»:

Ան այս մասին խօսած է` անդրադառնալով Ազրպէյճանի փորձերուն` կարգաւորելու Հայաստանի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները:

Հաճիեւ նշած է նաւթամթերքներու արտածումը Հայաստան եւ հացահատիկի տարանցման համար ստեղծուած պայմանները:

Ըստ Հաճիեւի, խորհրդանշականէն բացի, կան իսկապէս կարեւոր աշխարհաքաղաքական նրբերանգներ:

Հայաստանի մէջ արդէն քանի մը օրէ ի վեր կը վաճառուի Ազրպէյճանէն գնուած պենզինը:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Բուռն Պայքարէ Ետք Յաղթեց Պաթրունին` 96-90 Արդիւնքով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Եկեղեցական Ղեկավարներ Լեւոն ԺԴ. Պապին  Կոչ Կ՛ուղղեն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար
Հայկական

Եկեղեցական Ղեկավարներ Լեւոն ԺԴ. Պապին Կոչ Կ՛ուղղեն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար

January 6, 2026
Ս. Էջմիածինը Կը Հակադարձէ Անջատուած  Եպիսկոպոսներու Ստորագրած Յայտարարութեան
Հայկական

Ս. Էջմիածինը Կը Հակադարձէ Անջատուած Եպիսկոպոսներու Ստորագրած Յայտարարութեան

January 6, 2026
Ամերիկեան Պատուիրակութեան Հետ  Հանդիպումի Ընթացքին.  Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ  Արդէն Իսկ Առեւտրական Յարաբերութիւններ  Հաստատուած Են»
Հայկական

Ամերիկեան Պատուիրակութեան Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Արդէն Իսկ Առեւտրական Յարաբերութիւններ Հաստատուած Են»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.