Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» Պարախումբին Հետ «Կ՛ուզեմ Երթալ Հայաստան»

December 13, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան փոխադրող եւ հայրենիքին շունչը սփռող գեղարուեստական տօնախմբութեամբ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը յաջողութեամբ «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի սրահին մէջ ներկայացուց «Կ՛ուզեմ երթալ Հայաստան» խորագրեալ իր 2025-ի հերթական ստեղծագործութիւնը:

28 նոյեմբեր 2025-ի աշակերտական ներկայացումէն օր մը ետք, պարախումբին գլխաւոր ելոյթին վարչութեան հայերէն ու արաբերէն բացման խօսքերը յաջորդաբար արտասանեցին վարչականներ Կարինէ Փամպուքեանն ու Գարին Հաճեանը: Պարախումբին երկարամեայ երթէն ծնած ուրախութեան ու հպարտութեան համար անոնք մեծարեցին ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի ղեկավարները, երախտագիտութիւն յայտնեցին հովանաւորներուն եւ ողջունեցին իրենց զաւակներուն հայկականութեան տէր կանգնող ծնողները, եզրակացնելով, որ ինքնութեան գիտակցութիւնը առաջին հերթին կը ծնի ընտանիքէն եւ տունէն:

Հուսկ, հսկայ պաստառին վրայ ցուցադրուած հայկական խորհրդանշաններուն, նախշերուն եւ հայրենիքէն պատկերներուն հովանիին տակ բեմ բարձրացան տարիքային հինգ խումբերը, որոնք տպաւորիչ համադրութեամբ կատարեցին հայրենի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Պետրոս Կարապետեանի այնքան բծախնդրութեամբ մշակած բոլորովին նոր յայտագիրը, որուն մաս կազմեցին հայկական ժողովրդական եւ ազգագրական ոգեշնչող ու մեղմ պարեր, ներառեալ` Ազատ Ղարիպեանի գլուխգործոցներ եւ հայ մեծանուն երաժիշտներու յօրինումներ, ինչպէս նաեւ` այլ մշակոյթներէ պատկերներ: Միաժամանակ ներկաները դիտեցին լիբանանահայ Ալեքս Առաքելեանին հեղինակած ու բեմադրած կարճ ժապաւէնները, ուր պարախումբին կրտսեր անդամներէն Քայա Թօրոն մարմնաւորեց Հայաստան երթալու փափաքով ապրող Արինին կերպարը: Ժապաւէնները նկարագրեցին գիշեր մը Արինին տեսած երազը, ուր ան Վազգէն Մուղալեանի ձայնագրած Հայաստանի խորհրդաւոր ձայնին առաջնորդութեամբ կը շրջագայէր ամբողջ Հայաստանի մէջ` այցելելով գեղատեսիլ վայրեր եւ հայուն բնորոշ երեւոյթներու մասին զրուցելով անծանօթ հայրենակիցներու հետ, ի վերջոյ զարթնելով եւ բարձրաձայնելով Հայաստան երթալու իր մարմաջը: Կարճ ժապաւէնները հաղորդեցին հայրենիքին կարօտն ու հողին ուժը, զորս երկու ժամ շարունակ ապրեցան սրահին մէջ մէկտեղուած հանդիսատեսները, որոնք գնահատեցին ելոյթը, որ արտացոլեց պարողներուն ամուր կառչածութիւնը իրենց հայկական ինքնութեան:

Երկու արարով եւ պարողներուն զգալի պարտաճանաչութեամբ մատուցուած պարերը իրենց գագաթնակէտին հասան հայկական աշխարհահռչակ քոչարիի կատարումով, որ բեմին վրայ բացայայտեց ոչ միայն պարախումբին տարիքային դասաւորումը, այլ նաեւ` իմաստալից պատկեր մը, ուր երէց պարողներէն շատեր պարախումբին փոքրերէն էին, երբ միեւնոյն մեծահամբաւ բեմը բարձրացան նաեւ 2014-ին: Հայոց մշակութային հարստութեան պահպանումը ընդգծող, հետեւողականութիւն եւ շարունակականութիւն բուրող այս պատկերը կը վստահեցնէր, որ գնահատական խօսքերը երկար պիտի տրոփեն պարախումբի անդամներուն սրտին մէջ` հարթելով մնայուն անաղօտ փայլքի ճամբան, նաեւ արձանագրելով, որ նօսրացող լիբանանահայ համայնքը հարուածող օտարացումի ալիքներով հանդերձ, ՀԵԸ-ի հայակերտ ամուր բերդը տէր կը կանգնի աւանդին եւ տիպար կեցուածքով կը սփռէ հայուն յաւերժական վառվռուն ոգին:

 

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Նախորդը

Ռովանիեմի` Կաղանդ Պապային Պաշտօնական Բնակութեան Վայրը Հիւսիսային Բեւեռին Մէջ

Յաջորդը

Անդրէաս Աղեքսանդրեանի Ծննդեան 190 Եւ Վախճանման 110-Ամեակի Ոգեկոչում

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Եւ Բժշկական Առաքելութեան Ղեկավարը Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Եւ Բժշկական Առաքելութեան Ղեկավարը Անթիլիասի Մէջ

October 12, 2026
Հաղորդագրութիւն.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հրաւիրեց Նաւասարդեան Խաղերու Բացման Հանդիսութեան
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հրաւիրեց Նաւասարդեան Խաղերու Բացման Հանդիսութեան

October 12, 2026
Պերճ Աբգարեան Տեսակցեցաւ ԼՕԽ-ի Պատասխանատուներուն Հետ
Գաղութային

Պերճ Աբգարեան Տեսակցեցաւ ԼՕԽ-ի Պատասխանատուներուն Հետ

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.