Դատարանը երէկ բաւարարեց քննիչի միջնորդութիւնը եւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի դիւանապետ Արշակ արք. Խաչատրեանի նկատմամբ կիրարկեց երկամսեայ կալանք: Ըստ փաստաբան Արսէն Բաբայեանի, Արշակ արքեպիսկոպոսը տեղափոխած են «Երեւան-Կենտրոն» քրէակատարողական հիմնարկ:
Արշակ արք. Խաչատրեանի կալանքի միջնորդութեան հարցը կը քննէր դատաւոր Մասիս Մելքոնեան, որ ամիսներ առաջ կալանաւորած է նաեւ Միքայէլ արք. Աջապահեանը, Բագրատ արք. Գալստանեանը եւ ընդդիմադիր հայեացքներ ունեցող շարք մը գործիչներ:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը նախանցեալ որ Քննչական կոմիտէի շէնքին մէջ ձերբակալած էր Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի դիւանապետ Արշակ արք. Խաչատրեանը, յայտնած է անոր փաստաբան Արսէն Բաբայեան:
Քննչական կոմիտէէն նշած էին, որ քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին սրբազանին նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում` Քրէական օրէնսգիրքի 393-րդ յօդուածի 2-րդ մասի առաջին եւ 4-րդ կէտերով (խումբ մը անձերու կողմէ նախնական հանաձայնութեամբ թմրամիջոց ապօրինի գործածելը` հանդիսադիր վայրի մէջ):
Փաստաբանը աւելի ուշ մանրամասնած էր, որ Արշակ արք. Խաչատրեանը կը մեղադրեն 2018-ին Ամենայն հայոց կաթողիկոսի դէմ բողոքի ցոյց իրականացնողներէն մէկը վարկաբեկելու նպատակով անոր պայուսակին մէջ թմրամիջոց դնելու յանցանքով:
Խօսքը «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» շարժման ցոյցին մասին է:


