Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 5, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ». «Կը նախատեսուի, որ նախարարաց խորհուրդը երկուշաբթի օր Նախագահական պալատին մէջ ժողով մը գումարէ` ծանօթանալու համար լիբանանեան բանակի հրամանատարի Լիթանի գետէն հարաւ զէնքի մենաշնորհման աշխատանքի ամբողջացման եւ Լիթանիէն հիւսիս մինչեւ Աուալի գետ անցնելու համար որդեգրուած ծրագիրին»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Հըզպալլայի նկատմամբ թուրք-արաբական դրական ուղղուածութեան սկիզբ գոյութիւն ունի, եւ Թուրքիան Հըզպալլայէն բարձրաստիճան պատուիրակութեան ընդունելութեան առաջին նախաձեռնողներէն էր, ինչպէս նաեւ աշխատանք տարաւ հաղորդակցութեան կապ հաստատելու Շարհի խմբաւորումէն պաշտօնատարներու հետ` սահմանային կարգ մը շրջաններու շուրջ փոխադարձ հասկացողութիւններ գոյացնելու համար»:

. ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Նախագահ Աուն ու վարչապետ Սալամ գոհ են Լիթանիի հիւսիսը գտնուող շրջան անցնելու լիբանանեան բանակին կատարած քայլերէն»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Միայն զինուորականներու մակարդակով գումարուող «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովի նպատակը վերադասաւորելն է ապահովական առաջնահերթութիւնները եւ ապահովական հարցի վերաբերեալ մեքանիզմները Լիթանի գետէն հարաւի համար` իբրեւ կուսակցական ապահովական ներկայութենէն զուրկ եւ զէնքի մենաշնորհումի ենթարկուած շրջան»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ կառավարական աղբիւրներ Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին. «Լիբանանեան պետութիւնը սկսաւ հետաքննել Լիբանանի մէջ Սուրիոյ նախկին վարչակարգի մնացորդացի գոյութեան եւ շարժումներուն մասին սպրդած լուրերը, եւ ապահովական մարմինները բոլոր տուեալներով համապարփակ հետաքննութեան ձեռնարկեցին»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ապահովական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Լիբանանեան ապահովական իշխանութիւնները Սուրիոյ նախկին վարչակարգէն ղեկավարներու Լիբանանի մէջ ներկայութեան վերաբերեալ ձեռնարկեցին լայնածաւալ արշաւի, որ սակայն ձերբակալութիւններու չյանգեցաւ»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Սուրիոյ նախկին վարչակարգի մնացորդի Աքքարի մէջ ռազմակայան ստեղծելու մասին ընկերային կայքերուն վրայ շրջանառուող լուրերը իրականութեան հետ կապ չունին»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ պաշտօնական աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Երկրին մէջ կայունութիւնն ու անոր երկարատեւութիւնը կ՛ազդեն այն ծրագիրներուն վրայ, զորս ապահովական ուժերը կը մշակեն, որովհետեւ ապահովական սայթաքում մը կամ որոշ յարձակում մը անդրադարձ կ՛ունենայ այդ ծրագիրներուն վրայ»:

. ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Պքերքէ կը պնդէ, որ Լիբանանի փրկութիւնը անոր չէզոքութեան, զէնքի մենաշնորհման, միջազգային որոշումներու գործադրութեան եւ զինադադարի նիւթի լուրջ քննարկման մէջ է»:

. ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Հըզպալլայի եւ Պքերքէի միջեւ յարաբերութիւններն ու հաղորդակցութիւնը նոյնիսկ վերջին պատերազմի ընթացքին չդադրեցան, թէկուզ ապահովական պատճառներով այցելութիւններ տեղի չէին ունենար»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Մեծ պետութեան մը մէջ լիբանանցի դեսպան մը վերջապէս նշանակուեցաւ, նկատի ունենալով, որ ան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ինկող բաժին կը նկատուի, եւ ի յայտ եկաւ, որ աւելի մօտ է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլին, որուն արտաքին գործոց նախարար եղած օրէն անոր հետ յարաբերութիւններ կը մշակէ»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Կարգ մը դրամատուներ նուազ քան հարիւր հազար տոլար պահ դրուած գումարներու վճարման պայմաններու փորձարկում մը կատարեցին, եւ ի յայտ եկաւ, որ գինի առումով առաջին տարին ամէնէն դժուարը պիտի ըլլայ»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «պետական եւ սեփական մարզերու պաշտօնեաները կը պատրաստուին յունուարի կիսուն բաց գործադուլ յայտարարելու` մինչեւ իրենց պահանջներուն բաւարարումը»:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Ելեւմտական բացի օրինագիծին շուրջ քննարկումը ինքնին զարգացում մըն է` նկատի ունենալով, որ տարիներու ելեւմտական ամբողջական բացէ ետք խորհրդարանի սեղանին դրուած է օրէնքի նախագիծ մը, որ առիթ կ՛ընծայէ օրէնսդրական դերակատարութեան լիարժէք կատարման»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «լիբանանցի պաշտօնատարները վերջին շաբաթներուն իրենց աշխատանքը աշխուժացուցին, Համաս շարժումին ու Իսլամական Ժիհատի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի հետեւին օրինակին Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան, որ սկսաւ իր զէնքը լիբանանեան բանակին յանձնել»:

Նախորդը

Հաճիեւ. «907-րդ Լրացման Պահպանումը Կը Հարուածէ Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Հոլովոյթը»

Յաջորդը

Մըքտատ. «Ոչ Ոքի Պիտի Արտօնենք Մեզ Ներքին Սադրանքի Մէջ Ներքաշել»

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.