Հայ գիրքի տարածումը կը շարունակէ մնալ հիմնական առաջադրանք Համազգայինի առաքելութեան մէջ: Գրատարածումը հրատարակչական գործը խթանող կարեւոր նախադրեալ է, իսկ ընթերցողը կը շարունակէ մնալ հրատարակութեանց կեանք տուողն ու զանոնք ապրեցնողը: Հրատարակութիւն, գրատարածում եւ ընթերցանութիւն կը կազմեն անբաժանելի մէկ ամբողջութիւն` հայ ստեղծագործ միտքի զարգացման եւ հարստացման գործընթացին մէջ:
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպած համահայկական ցուցահանդէսի կազմակերպումը այս եռամիութեան կարեւորութիւնը շեշտադրող հանգամանք է` հայ գիրքին շուրջ ծաւալելու հետաքրքրութիւն եւ անոր զուգահեռ առիթ ընծայելու բոլորին, որ մօտէն ծանօթանան ժամանակակից հրատարակութիւններուն: Ուրախ ենք, որ հայրենի եւ սփիւռքահայ մեծ թիւով հրատարակչատուներ, հրատարակիչներ եւ հեղինակներ ընդառաջեցին մեր հրաւէրին: Յայտնենք նաեւ, որ իր տեսակին մէջ այս ցուցահանդէսը` համահայկական իր դիմագիծով, պարտաւորեցնող յանձնառութեան տակ կը դնէ մեզ` շարունակելու եւ ընդարձակելու այս առաքելութիւնը: Ցուցահանդէսին առընթեր կազմակերպուած այլ նախաձեռնութիւնները նաեւ իրենց կարգին մեզի համար անհրաժեշտութենէ մեկնած ծրագիրներ են, եւ մենք վստահ ենք, որ ձեր ներկայութեամբ եւ քննարկումներուն մասնակցութեամբ պիտի յաջողինք հրատարակչական եւ գրատարածման նոր մտածումներ բիւրեղացնել միասնաբար: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին այս նախաձեռնութեան կազմակերպման` անգամ մը եւս տալով այն յստակ ապացոյցը, որ հայ գիրքը մեր կեանքին մէջ կը գրաւէ առանձնայատուկ տեղ եւ արժանի է գուրգուրանքի ու քաջալերանքի:
Ուրախ ենք նաեւ յայտնելու, որ հայկական վարժարանները ընդառաջած են մեր հրաւէրին եւ ճշդուած ժամանակացոյցով իրենց աշակերտներուն այցելութիւնը կազմակերպած:
Այս ցուցահանդէսին հրատարակչատուները պիտի ցուցադրեն նոր շրջանի` 2014 թուականէն ի վեր լոյս տեսած իրենց հրատարակութիւններէն կարեւոր թիւով նմուշներ:
Ցուցահանդէսի բացումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 8 դեկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
Այս առիթով չորեքշաբթի, 10 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կազմակերպուած է նաեւ կլոր սեղան-քննարկում մը, որուն ընթացքին ներկաները առիթ պիտի ունենան հանդիպելու հիւրաբար Լիբանան գտնուող հայրենի հրատարակչատուներու տնօրէններուն հետ:
Կը սպասենք բոլորիդ:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆի «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ»
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ




