Վերջերս «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախկին թէ ներկայ մարզիկներ, փորձառու լրագրողներ եւ անձնաւորութիւններ խօսեցան «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախագահ Տանա Ուայթի զարմանալի որոշումին մասին, ուր 25 յունուար 2026-ին որոշեց կայացնել Ճասթըն Կէյճի եւ Փետի Փիմպլեթի մրցումը` ճշդելու համար Իլիա Թոփուրիայի դէմ գօտիի կամ տիտղոսի մրցումը:
«Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախկին մարտիկ եւ մրցանշակիր Մեթ Պրաուն քննադատած էր այս որոշումը` յայտնելով, որ իրավիճակը տխուր է…
«Իրավիճակը տխուր է, եւ համաձայն չեմ եղածին: Դժբախտաբար «Եու. Էֆ. Սի.»-ն գործնականօրէն մենաշնորհ ըլլալու հետեւանք է: Ես Արմանի (Ծառուկեան) համար ամէնէն շատ կը ցաւիմ եւ արդար չեմ տեսներ: Ան ամէն ինչ ճիշդ կ՛ընէ, բացի երբ վիրաւորուեցաւ եւ ստիպուեցաւ տիտղոսի մրցումէն քաշուիլ: Բոլորը կը կարծեն, թէ ան արժանի է տիտղոսի համար պայքարին: Ի՞նչ իմաստ ունի թիւ 1 մրցակից կամ թեկնածու նկատուիլը, երբ նկատի չ՛առնուիր անոր դիրքը: Ես չեմ ըսեր ասիկա, որպէսզի Արմանը աւելի «տաքցնեմ», բայց եթէ ես ըլլայի իր տեղ, կը զայրանայի: Ան կրնայ մինչեւ 2027 տիտղոսի համար չպայքարիլ… սա մղձաւանջ է», ըսած է Պրաուն:
«Եու. Էֆ. Սի.»-ի եւ Պելաթորի նախկին ախոյեան Էտի Ալվարես գրեթէ նոյն ձեւի մեկնաբանութիւն ունեցաւ, հակառակ անոր որ ան գովաբանեց Ճասթըն Կէյճի վիճակը, բայց Փիմպլեթի մակարդակը հարցականի տակ դրաւ:
Հարցին բուն պատճառը կրնայ ըլլալ այժմու ախոյեան Իլիա Թոփուրիայի ամուսնալուծումը, որ պատճառ դարձաւ տիտղոսի թափուր մնալուն:
«Եու. Էֆ. Սի.»-ի պրազիլցի մարտիկ Ռենաթօ Մոյքանօ իր կարգին դժգոհութիւն յայտնեց: «Ինծի կը թուի, որ անարդարութիւն տեղի կ՛ունենայ: Որո՞ւ յաղթած է Փիմպլեթը թեթեւ կշիռի մրցումներուն: Երբ ես մրցեցայ Մախաչեւի դէմ, Արման պէտք է կռուէր տիտղոսի համար, բայց ան քաոսի մատնեց ամբողջ կշիռի մրցումները: Եթէ Արման (չվիրաւորուէր) մենամարտէր այդ երեկոյ, կշիռի մրցումները կը բարելաւուէին, իսկ հիմա Թոփուրիան չ՛ուզեր մենամարտիլ: Մենք ունինք Փիմպլեթ-Կէյճ մենամարտը: Ինծի համար թուղթի ախոյեան պիտի ըլլայ շահողը: Ժամանակաւոր գօտին իմաստ չունի, որովհետեւ Թոփուրիա վերստին ախոյեան պիտի դառնայ»:


