Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ նշեց. «Դիմադրութիւնն է, որ 1982 թուականէն ի վեր Լիբանանը պաշտպանեց, եւ ինքն է, որ պիտի շարունակէ զայն պաշտպանել` շնորհիւ իր նահատակներու արիւնին եւ զոհողութիւններուն»:
Երեսփոխանը Հըզպալլայի կազմակերպած քաղաքական հանդիպումի ընթացքին նշեց. «Դիմադրութիւնը հազարաւոր նահատակներ, վիրաւորներ եւ գերիներ չտուաւ, որպէսզի իսրայէլացի թշնամիին առջեւ ծունկի գայ, այլ այդ զոհողութիւնները կատարեց, որպէսզի Լիբանան մնայ ազատ, գերիշխան ու անկախ»:
«Դիմադրութիւնը Լիբանանի ստանձնած յանձնառութիւնը գործադրեց, փոխարէնը իսրայէլացի թշնամին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումէն եւ թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութենէն որեւէ կէտ չգործադրեց, այլ շարունակեց օրական կերպով խախտել Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ թիրախաւորել լիբանանեան հողերը», աւելցուց ան:
«Մենք ոչ ոքի պիտի արտօնենք մեզ ներքին սադրանքի մէջ ներքաշել», շեշտեց Մըքտատ:


