Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետ Ընծայարանի Անուանակոչութեան Տօնը

Նոյեմբեր 20, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՇԱՆ ՍՐԿ. ՀԱՆՆԷՇԵԱՆ

Շաբաթ, 8 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Զմմառու մայրավանքի Փոխման Ս. Կուսի մայր եկեղեցւոյ մէջ հայրապետական ս. պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Ռաֆայել Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց, առընթերակայութեամբ Կարապետ վրդ. Գլընճեանի եւ Վարդան վրդ Ճալլուֆեանի: Պատարագի ընթացքին երեք ժառանգաւորներ` Պօղոս Էմիշեան, Յակոբ Ժամկոչեան եւ Աբրահամ Իսահակեան, ստացան դպրութեան կարգը, իսկ Պօղոս Էմիշեան` կիսասարկաւագութեան:

Հոգեւոր տէրը իր քարոզին մէջ շեշտը դրաւ եղբայրասիրութեան վրայ եւ այդ ոգիով հաղորդութեան մօտենալու անհրաժեշտութեան:

Հոգեպարար արարողութենէ ետք ընծայարանի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ եղբայրական ագապ:

ժառանգաւորները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը:

Ընծայարանի քայլերգ «Օ՛ն, դու ակումբ»-ը եւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած «Բազմաչարչար» շարականը հնչեցուցին սաները` ղեկավարութեամբ Նշան սրկ. Հաննէշեանի: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Յակոբ Ժամկոչեան «Տիրոջ կամքով» ստեղծագործութիւնը` Աբրահամ Իսահակեանի կատարողութեամբ, ունկնդրուեցաւ:

Ապա ընծայարանի վերակացու Կարապետ վրդ. Գլընճեան իր սրտի խօսքը ուղղեց նորընծաներուն եւ ժառանգաւորներուն յորդորելով չբաւարարուիլ եւ չհպարտանալ իրենց արձանագրած յառաջընթացով, այլ, ընդհակառա՛կը, այս բոլորը նոր սկիզբ եւ նոր մեկնակէտ պէտք է ըլլան անոնց ապագայ ծրագիրներու իրագործման:

«Ս. Իգնատիոս Մալոյեան լաւագոյն օրինակը պետք է հանդիսանայ ձեզի, որովհետեւ ան մեծ նուիրումով քրիստոսասիրութեամբ, ազգասիրութեամբ, նոյնիսկ անձնազոհութեամբ դարձաւ միաբանութեան դափնին: Ան իր ամբողջ էութեամբ նուիրուեցաւ Զմմառեան սկզբունքներուն եւ գաղափարականին, որուն պտուղները այսօր իսկ կը քաղենք», ըսաւ ան: Հայր սուրբը խօսքի աւարտին ըսաւ. «Իբրեւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբաններ` համայն աշխարհի աչքերուն առաջ` 19 հոկտեմբերին մենք զմեզ խոյացած զգացինք»:

Ապա օրուան պատգամը յղեց Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Մաշտոց թ.ծ. վրդ. Զահթէրեան` ըսելով. «Այսօր դպրեվանքի տօնը առիթ մըն է, որ մեր բերկրանքն ու հրճուանքը արտայայտենք եւ ըսենք` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանները` պատմութեան ընտանիք բազում- բազմապիսի սխրանքներ գործած են, որոնք պսակուեցան Մալոյեանի սրբադասմամբ: Թող սուրբին պանծալի օրինակը ձեր գաղափարականը դառնայ, եւ դուք անոր ուղիով հունաւորէք ձեր ապագայ առաքելութիւնը»:

Մեծաւոր հայրը շնորհաւորեց հոգեւոր տիրոջ անուանակոչութիւնը` մաղթելով, որ անսասան մնայ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց հայրապետական գահը:

«Կը շնորհաւորեմ դպրեվանքի տօնը, որ մեզ տարին անգամ մը կը համախմբէ իր յարկին տակ` յիշեցնելով մեզի մեր ուսումնական տարիները եւ խրախուսելով այժմու նորընծաներն ու ժառանգաւորները` հաստատ մնալու իրենց կոչմանը մէջ: Կը շնորհաւորեմ բոլոր անոնք, որոնք կը կրեն Միքայէլ, Գաբրիել, Ռաֆայել, Քերովբէ եւ Սերովբէ հրեշտակներուն անունները: Թող ամէն տարի նմանօրինակ բարի եւ հաճելի անակնկալներով լի անուանակոչութիւններ նշենք` ի փառս Հայ եկեղեցւոյ եւ ի պանծացումն Զմմառու վանքին», ըսաւ Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեան: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Սօսէ Փիլաւճեանի խմբագրած «Կանչ Հրեշտակապետին» տարեգիրքի 45-ամեակի բացառիկ թիւին գինեձօնը: Հոգեւոր տիրոջ հայրապետական յորդորներով, թելադրութիւններով եւ աղօթքով լրումին հասաւ տօնակատարութիւնը:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Տոմսեր. Ուրախացէ՜ք, Նոր Հող Պիտի Նուիրենք…

RelatedPosts

Հանդիպումներ Սենտիքաներու  Նախագահներու Հետ
Գաղութային

Հանդիպումներ Սենտիքաներու Նախագահներու Հետ

Նոյեմբեր 20, 2025
Աւելի Քան 1100 Հանդիսատեսներու Ներկայութեամբ.  «Գայեանէ» Պարի Դպրոցի 200 Աշակերտներու Հաշուետու Ելոյթ
Գաղութային

Աւելի Քան 1100 Հանդիսատեսներու Ներկայութեամբ. «Գայեանէ» Պարի Դպրոցի 200 Աշակերտներու Հաշուետու Ելոյթ

Նոյեմբեր 19, 2025
Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ` Նահատակ  Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առիթով
Գաղութային

Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ` Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առիթով

Նոյեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?