Չորեքշաբթի օր Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սուտանէն եւ ձախողեցաւ հասնիլ արաբական երկիրներու բաժակի մրցաշարքին:
Տոհայի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էր ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ, որ քանի մը օր առաջ Լիբանան կը գտնուէր եւ ստացած լիբանանեան քաղաքացիութիւնը:
Ինֆանթինոյին կ՛ընկերակցէր Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով Քաթար ապրող լիբանանցի համակիրներ:
Մրցումը եղաւ միջակ մակարդակի, եւ յառաջապահ Ճոն Մանոյի վտարումէն ետք Լիբանանի գործը համեմատաբար աւելի դիւրին կ՛երեւէր:
Սաֆայի յետսապահ Խալիլ Խամիս 30-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, սակայն Լիբանանի վեթերան յառաջապահ Մոհամետ Հայտար նշանակեց Սուտանի հաւասարութեան կոլը… սխալմամբ իր բերդին մէջ:
Բ. կիսախաղին Եասեր Ժոպաք կոլ մը եւս նշանակեց ի նպաստ Սուտանի, բայց Լիբանան բնաւ չկրցաւ օգտուիլ 1 մարզիկի առաւելութենէն եւ դուրս մնաց մրցաշարքէն:


