Աշխարհիկ իշխանութեան կորուստով հայը փարեցաւ եկեղեցական իշխանութեան, անոր մէջ որոնելով սփոփանքը` այն բաղձալի կորուսեալին, որ պիտի անոքէր իր սրտին եւ հոգիին մէջ բացուած խոր վիհը:
Հոգեւոր իշխանութիւնը, իր հերթին, ի գին ամէն տեսակ զրկանքի եւ զոհողութեան` ազգին նեցուկն ու ապաւէնը հանդիսացաւ:
Ահա այդպիսին էր Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան մեծաւոր, ազգասէր, հայրենասէր, միաբանասէր, բարի հովիւի վաստակ ձեռք ձգած ծագադիր Անդրէաս ծ. վրդ. Աղեքսանդրեան, որուն շատ բան կը պարտի միաբանութիւնը, իսկ կարեւորագոյնը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբութեան հասնելու ներդրմանը:
Կիրակի, 7 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Զմմառու մայրավանքի Փոխման Ս. Կուսին մայր եկեղեցւոյ մէջ, ի յիշատակ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի պատկառելի մեծաւոր Անդրէաս Աղեքսանդրեանի յոբելեանին պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Մաշտոց թ.ծ.վ. Զահթէրեան:
Մեծաւոր հայրը իր քարոզին մէջ վեր առաւ Ա. թագադիր ծ. վարդապետ Աղեքսանդրեանի արժանիքները` ըսելով. «Քրիստոնէութիւնը կայացնելու եւ զայն հայուն առօրեային վերածելու ջանքերուն մէջ մեր աւագ հայրերէն շատեր իրենց իւրայատուկ դրոշմը ձգած են: Այդ երախտաւորներէն է Անդրէաս Աղեքսանդրեան: Ան իր ունեցած ունակութիւններուն եւ մտաւորականի խառնուածքին շնորհիւ` մայրավանքէն ներս 30 տարիներ ստանձնած է մեծաւորի պաշտօնը: Ան իր նշանակալի աւանդը բերած է միաբանութեան վերելքին բոլոր բնագաւառներու մէջ` հոգեւոր, ազգային, կրթական, գիտական, հրատարակչական, մշակութային, շինարարական եւ այլ մարզերու վերաբերող: Այլ խօսքով, իր օրերուն մայրավանքը անդորրութիւն եւ ծաղկում ապրած է:
Մաշտոց թ.ծ.վ. Զահթէրեան դիտել տուաւ, որ Ա. Աղեքսանդրեանի շուքը լուսաւորութեամբ տարածուած է ամէնուր, ան ս. պաշտամունքի կարգերը ճոխացուցած է, միաբաններուն եւ կրօնաւորներուն թիւը բազմապատկած: Անոր կեանքին կարեւոր մասը կազմած է գրական-բանասիրական գործունէութիւնը, դիտել տալով, որ անոր աշխատասիրութիւններուն մէկ մասը հրատարակուած է, եւ զգալի մասը անտիպ է` պահպանուած Զմմառու մայրավանքի արխիւին մէջ:
«Մեծաւոր Ա. Աղեքսանդրեան առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է դպրեվանեցիներու դաստիարակութեան, որոնք իրենց մեծաւորին մասին մեծ գովասանքով, սիրով եւ ակնածանքով արտայայտուած են: Այդ երախտաւորներէն է նաեւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեան, որ ինքզինք Ա. Աղեքսանդրեանի որդին կը համարէ, ըսելով` «Ես եմ, որովհետեւ դուք կաք», նշեց հայր սուրբը` յորդորելով իւրաքանչիւր միաբան իր կեանքի ուղին հունաւորել Ա. Աղեքսանդրեանի տիպարը օրինակ առնելով, որով կը ծաղկի եւ կը բարգաւաճի 276 տարիներու վաղեմութիւն ունեցող Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը:
Պատարագի աւարտին Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի անուան դպրեվանքի ժառանգաւոր Յակոբ Ժամկոչեան ներկայացուց Անդրէաս Աղեքսանդրեանի վարքը:
Հոգեպարար արարողութենէ ետք կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի հանգիստ հանգուցեալ թագադիր Անդրէաս ծ. վրդ. Աղեքսանդրեանի հոգւոյն:
Ոգեկոչման աւարտին ժառանգաւորները հնչեցուցին Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի «Բազմաչարչար» շարականը:


