Երրորդ յաջորդական տարին ըլլալով «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն զուգահեռ` տեղի կ՛ունենայ «Էն. Պի. Էյ. Քափ» կամ «Էմիրէյթց քափ» մրցաշարքը:
Երէկ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ առաջին տիտղոսը շահած էր 2023-ին, 135-118 արդիւնքով յաղթեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզին:
Լուքա Տոնչիչ 43 կէտ, 9 ռիպաունտ եւ 13 էսիսթ ձեռք ձգեց Քլիփըրզի դէմ: Օսթըն Ռիվզ (31 կէտ) եւ Լըպրոն Ճէյմս (25 կէտ) իրենց կարգին բարձր մակարդակի ելոյթներ ունեցան:
Քլիփըրզի լաւագոյն մարզիկն էր Ճէյմս Հարտըն, որ 29 կէտ եւ 9 էսիսթ ձեռք ձգեց: Ասիկա Լէյքըրզի 3-րդ յաջորդական յաղթանակն էր, մինչ Քլիփըրզ իր առաջին պարտութիւնը կրեց:
Օրլանտօ Մեճիք 144-103 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ֆիլատելֆիա 76-ըրզը: Անթոնի Պլեք (31 կէտ) եղաւ Օրլանտոյի լաւագոյն մարզիկը, մինչ Թայրիս Մեքսի 20 կէտ նշանակեց ի նպաստ 76-ըրզի, որ 3-րդ պարտութիւնը կրեց այս մրցաշարքին: Մեճիքի 3-րդ յաջորդական յաղթանակն էր:
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ այս տարեշրջանի իր 2-րդ յաղթանակը արձանագրեց 17 մրցումներու ընթացքին` 132-113 արդիւնքով յաղթելէ ետք Աթալանթա Հոքսի (132-113): Սի. Ճէյ. Մաքոլում 46 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ուիզըրտծի, մինչ Քրիսթափս Փորզինկիս 22 կէտ նշանակեց ի նպաստ Աթլանթայի:


